ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուան հաւաքոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան գրադարան յաճախող եւ անոր բարեկամ փոքրիկներ: Գրադարանի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը նախ կը յատկանշուէր անով, որ ներկայ փոքրիկները ԼՕԽ-ի հիւրերն էին, եւ երկրորդ` ձեռնարկին կ՛օժանդակէր «Ժպիտ» միութիւնը: Շրջանային վարչութեան...















