
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց Չելսի, որ 8-0 արդիւնքով ջախջախեց Ասթոն Վիլան: Ֆեռնանտօ Թորես բացաւ մրցումին հաշիւը (3-րդ), մինչ Ռամիրես նշանակեց երկու կոլ (75-րդ եւ 90-րդ):
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սուանզիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Անիկա իր կոլը նշանակեց շնորհիւ Փաթրիս Էվրայի (16-րդ):
Անոր արձանագրած այս հաւասարութենէն մեծագոյն օգտուողը հանդիսացաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի, որ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռիտինկի` շնորհիւ Կերըթ Պերիի նշանակած կոլին (93-րդ), կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց չորսի: Եունայթըտ այժմ ունի 43 կէտ, իսկ Սիթի` 39: Չելսի ունի 32 կէտ:
Լիվըրփուլ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆուլհեմի, իսկ Արսենալ` Ուիկընի (1-0):

Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ ունեցաւ 49 կէտ` 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ռէալ Վայատոլիտի դաշտէն: Ցարդ անպարտելի Պարսելոնա ունի 49 կէտ, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ (2-րդ)` 40 կէտ:
Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Զաւի (43-րդ), Լիոնել Մեսսի (59-րդ) եւ Թելլօ (94-րդ):
Մինչ Պարսելոնա յաղթեց, անդին Ռէալ Մատրիտ (3-րդ), որ ունի 33 կէտ, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մալակայէն: Վերջինիս մարզիկներէն Ռոքէ Սանթա Քրուզ նշանակեց երկու կոլ (73-րդ եւ 76-րդ):
Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս իր կարգին ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ ունեցաւ 44 կէտ` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քալիարիի: Եուվենթուս իր հաւասարութեան կոլը 75-րդ վայրկեանին նշանակելէ ետք մնացեալ երկուքը նշանակեց… 92-րդ եւ 95-րդ վայրկեաններուն:

Օգտուելով Ճենովայի հետ Ինթեր Միլանի արձանագրած հաւասարութենէն, Լացիօ Ռոմա 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սամտորիայի բարձրացաւ 2-րդ դիրք:
Ինթերի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Էսթեպան Քամպիասսօ (85-րդ):
Ա. Էս. Ռոմա կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Սէ. Միլանը:
Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի ախոյեանութեան, Փարիզ Սեն Ժերմեն մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պրեսթի դաշտէն: Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց մայրաքաղաքի կազմին առաջին կոլը:
Իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց Լիոն` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նիսը:


