ՀՄԸՄ-ի Ծառայութեան Շքանշանի Տուչութիւն Ճիւնիի Ակումբին Մէջ
Շաբաթ 9 Յունիս 2012-ին ՀՄԸՄ Ճիւնիի «Ժան Ապաճեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանշան եւ գնահատական գիր ստացան ՀՄԸՄ-ականներ ` Սալիմ Չամիչեան եւ Զարեհ Պալեան: Վերոյիշեալ եղբայրները երկրէն դուրս գտնուելու պատճառով ներկայ չէին կրցած ըլլալ 21 յունուար 2012-ին տեղի ունեցած նախորդ պարգեւատրման հանդիսութեան: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան , Հ.Յ.Դ. «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի,...
