Գաղութային

Ամառնային Ողջունելի Մարզական Ծրագիր. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ

Ամառնային այս տաք օրերուն հաճելի հանդիպումներ եւ աշխատանք ունեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաճիւղի գործունէութեան հետեւող ՀՄԸՄականները: Անոնք ունեցան մարզական օգտաշատ ձեռնարկներ` մանկապատանեկան խաղերու վերաբերեալ: 5-12 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ հետեւեցան այս մարզաձեւերուն, քաջալերանքովը ծնողներու: Ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ լողի դասեր տրուեցան` առաջնորդութեամբ երիտասարդ ուսուցանողներու: Յուլիս-օգոստոս ամիսներ ձանձրոյթէ հեռու պահեցին Անթիլիասի եւ շրջակայքի մանուկներն ու պատանիները, որոնք օգտուեցան այս փորձարկումէն: Շատեր...

Շտապ Օգնութեան Դասընթացք

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ միաւորական կազմին` կիրակի, 5 օգոստոս 2012-ին, տեղի ունեցաւ շտապ օգնութեան միօրեայ դասընթացք մը` մասնաճիւղի խմբապետական կազմի, Ա. եւ Բ. կարգերու դասընթացքներուն հետեւած անդամներուն մասնակցութեամբ: Լեռնալիբանանի զինուորական բժշկութեան բաժանմունքի պատասխանատուներէն Նաուալ Սըայպի եւ հինգ հիւանդապահ զինուորականներ ներկայացուցին զանազան արկածներու եւ դէպքերու յատուկ շտապ օգնութեան ձեւեր, ինչպէս այրուածքի, վէրքերու, կոտրուածքներու, արիւնահոսութեան, խեղդուելու, սրտի տագնապի...

«Հայբիզնեսբանկ»-ի Գործադիր Խորհուրդին Փոխտնօրէնը «Ազդակ» Այցելեց

Վերջերս «Ազդակ» այցելեց «Հայբիզնեսբանկ» դրամատան գործադիր խորհուրդի փոխտնօրէն Լեւոն Միրզոյեանը, որ Լիբանան կը գտնուէր աշխատանքային այցելութեամբ` Հայաստանի եւ Լիբանանի դրամատնային բնագաւառին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները սերտելու եւ ծրագիրներ մշակելու նպատակով: Լեւոն Միրզոյեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ գտնուող լիբանանահայութեան մեծ թիւը, ազդեցիկ ներուժն ու լիբանանեան մակարդակի վրայ անոր ունեցած տեղն ու դերակատարութիւնը, 1991 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ գործող, միջազգային...

ԼՕԽ-ի Յատուկ Խաչբառ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը՝ նպատակ ունենալով ԼՕԽ-ն ու անոր գործունէութիւնը ծանօթացնել բոլորին,  նախաձեռնեց խաչբառի մրցանքի մը`  հայկական վարժարաններու 10-րդ դասարանի աշակերտներուն յատուկ: Խաչբառի պատրաստութիւնը, որուն առանցքը ԼՕԽ-ն էր, սիրայօժար կերպով ստանձնեց Տիրան Աղազարեան: Խաչբառի մրցանքին մասնակցեցան 143 աշակերտներ, որոնցմէ 2-ը նուազագոյն սխալներով ամբողջացուցին խաչբառը: Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն Մեղեդի Քիւսպեքեան եւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն Անի...

Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարան. Շրջանաւարտից Հանդէսներ

Ուրբաթ, 8 յունիս 2012-ի երեկոյեան Նոր Մարաշի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ  «Կ. Հասեսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի շրջանաւարտից հանդէսը, ուր քսաներկու ծաղիկներ ստացան իրենց առաջին վկայականները: Փոքրիկները իրենց երգերով ու պարերով ներկաներուն հրամցուցին մեզի վստահուած այս մոլորակին հոգ տանելու ձեւերը ու հրամայականը: Յայտագիրին մասնակցեցաւ գաղութի երգիչներէն Կարօ Կապուտակեան, որուն «Սփիւռքահայեր» երգը հրամցուցին ծաղիկ դասարանի տղաքը:...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Զ. Կարգի Վկայականաց Բաշխման Հանդէս

Յունիս 24-ին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի նախակրթարանի հանդէսը: Վարագոյրը կը բացուի ու բեմի խորքէն հայկական բնութեան բնորոշ պղնձագոյն ժայռերն ու հայոց գողտրիկ վանք մը կը միանան սրահին: Հնչող երաժշտութեան հետ աջ ու ձախ քուլիսներէն  կարծէք սահելով բեմ կը մտնեն օրուան հերոսները ու այնքան թեթեւ, աշխուժ եւ թատերային ոճով կը ներկայացնեն արաբական «Ուրախ լուացք» պարը: Պարէն անմիջապէս ետք դաշնամուրի...

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլէճի Շրջանաւարտները Իրենց Վկայականներով Ուխտակիր Եղան «Անլռելի Զանգակատուն» Մնալու

Շաբաթ, 30 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի ու երկրորդականի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն նիւթը, իր գեղարուեստական այլազան բաժիններով, վարժարանի բոլոր դասարաններուն մասնակցութեամբ խօսուն էր ու տպաւորիչ: Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գեղարուեստական ներկայացումը սկսաւ, երբ բեմ բարձրացան Ս. Մեսրոպ, Սահակ կաթողիկոս ու...

Հայկազեան Համալսարանի 2012 Տարուան Աւարտական Հանդէս

Ուսումնական ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, ուրբաթ, 29 յունիս 2012-ին, 144 ուսանողներ (125 ընթացաւարտներ եւ 19 շրջանաւարտներ) հպարտութեամբ իրենց վկայականները ստացան` ձեռամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի, ջերմ ծափահարութիւններու տարափին եւ բարձր տրամադրութիւններով յագեցած մթնոլորտին մէջ: Շրջանաւարտներու եւ դասախօսական կազմի պաշտօնական մուտքէն ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, ապա հոգաբարձութեան անդամ Ճան Սաղըրեան աղօթքով բացումը կատարեց 52-րդ աւարտական հանդէսին: «Ձեր ուսերուն...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Երկրորդական Բաժիններու 90-ամեակի Հունձքը

Ուրբաթ, 6 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Պէյթ էլ թապիպ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժիններու շրջանաւարտից հանդիսութիւնը: Հանդիսութիւնը սկսաւ ուսուցիչներու եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով, որուն յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը:  Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Վարդուհի Պալըգճեանի Աստուածաշունչի ընթերցումէն եւ աղօթքէն ետք վարժարանին երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ դաշնակի...

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» Պարախումբը Երեւան Մեկնեցաւ` Մասնակցելու «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին

Երկուշաբթի, 23 յուլիս 2012-ին, Լիբանանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը 50 պարողներէ եւ 7 պատասխանատուներէ կազմուած խումբով մը եօթնօրեայ մեկնեցաւ Երեւան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Առաջին անգամ էր, որ պարախումբը այս տարողութեամբ կը մեկնի հայրենիք եւ կը մասնակցի Հայաստանի մէջ կայացող համահայկական փառատօնի մը: «Արին»-ի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 27 յուլիսին` ժամը...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 25-րդ Հունձքը

Երկուշաբթի, 9 յուլիս 2012-ի երեկոյեան, քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ  Եղիշէ Մանուկեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, Շրջանաւարտից միութեան, աւարտական դասարանի  ծնողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու: Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով բեմին կեդրոնը գրաւած էր հայկական մանրանկարչութեան մեծադիր էջ մը, իսկ երկու կողմերը մագաղաթներ`...

Արարատէն Քիլիմանճարօ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Ութ հայորդիներ, մէկ խումբ: Խումբ, որ անցնող տարիներու Արարատի բարձունքի փորձառութեան վրայ կ՛ուզէ այսօր աւելցնել Ափրիկէի տանիքը սեպուող այս գագաթն ալ: Խումբին մէջ են անհատներ, որոնք Արարատի գագաթէն ետք, տարիներէ ի վեր կ՛երազեն այս մէկը: Խումբին անդամներն են` Գնէլ Անանեան, Արա Թէքեան, Նարինէ Կիլներ, Արթուր Մելքոնեան, Աշոտ Յովհաննէսեան, Սոնա Արմէնեան, Սարօ Արմէնեան, Յարութիւն Արմէնեան: Պատրաստութիւնը ամիսներու վրայ կ՛երկարի:...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի 90-ամեակի Հունձքը

Ոգեւորութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ եւ նոր յոյսերով ներշնչուած ծնողներ ու հարազատներ անձկանօք կը սպասէին Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի շրջանաւարտից հանդիսութեան բացումին: Շաբաթ, 9 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տօնական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը, որ սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Սրտապնդիչ երեւոյթ էր լսել հայերէնով եւ արաբերէնով ողջոյնի խօսքեր երկու շրջանաւարտներէ,...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2012-ին, այցելեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն: Երեսփոխանը ջերմօրէն ընդունուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին կողմէ, որ ողջունելով  մեծայարգոյ հիւրը` կարեւոր նկատեց հայ համայնքի ղեկավարներուն կողմէ տրուած նման պարբերական այցելութիւնները, որոնք գաղութին մէջ իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան մարդասիրական եւ հայակերտման գործին մէջ: Ան մեծ հաճոյքով յիշեց տարի մը առաջ երեսփոխան Բագրատունիի...

ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէս

Ուրբաթ, յունիս 22-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսն էր: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸ միութեան քայլերգները յոտնկայս լսելէ ետք, հանդիսատեսը հետեւեցաւ Նազարեան վարժարանի հայոց լեզուի երկարամեայ ուսուցչուհի Յասմիկ Տեմիրճեանի հանդիսութիւնը բացող խօսքին: Ան օրուան շրջանաւարտներուն փաղանգը Շուշիի քսանամեակի շրջանաւարտներ անուանեց` յոյս յայտնելով, որ անոնք ուսման այս շրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք եւ ՀԲԸ միութեան ջամբած հայեցի դաստիարակութեան...

Երաժշտական Բացառիկ Երեկոյ Մը

Գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը երեք երաժիշտներ` Լոռի Այնթապլեան` դաշնակահար, Էլէոնոր Շուլց (գերմանուհի)` ջութակահար եւ Շուշան Արթինեան` թաւջութակահար, հանրութեան հրամցուցին հոգեպարար երաժշտական բացառիկ երեկոյ մը, հինգշաբթի, 14 յունիս 2012-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ: Պատուելի Հրայր Չոլագեան բացման խօսքով եւ աղօթքով եռեակը հրաւիրեց բեմ: Յայտագիրը կը ներկայացնէր առաջին հերթին Հենտըլի «Վայոլին սոնաթա ուիթ պասսօ քոնթինիյօ, երկ 1, թիւ 14»`...

Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանին Ամավերջի Հանդէսը

Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Հազմիէ, 23 յունիս 2012-ին, դպրոցին սրահին մէջ, նախագահութեամբ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի` Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոսին: Հանդէսը սկսաւ յոտնկայս ունկնդրութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի ու Մխիթարեանի քայլերգներուն, զորս հնչեցուց վարժարանին երգչախումբը: Դպրոցին տնօրէն-վարդապետը` Յովսէփ ծ. վրդ. Թոփալեան կարդաց ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքը` նախ շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան ու ծնողներուն, որոնք միասնական եւ...

Հմըմ Անթիլիասի Ա. Միաւորի Երկօրեայ Բանակում

Շաբաթ 14 եւ կիրակի 15 յուլիս 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Ա. միաւորի բոլոր խումբերը միասնաբար մասնակցեցան երկօրեայ բանակումի մը, որ տեղի ունեցաւ Տուարի «Շերվուտ» բանակավայրին մէջ: Իրենց խմբապետներուն առաջնորդութեամբ պզտիկ գայլիկները, մեծ գայլիկները, արիներն ու երէցները բանակավայր ժամանեցին շաբաթ կէսօրէ ետք եւ անմիջապէս լարեցին իրենց վրանները եւ պատրաստեցին դրօշակի ձողը: Հերթաբար, տարազաւորները հետեւեցան տեսական եւ գործնական դասախօսութիւններու, որոնց նպատակներն էին...

Հայկազեան Համալսարանի Շահեկան Դասախօսութիւնը. «Յուշամատեան» Կայքէջը. Արեւմտահայաստանի Առօրեան Համացանցով Վերականգնելու Նպատակամէտ Ճիգը

Հինգշաբթի, 5 յուլիս 2012-ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը ունեցաւ իր առաջին հրապարակային դասախօսութիւնը` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանին, արեւմտահայաստանով հետաքրքրուողներու, կայքէջին դերը գնահատողներու եւ բարեկամներու: Ձեռնարկը նուիրուած էր 2011 մարտ-ապրիլէն սկսեալ աշխուժօրէն բանող «Յուշամատեան» կայքէջին: Ձեռնարկին բացման խօսքին մէջ կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Անդրանիկ Տագէսեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` նշեց, որ անցնող հարիւրամեակին Արեւմտահայաստանը իբրեւ երեւոյթ...

Page 101 of 114 1 … 100 101 102 … 114

Արխիւներ