Յարգանք Ու Պատիւ` Արժանաւորաց (Նազարեան Վարժարանի 50-ամեակ)
Մեր ժողովուրդը, իր ունեցած ազգային բազում բարեմասնութեանց ու սովորութեանց կողքին, ունի նաեւ յարգանքի ու մեծարանքի մասնաւոր առանձնաշնորհում մը, որով չի զլանար յայտնելու իր զգացած ազնիւ զգացումները այնպիսի մեծութիւններու նկատմամբ, որոնք իրենց բարեգործութեամբ, քաջագործութեամբ կամ եզակի ներդրումներով սատար կը հանդիսանան մեր ազգին, եկեղեցւոյ կամ հայրենիքին: Նմանօրինակ բացառիկ երեկոյի մը վկաները դարձանք, երբ ներկայ գտնուեցանք Լիբանանի սրտին վրայ բարձրացած եւ ուղիղ 50...
