Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երէկ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կը շարունակէ մնալ 82-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 635 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին ամուր կառչած կը մնայ սերպ Նովաք Տիոքովիչ (12,920 կէտ), մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա, 10,265) եւ Էնտի Միւրէյ (Անգլիա, 8000):


