Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՇԱՏԵՐ Կ՛ԱՊՐԻՆ` ՈՉԻՆՉ ՏԱԼՈՎ ՈՒՐԻՇԻՆ ԵՒ ՈՉԻՆՉ ԱԿՆԿԱԼԵԼՈՎ ՈՒՐԻՇԷՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԿԱՐԵԼԻ՞ ՉԷ ՍՈՐՎԻԼ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ ԱՅԼՈՑ ՆԿԱՏՄԱՄԲ, ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՆԻՒԹԵՂԷՆ ԱՇԽԱՐՀԱՀԱՅԵԱՑՔԷՆ ԵՒ ԶԱՐԿ ՏԱԼ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ՓԱԹԸՐՍԸՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՅՆ ԿԱՐԾԻՔԸ, ԹԷ ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԻ ՃԻՇԴ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽԵԼ ՄԵՐ ԱՊՐԱԾ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Բոլորը ժպտացին: Դրան առջեւ զիս դիմաւորող կինը ժպտեցաւ, նոյնպէս` այն կինը, որ ինծի ըսաւ, թէ ո՛ւր պէտք էր արձանագրէի անունս, նաեւ` այն կինը, որ կուրծքիս կախելու նշան մը տուաւ ինծի: Թերեւս այս կիները միշտ կը ժպտին կամ թերեւս մտածեցին, թէ պէ՛տք էր ժպտէին: Թերեւս մտածեցին, որ եթէ կը ղեկավարէին «ընկերութեան մէջ կարեկցանքի եւ գութի» վերաբերող համագումար մը, որուն թիրախն էին «կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային հոգածութեան մարզերուն մէջ աշխատող արհեստավարժները», ապա նուազագոյն բանը, որ կրնային ընել, կրնային գէթ ժպտիլ:
Թերեւս պիտի մտածէք, թէ «կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային հոգածութեան մարզերուն մէջ աշխատող արհեստավարժները» կարիքը չունին սորվելու կարեկցանքի մասին: Կրնաք մտածել, թէ ինքնին կարեկցանքի զգացումը զիրենք մղած է իրենց ասպարէզին: Եթէ այսպէս կը մտածէք, կը նշանակէ, թէ կ՛ապրիք աշխարհի մը մէջ, ուր երբեք հիւանդանոցի մը, հոգածութեան կեդրոնի մը կամ դպրոցի մը մէջ չէք գտնուած: Ոմանք կարեկցանքի զգացումէն մղուած` կ՛ընտրեն հիւանդապահութեան, ուսուցչութեան կամ ընկերային հոգածութեան ասպարէզները: Սակայն կարեկցանքի զգացումը պահելը դիւրին չէ: Կարեկցանքի զգացումը կրնայ խամրիլ, ինչպէս կրնան հաստատել մեզմէ անոնք, որոնք անոր բացակայութեան փորձառութիւնը ապրած են հիւանդանոցներու, վիրաբուժարաններու եւ ազգականներու հոգածութեան կեդրոններու մէջ:
«Ջերմեռանդ հաւատացեալ ըլլալու կարիքը չկայ այլոց նկատմամբ կարեկցանքի զգացում մը զարգացնելու համար,- կ՛ըսէր Եուսթընի Բարեկամներու տան խռնուած սրահին բեմին վրայ կանգնած մարդը:- Մարդկային արժէքներու նկատմամբ աշխարհիկ մօտեցումի մը կարիքը ունինք: Կը հաւատամ, թէ կարելի է սկսիլ` նախ ընդունելով, թէ ոեւէ մէկը, որուն կը հանդիպինք, մեզի պէս մարդ արարած մըն է»: Մարդուն անունն էր Տէյվիտ Ռանտ, կու գար Թենցին Կիացօ անունով հիմնարկէ մը եւ կը կարդար Տալայ Լամայի կողմէ ուղարկուած զօրակցութեան պատգամ մը: Համագումարին մասնակցողներէն ոմանք մէջբերումներ կատարեցին Տալայ Լամայէն: Ոմանք հաւատացեալ պուտտայական էին, շատերը` յայտնապէս ոչ հաւատացեալ: Արդէն արցունք մը սրբած էի մէկ օր առաջ Ռոյըլ Ֆեսթիվըլ Հոլի մէջ երիտասարդական համագումարի մը ընթացքին: «Խիստ կարեւոր է բանալ մեր աչքերը», ըսած էր երիտասարդ լոնտոնցի մը` հսկայական պաստառի մը վրայ յայտնուելով եւ այնպէս ժպտելով, որ պիտի ուզէիր դուն ալ ժպտիլ: «Քիչ առաջ մօրս ուղարկեցի երկտող մը, որուն մէջ կ՛ըսէի, թէ որքա՛ն շատ կը սիրէի զինք», ըսած էր կապուտաչեայ աղջիկ մը: «Երէկ ներկայ եղայ երիտասարդական համագումարին,- կ՛ըսէր ժապաւէնը պատրաստած երիտասարդը` Ռոճըր Կրաֆ,- եւ շատ յուզուեցայ»: Ան կը բացատրէր, թէ ժապաւէն մը պատրաստած էր տարեց անձերու լքուածութեան մասին: Ժապաւէնը կը կոչուէր «Հո՞ւ քերզ» (որո՞ւ հոգը): Այլ ժապաւէն մը պատրաստած էր «Տը թրութ ըպաութ ապորշըն» (ճշմարտութիւնը` որդեգրութեան մասին) վերնագիրով, նաեւ ժապաւէն մը` «Քիտծ ին քեր» (մանուկներ` հոգածութեան կեդրոններու մէջ) վերնագիրով: Ան ըսաւ, թէ որդեգրութեան վերաբերող ժապաւէնին ցուցադրութեան գիշերը այնքան մեծ թիւով անձեր այցելած էին որդեգրութեան ընկերութիւններու համացանցի կայքերը, որ անոնք բոլորն ալ փուլ եկած էին:
«Կարեկցանքի կարիքը ունինք,- կ՛ըսէր հոգեբուժութեան դասախօս Փոլ Կիլպըրթ` հաստատելով ակներեւ պատճառը,- որովհետեւ կեանքը դժուար է»: Ան կը բացատրէր, թէ մեր ուղեղը «կը գործէ ամէն տեսակ շարժառիթներով, որոնք մեզի հասած են մարդկային եղափոխութեան ժամանակներէն»: Մարդոց, անասուններու, եւ չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառով սաղաւարտ մը կրող մուկի մը նկարները լուսարձակելով` ան ներկայացուց եղափոխական հոգեբանութեան կարգ մը սկզբունքները, որոնք ձեւաւորած էին իր մտածումները: Մենք նախապաշարումներ զարգացուցած ենք, կ՛ըսէր ան: Մենք ցեղախմբային հոգեբանութիւն ունինք, սակայն ասիկա մեր յանցանքը չէ: Ան բացատրեց, որ իր ուղեղին յառաջամասին մէջ ծիները «շատ տարբեր» պիտի ըլլային, եթէ ինք վայրագ աւազակախումբի մը կողմէ առեւանգուած անձ մը ըլլար:
Փոլ անունով այլ անձ մը յայտնուեցաւ բեմին վրայ: Այս Փոլը, որ նոյնպէս հոգեբուժ էր, ռահվիրայի դեր կատարած էր` վերջին 40 տարիներուն ուսումնասիրելով զգացումները: Ան կը խօսէր Քալիֆորնիայէն` տեսերիզի մը միջոցով, ապա` Սքայփով: «Հաւանաբար շատ աւելի տառապանքի ականատես կը դառնանք մէկ շաբթուան ընթացքին, բաղդատած` ամբողջ կեանքի մը ընթացքին մեր նախահայրերուն տեսած տառապանքին,- կ՛ըսէր Փոլի Էքման:- Ի՞նչ կը պատահի մեր ուղեղին, երբ այս է պատկերը»:
Օլկա Քլիմեչքի անունով սիրուն մանկամարդ կին մը փորձեց մեզի տալ կարգ մը պատասխաններ: Ան նոր ամբողջացուցած էր աւարտաճառ մը` «Դաստիարակելով բարեգութ եւ կարեկցող ուղեղը» նիւթին մասին: Իր խօսքին սկիզբը ան ըսաւ, թէ գոյութիւն չունին «երկար ժամանակի վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ»: Ուղեղը «շատ տարբեր ձեւով կը լարուի գթալու վիճակի մէջ, բաղդատած` «չգթալու վիճակին» կամ` ցաւ զգալու, բացատրեց ան, պաստառի մը վրայ ուղեղի նկարներ լուսարձակելով:
Յաջորդ զեկուցաբերը` Փեթրիք Կաֆնի ըսաւ. «Երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսի մը առիթով ուսուցիչ մը ցնցում պատճառեց իր աշակերտներուն, երբ անոնց ըսաւ. դուք իւրայատուկ չէք: Նոյնիսկ եթէ միլիոնի մէջ մէկ էք, ձեզի նման 7000 այլ անձեր գոյութիւն ունին: Կը թուի, թէ ստեղծած ենք աշխարհ մը, ուր հետզհետէ շատ աւելի կը մտածենք մենք մեր մասին»: Իսկ կարեկցանքի զգացումը մշակելու համար «պէտք է ունենանք մեր շարժումները կեդրոնացնելու որոշ կարողութիւն: Սակայն յայտնապէս մեր ուղեղը 47 առ հարիւր համեմատութեամբ կը շեղի գործադրելէ այն, ինչ որ կը սպասուի մեզմէ»:
Անկեղծօրէն` իմ ուղեղս արդէն շեղած էր: Հետաքրքրուած էի բարեսիրութեան եւ ազնուութեան գործեր կատարելով, սակայն նաեւ ժամանակ չունէի: Ճաշելու ժամանակ չունէի: Օգնութիւնը կ՛ուշանար: Մինչ կին մը տաւիղ կը նուագէր, անձնակազմի ժպտադէմ անդամներ թէյ կը լեցնէին գաւաթներու մէջ եւ կը սպասարկէին կարկանդակի մեծ շերտեր: Այս մարդիկը գիտե՛ն, թէ ինչպէս ազնիւ պիտի վարուին հետս, կը մտածէի:
Դադարէն ետք Եոթամ Հայնեպըրկ խօսեցաւ աւազակախումբերու հետ իր փորձառութեան մասին: Ան Թել Աւիւի համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Ռոնի Պըրկըրի հետ մշակած է ծրագիր մը երիտասարդներու համար, որոնք կը դիմագրաւեն բրտութեան վտանգը կամ կը տառապին հոգեբանական ցնցումներու յաջորդած լարուածութենէն: Անոնք հաստատած են «Լարուածութիւնը փարատող ծրագիր» մը, որ օգնութեան հասած է աւելի քան 50 հազար մանուկներու, որոնք կրած են բնութեան աղէտներու, ահաբեկչական արարքներու կամ պատերազմի հարուածը: «Մանուկները կը թակարդուին բրտութեան ոլորապտոյտին մէջ,- կ՛ըսէր ան:- Անոնց ուղեղը կը ծրագրուի այնպէս, որ կը սկսի մտածել ատելավառ սպառնալիքներ ուղղելով»: Հայնեպըրկ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իրենց աշխատանքը կրնայ վերջ մը դնել բրտութեան ոլորապտոյտին:
Առողջապահական եւ հոգեբանական խնամք մատուցող կեդրոնի մը նախկին տնօրէնը` Քրիսթին Լոնկէյքըր իր կարգին կատարած է ռահվիրայի աշխատանք մը: «Ամուսինիս մահէն ետք ծանօթ բժիշկի մը դժգոհութիւն յայտնեցի մեր կրած յաւելեալ տառապանքին մասին: Բժիշկը բացատրեց, թէ` «մենք անտեղեակ ենք մեր ուղեղին ստացած դաստիարակութեան: Անոր ապամարդկայնացնող ներգործութիւնը կը յաղթահարեն անոնք, որոնք կարողութիւնը ունին անջատուելու իրենց վիճակէն»: Այժմ Լոնկէյքըր հաստատած է 5 ամսուան վրայ երկարող դասընթացք մը` «կեանքի վերջաւորութեան խորհրդածական հոգածութեան» վերաբերեալ: «Բժիշկին ցուցաբերած կարեկցանքի մակարդակը կ՛առնչուի հիւանդներու աւելի յաջող ապաքինումին եւ բժշկագիտական նուազ սխալներու հետ», կը բացատրէ ան:
«Եթէ կ՛ուզէք շրջել ապագան, պէտք է դպրոց երթաք», կ՛ըսէր յաջորդ զեկուցաբերը` Մերի Կորտոն: Ան 17 տարի առաջ հանդիպած էր կիներու, որոնց կեանքը «մթագնած էր բրտութեամբ», եւ որոշած էր հարցին արմատական լուծում մը գտնել: Արդիւնքը «Կարեկցանքի արմատները» վերնագիրով ծրագիր մըն է, որ այժմ կը կիրարկուի 7 երկիրներու մէջ: Սկիզբը մայր մը իր մանուկ զաւկին հետ կու գայ դասարան, ուր աշակերտներ կը սորվին ճանչնալ մանուկին զգացումները: Տարուան վերջաւորութեան աշակերտները մաղթանքներ կը կատարեն մանուկին համար: «Աչքերս կը լեցուին, երբ անոնք յոյս կը յայտնեն, որ փոքրիկ Պիլին ունենայ հայր մը, բարեկամ մը, չենթարկուի բռնադատութեան, կամ` հայրը դուրս գայ բանտէն», կ՛ըսէ ան: «Տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք,- կ՛ըսէր տնտեսագէտ Ռիչըրտ Լայարտ` համագումարին վերջին զեկուցաբերը,- մինչեւ որ մարդիկ զգան, թէ այլ մարդիկ իրենց կողքին են»: Սակայն Լայարտ ի գործ կը դնէ իր կարելին: Ան ուրախութեան վերաբերող տեղեկագիրներ պատրաստած է պետութիւններու եւ ՄԱԿ-ի համար, Լորտերու տան մէջ կազմակերպած է «ընկրկումի դէմ» ծրագիրներ, ծնողական պարտաւորութիւններու դասընթացքներ: «Մեր ուրախութեան բանալի գործօնը մեր մտային առողջութիւնն է,- կ՛ըսէ ան:- Երբ հաշտ չենք մեր անձին հետ, չենք կրնար շատ բան տալ ուրիշներուն»:
Աւելի ուշ Վինցիանէ Ռայքրոֆթ կը բացատրէր, թէ` «համագումարին նպատակն էր քննել կարեկցանքի նկատմամբ տարբեր մօտեցումները, ինչպէս նաեւ` գետնի վրայ կարեկցանքի գիտութիւնը, բարոյագիտութիւնը, քաղաքականութիւնն ու իրականութիւնը»: Ան կը ղեկավարէ «Ուղեղ` սրտի հետ» անունով ծրագիր մը, որուն նպատակն է երիտասարդները օժտել ընկերային եւ զգացական այն կարողութիւններով, որոնք անհրաժեշտ են` կառուցելու «աւելի տանելի ընկերութիւն մը»: Թէեւ Ռայքրոֆթ ի՛նք կազմակերպած է այս համագումարը, սակայն նախընտրած է չներկայացնել իր տարած աշխատանքը, որպէսզի առիթ տայ նաեւ ուրիշներու:
Անշուշտ ոմանք կրնան պարզապէս կարեկցութիւն քարոզել, սակայն ապացոյցները կը գտնուին ուսումնասիրութիւններու մէջ եւ` հարցազրոյցներու, որոնք կը պատմեն կեանքի փոփոխութիւն մը ապրած անձերու մասին:


