Գաղութային

8-Ամեայ Վանը Մկրտուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

              Սեպտեմբեր 8-ին Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով մկրտութիւն  տեղի ունեցաւ: Մկրտուողներէն մէկն էր Պոլիս ապրող եւ իր արմատներուն վերադառնալ ուզող ընտանիք մը` 3 անդամներէ բաղկացած, Հայաստանէն` Շմաւոնը եւ 8-ամեայ Վանը: «Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին 8-ամեայ Վանին հայրիկը` Ռուբէն Ղազարեանը նշած է, որ իր երազը եղած...

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10-ին, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք 3-րդ մեծ պատարագը մատուցուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ: Պատարագին մասնակցած են մեծ թիւով հայեր` աշխարհի տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին եղած են մօտաւորապէս 50 ուխտաւորներ` Հայաստանէն: Առանց թրքական դրօշներու եւ Աթաթուրքի նկարներու մատուցուած պատարագին մասնակցած են նաեւ Տիգրանակերտի քաղաքապետը, Տիգրանակերտի կեդրոնի (Սուր)  քաղաքապետը, Ատանայի մէջ Միացեալ...

ՀՄԸՄ-ի Այնճար Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում

                Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Սկաուտական խորհուրդի, մասնաճիւղի խմբապետի եւ խմբապետական կազմին եւ հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ տարեկան բանակումը, 12-18 օգոստոս 2013-ին, Այնճարի մէջ: Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Մուսա Լեռ» պարմանուհի փաղանգը, արի-արենուշ խումբերը, արծուիկ երամը, գայլիկ վոհմակը, ինչպէս նաեւ` մոկլի վոհմակը: Մասնակցողներուն ընդհանուր թիւն էր 178: Բանակումը նպատակ ունէր մասնակցողներուն մօտ զարգացնել...

Ս. Միքայէլ Դպրեվանքի Ամառնային Դասընթացքի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

Հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան, Ս. Միքայէլ դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանի ծրագիրի ծիրին մէջ այս տարուան ամրան ականատես եղանք Զմմառու տեսչութեան նախաձեռնութիւններէն մէկուն եւս: Անիկա կը միտէր ժառանգաւորներուն հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութեան` որպէս համայն հայութիւնը միաւորող գործօնի, իմացութեան բարձրացումին: Ան կազմակերպուած էր ամենայն բծախնդրութեամբ: Ուսուցումը կայացաւ բարձր մակարդակով` դասաւանդման արդիական եղանակով: Այս բոլորին զուգահեռ, շրջապտոյտները առաւել...

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ Խաղերուն Ախոյեան Պատուիրակութեան Գնահատանքի Ընթրիք

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 22 օգոստոս 2013-ին երեկոյեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ գնահատանքի ընթրիք մը` 27 յուլիս 2013-էն 3 օգոստոս 2013 Հայաստանի մէջ կայացած Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ խաղերու ընթացքին մրցաշարքի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութեան, որ կը բաղկանար 95 ՀՄԸՄ-ականներէ, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն: Ձեռնարկին բացումը կատարեց եւ Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի...

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը` Ինտոնեզիոյ Մէջ

                «Միտօզ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան հրաւէրով Համազգայինի «Քնար» պարախումբը 4 օգոստոսին մեկնեցաւ Ինտոնեզիա ներկայացնելու համար Լիբանանը, մայրաքաղաք Ճաքարթայի կից գտնուող «Անչոլ Փարք»-ին մէջ տեղի ունենալիք ֆըթրի տօնին առիթով կազմակերպուած փառատօնին: Տասը օրերու ընթացքին «Քնար» պարախումբը «Ֆանթասթիք Միտըլ Իսթ շօ»-ի անուան տակ ներկայացուց Լիբանանը եւ հրամցուց հայկական, վրացական, գնչուական եւ արաբական պարեր: Հիւրընկալող կողմին...

Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարան, Այնճար

              Ուրբաթ, 21 յունիս 2013, երեկոյեան տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Այնճարի Հայ  աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ, որովհետեւ 12-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներ կը պատրաստուէին ստանալու իրենց երկար սպասած վկայականները: Դպրոցի շրջափակին մէջ կար  400-ի հասնող հոծ բազմութիւն մը, եկեղեցական եւ միութենական եւ ազգային առաջնորդներու կողքին: Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով` առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէն վեր....

74-րդ Հունձքը Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանի. «Հուսկ Բանք»` Վեր. Տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան

Ամավերջի վկայականաց հանդէսները միայն առիթներ չեն շրջանաւարտները պատուելու եւ անոնց ծնողները ուրախացնելու, այլեւ, տեղ մը, նաեւ հաշուեյարդարը կատարելու այն տարիներուն, որոնք ուսումնական յաջորդական հանգրուանները կը հանդիսանան իրենց յաջողութիւններով եւ յառաջդիմութիւններով: ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի կրթական յանձնախումբի հովանաւորութեամբ, շաբաթ, 13 յուլիս 2013, երեկոյեան ժամը 7:00-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնը դարձած էր ժամադրավայրը Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի մեծ ընտանիքին, ուր համախմբուած էին միութենական պատասխանատուներ, տնօրէններ, կրթական...

Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանի Առաջին Ամառնային Ճամբարը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ

Միամսեայ եռալեզու ծրագիրով մը, հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը նախաձեռնեց հիմը դնելու ամառնային ճամբարի մը, որ ընտանեկան եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ ընդունեց վարժարանէն 7-12 տարեկան աշակերտներ, ինչպէս նաեւ` այլ վարժարաններէ եկած աշակերտներ: Վարժարանի ուսուցչուհիներէն Նորա Պասմաճեանի հսկողութեան տակ գործեցին բարձր կարգերու 5 աշակերտուհիներ, ինչպէս նաեւ` գծագրութեան ուսուցչուհի Զեփիւռ Քիւսպէքեան, պասքեթպոլի մարզիչ Վաչէ Պուլտուքեան եւ մարմնակրթանքի...

«Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրի 15-ամեակ. Հաճելի Քերմես Եւ Լիբանանահայ Երգիչներու Մասնակցութեամբ Երգահանդէս

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, 2 եւ 3 օգոստոս 2013-ին վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի 15-ամեակին առիթով քերմես, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրաւոր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ ծնողներ: Քերմեսին մասնակիցները խաղերու, երաժշտական ու կախարդական ներկայացումներու եւ բազմատեսակ աշխատանքներու ընդմէջէն անցուցին հաճելի, ուրախ ու անմոռանալի պահեր: Քերմեսին տեղի ունեցան նաեւ մանուկներու յատուկ ճաշերու պատրաստութիւն եւ պարային ցուցադրութիւններ:...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Սկաուտական Բանակումի Բացում

Երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2013-ին երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի տարեկան բանակումի պաշտօնական բացումը: Ներկայ էին մասնաճիւղի խմբապետական կազմը, արիները, արենուշները, երէցները, պարմանուհիները, սկաուտական խորհուրդը, վարչութիւնը եւ մատակարար խմբակը: Խումբերը` հետեւելով մասնաճիւղի շեփորախումբին համաչափ եւ ոգեւորիչ եղանակներուն, տողանցեցին մինչեւ դրօշակի կայմը: Պաշտօնական բացումը յայտարարուելէ ետք, «Ով հայ արի» քայլերգով դրօշակները բարձրացան, իրենց հետ բարձրացնելով 110-120 մատղաշ հոգիներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի «Միշտ...

«Դրախտի» Դարպասներին Մօտ Կամ Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Սահմանագծին

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Պատերազմի եւ խաղաղութեան սահմանն աւելի շօշափելի է դառնում, երբ գտնւում ես թշնամու դիտակէտերից ուղիղ գծով մօտ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տեղացիների կարծիքով` Հայաստանի երկրորդ վտանգ ներկայացնող գօտին կամ գիւղը Տաւուշի մարզի Մովսէս գիւղն է: Այն անմիջապէս գտնւում  է սահմանին: Դեռեւս ամիսներ առաջ կրակահերթ էր տեղի ունեցել գիւղի դպրոցի վրայ, բնակիչները կորցրել էին խաղաղ քունը, եւ...

ԼՕԽ. 26 Մասնաճիւղեր` Բեղուն Գործունէութիւն

              Տասնեակ տարիներ առաջ Լիբանանի դալար ափերուն վրայ հիմը կը դրուի կնոջական բարեսիրական միութեան մը` ԼՕԽ-ին, որուն նպատակն էր օգնութեան հասնիլ ինքզինք կազմակերպելու սկսած մեր տառապած զաւակներուն: ԼՕԽ-ը ստեղծուած է ժողովուրդին համար: Իր նպատակին ծառայելու համար կը գործէ ժողովրդային բոլոր խաւերուն հետ, ներկայութիւն է բոլոր թաղերուն մէջ. կը հասնի բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք պէտք...

ՀՕՄ . Խալքիտիքիի Օգտաշատ Բանակումը

Յուլիս 10-28 Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպած տարեկան ամառնային ճամբարը, որուն այս տարի կը մասնակցէին Յունաստանէն եւ Լիբանանէն հաւաքուած տղաք եւ աղջիկներ: Լաւ առիթ էր, որպէսզի պատանիները քով-քովի գան եւ ճանչնան սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութներէ եկած իրենց նման պարման-պարմանուհիներ: Ամէնօրեայ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ եւ խաղեր, հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ` գիշերային ընկերային կեանք: Պատանիները կ՛երգէին հայերէն...

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Գործունէութիւն

Պատմական 2001-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը հայուհիին կարողականութիւնը զօրացնելու եւ անոր գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ ձեռնարկեց    ճաշ եփելու արուեստը սորվեցնող դպրոցի մը կազմակերպումին: Այդ նպատակով դիմում կատարեց «Էմ. Ի. Սի. Սի.»-ին` ներկայացնելով իր ծրագիրը, որ որդեգրուեցաւ, եւ կառոյցը տրամադրեց յատուկ պիւտճէ մը: ԼՕԽ-ը կազմակերպեց նախնական խոհանոց մը, հրաւիրեց խոհանոցային արուեստին տիրապետող ականաւոր, կամաւոր հայուհիներ եւ սկսաւ իր դասընթացքին: Տարիներու ընթացքին...

ԼՕԽ. Շնորհակալական Նամակ

Պատուարժան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւն Սիրելի ընկերուհիներ, Ստորագրեալս` Նարեկ Ճեմճեմեան, այս նամակով կ՛ուզեմ շատ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի եւ յատկապէս ԼՕԽ-ին, որովհետեւ այս տարի զիս ուղարկեցիք Յունաստան մասնակցելու համար ՀՕՄ-ի Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ միաւորին կազմակերպած ճամբարին: 21 օրերը երազային եւ անմոռանալի օրեր եղան ինծի համար: Լսած էի, որ ԼՕԽ-ի անդամները մեծ աշխատանք կը տանին մեր ժողովուրդին համար, սակայն չէի երեւակայեր...

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ Լիբանանեան Ցուցահանդէսի

Ընդառաջելով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առաջարկին` ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը սիրայօժար մասնակցեցաւ «Մախզումի» հաստատութեան կազմակերպած տարեկան մեծ ցուցահանդէսին` «Ռամատանիյէթ Պէյրութիա» անուան տակ: Ռամատանի տօնին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 29, 30, 31 յուլիս եւ 1 օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-12:00, «Պիէլ»-ի մեծ ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Սալմա Սլէյմանի: Սոյն ցուցահանդէսին մասնակցողներուն եւ այցելուներուն թիւը բաւականին մեծ եղաւ: Ձեռարուեստի յանձնախումբը իրեն...

ԼՕԽ. «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը

                ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն սկսած է իր ամառնային շրջանին, որ պիտի երկարի մինչեւ սեպտեմբեր 13: Երկուշաբթի, 1 յուլիս 2013-ին, վերանորոգուած գրադարանը, գոյնզգոյն սենեակներով, ներդաշնակ աթոռ-սեղաններով, նոր խաղալիքներով եւ համակարգիչներով, իր դռները բացաւ 45-50 փոքրիկներու` 4-13 տարեկան: Գրադարանին նպատակն է փրկել հայ մանուկները փողոցի մթնոլորտէն,...

ԼՕԽ. «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Պտոյտը

Հինգշաբթի, 18 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին անդամները եւ համակիրներ ուղղուեցան Քաֆար Տուպիան գիւղը, որ կը գտնուի Քեսրուանի բարձունքներուն` Պէյրութէն 44 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ կը նկատուի զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մէկը: Առաջին առիթով պտոյտին մասնակիցները այցելեցին Ժայիթայի «Սուրբ Էլի» վանքը, որուն մատրան մէջ աղօթքով ու մոմավառուութեամբ ապրեցան խորհրդածութեան պահեր, ապա նախաճաշի եւ սուրճի հանգիստը առին «Ֆաքրա» բերդին...

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականներու Բաշխում

            Կիրակի, 14 յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցաւ քոլեճին ամավերջի հանդէսը, որուն աւարտին երկրորդականի ու նախակրթարանի աշակերտները ստացան վկայական: Հանդիսութեան ներկայ էին քահանայ հայրեր, գիւղի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, Ուսումնական խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, մշակութային, բարեսիրական, մարզական գաղութային...

Page 86 of 114 1 … 85 86 87 … 114

Արխիւներ