Համբարձման Տօնակատարութիւն
Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տիկնանց վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը` յարգելու համար Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման օրը: Մայիս 15-ին կիներու եւ օրիորդներու հոծ բազմութիւն մը համախմբուած էին այս առիթով: Ատենապետին բացման խօսքէն ետք ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Յայտագիրը բաւական ճոխ էր. Համբարձման երգերով նուագախումբը բարձրացուց տրամադրութիւնները: Վիճակաձգութեամբ իւրաքանչիւրս ստացանք հաճելի նուէրներ: Յայտագիրին երկրորդ բաժինով կատարուեցան նուիրատուութիւններ` գոհացուցիչ հասոյթ մը...
