. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած են Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն նկատմամբ: Անոնք բանակցութիւններու 8-րդ փուլի թուականի ճշդման յետաձգումը բացատրած են փորձնական շրջաններուն ցանկալի արդիւնքներ չտալուն ու երեք կողմերու` Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փորձնական շրջաններու պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ստուգման համար պատասխանատու վերջնական մարմինի, ատոր դերի եւ գործառնական մեքանիզմի ծիրին շուրջ համաձայնութեան բացակայութեամբ:
Բայց եւ այնպէս, նոյն աղբիւրները ընդգծած են, որ այս անհամաձայնութիւնները պիտի չկանգնեցնեն հոլովոյթը, եւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, իսկ յաջորդ փուլը պիտի հրաւիրուի անհրաժեշտ պայմանաւորուածութիւններու վերջնական հաստատումէն եւ թուականի ճշդումէն ետք:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Չենք նախատեսեր, որ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու 8-րդ փուլին տեղի ունենալուն պարագային անիկա հիմնական թղթածրարներուն, մասնաւորաբար իսրայէլեան հեռացման եւ փորձնական նոր շրջաններու անցնելու վերաբերեալ գործնական բեկում մը յառաջացնէ: Բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ հաղորդակցութեան կապը պահպանելու համար»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բնորդային շրջանները մինչեւ հիմա ձախող փորձեր են, եւ կը զգուշացնենք, որ Իսրայէլ կրնայ այս գնահատումը օգտագործել` իր զինուորական գործողութիւններու մագլցումը արդարացնելու, ուստի եւ յառաջիկայ որեւէ մագլցումի ամերիկեան կանաչ լոյս ստանալու համար»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Սեպտեմբեր ամիսը Միացեալ Նահանգներու հետ նախագահ Աունի յարաբերութեան իսկական քննութեան ամիս է: Ուաշինկթըն Պէյրութին շատ կարեւոր բան մը, քաղաքական աջակցութիւն ու լիբանանեան բանակին դերակատարութիւն տուաւ, եւ այժմ անոր դիմաց կ՛ուզէ բան մը` շօշափելի արդիւնք մը»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լուսարձակներէ հեռու աշխատանք կը տարուի Ալի Թահեր բլուրի վերաբերեալ մէկ կողմէ ամերիկացիներուն եւ իսրայէլացիներուն եւ միւս կողմէ իրանցիներուն եւ Հըզպալլայի միջեւ կարգաւորման մը շուրջ, որ կը նախատեսէ կուսակցութեան մարտիկներու եւ Յեղափոխական պահակագունդի անկէ հեռացումն ու լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներու այնտեղ մուտքը:
«Ուաշինկթըն Թեհրանին տեղեկացուց, թէ Իսրայէլ որոշում տուած է վնասազերծելու բլուրն ու անոր մէջ եղած ամէն բան, եւ այդ առնչութեամբ ետդարձ չկայ: Հետեւաբար, այս կարգաւորումը ձեռք բերուած է վերջին ժամերուն եւ, ինչպէս կը սպասուի, պիտի յստականայ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին: Եթէ Հըզպալլան ու իրանցիները մերժեն այս կարգաւորումը, Իսրայէլ իր պատերազմին մէջ մագլցումի պիտի դիմէ, որովհետեւ Իսրայէլի կողմէ բլուրի ոչնչացման որոշումը արդէն տրուած է»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պետութեան մօտ գոյութիւն ունի այն մեծ մտավախութիւնը, որ հարաւային Լիբանանի, մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի տեղակայման շրջանը մուտք գործէ քաոսի նման վտանգաւոր դատարկութեան մը մէջ, եթէ համապատասխան այլընտրանքի ապահովումէն առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը աւարտին եւ անոր ուժերը Հարաւէն հեռանան»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլային եւ անոր ետին կանգնող Իրանի հարցը այն է, որ Լիբանանը ինքն իր անունով բանակցելու որոշում տուաւ ու մերժեց, որ ոեւէ մէկը իր փոխարէն բանակցի»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 67000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.538.000 լ.ո.-ի եւ 2.556.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 34000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.433.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 7000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.168.000 լ.ո.-ի:


