
Խանդավառուած անցնող տարուան յաջողութենէն, այս տարի եւս «Նոազ Արք» կը մասնակցի «ArtMonaco՛11» միջազգային ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ մարտի վերջաւորութեան, իշխանական Կրիմալտի Ֆորումին մէջ: Այս առիթով հանդիպում-զրոյց մը ունեցանք «Նոազ Արք» ցուցասրահի տէր եւ տնօրէն դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի հետ, զոր կու տանք ստորեւ:
Հ.- Անցեալ տարի դուք մասնակցեցաք «ArtMonaco՛11» միջազգային ցուցահանդէսին, ուր այլ նուաճումներու զուգահեռ, իբրեւ արուեստաբան, պայմանագիր մը ստորագրեցիք «Լիւքս իմմօ» արուեստի ամսաթերթին հետ: Նախ` ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ այս մէկը եւ, ապա, լաւ կ՛ըլլար, որ որոշ գաղափար մը տայիք այս մեծազդեցիկ ամսաթերթին բնոյթին եւ առաքելութեան մասին:
Պ.- Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուող «Ֆայն Արթ» արուեստի պարբերականը կը բաժնուի նաեւ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ կազմակերպուած միջազգային ցուցահանդէսներու ընթացքին: Այս արուեստի հրատարակութիւնը նախատեսուած է առաւելաբար արուեստագէտներու, ցուցասրահի տէրերու, լրագրողներու եւ արուեստասէրներու համար: «Լիւքս Իմմօ» արուեստի ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տէյվիտ Տիւպուա, որ կարդացած էր «Ֆայն Արթ»ի մէջ հրատարակուած մէկ յօդուածս, այցելեց մեր տաղաւարը, ուզեց ծանօթանալ եւ առաջարկեց, որ աշխատակցիմ նաեւ իր թերթին:
Հ.- Ինչո՞ւ յատկապէս ձեզ ընտրած էր:
Պ.- «Ֆայն Արթ»ի մէջի յօդուածս ներկայացուած էր իբրեւ այդ համարի կարեւորագոյնը, որ կը նշանակէ, թէ տարբեր որակ մը ունի եւ նորութիւն մը կը պարունակէ իր մէջ:
Հ.- Ի՞նչ նորութիւն:
Պ.- Նախ` Վահրամի արուեստը տարբեր է միւսներէն, եւ ապա իմ կողմէս զայն վերլուծելու եւ մեկնաբանելու կերպը եւս իւրայատուկ է եւ ուսանելի: Ուսանելի, որովհետեւ նախկին խորհրդային երկիրներու արուեստը կու գայ կացութաձեւի մը լեզուամտածողութենէն, եւ ապա զայն մեկնաբանելու համար շատ կարեւոր է ճանչնալ, թէ՛ խորհրդային կեանքը եւ թէ՛ խորհրդային բռնատիրութեան փլուզման հոգեբանական դրդապատճառները: Իսկ այս մէկը հարկաւոր է առնչել առհասարակ արուեստի եւ մասնաւորաբար յետխորհրդային ստեղծագործողի անհեթեթ մտայղացումներուն հետ:
Հ.- Կարծէք թէ մենք սկսանք հեռանալ մեր նիւթէն:
Պ.- Լա՛ւ, ուրեմն, արուեստը վերլուծելու իմ տեսանկիւնս եւ զայն ներկայացնելու կերպս տարբեր եւ հետաքրքրական էր իրենց համար: Այդ պատճառով ալ երկու տարուան աշխատակցութեան բաց պայմանագիր մը ստորագրեցինք, որ երկկողմանիօրէն գոհ մնալու պարագային, ինքնաբերաբար նորոգուած պիտի համարուի:
Հ.- Իսկ «Լիւքս Իմմօ»ի կարեւորութիւնը ինչի՞ մէջ կը տեսնէք:
Պ.- Այս թերթը կը հրատարակուի չորս լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ ռուսերէն), եւ ապա, արուեստի զուգահեռ, անոնք կը գործակցին ու կը ծանուցեն աշխարհի ամէնէն ճոխ ու կատարելագործուած հանգստատուներն ու պանդոկները: Կը բաժնուի քսաներեք երկիրներու երեք հարիւր եօթանասուն քաղաքներու մէջ: Ունի շուրջ երկուքուկէս միլիոն ընթերցող: Այս թիւերը բան մը չե՞ն ըսեր:
Հ.- Ի հարկէ, բաւականին հսկայ կազմակերպութիւն մը կը թուի ըլլալ, մէկ տարուան մէջ կարելի՞ է այսքան ընդարձակածաւալ հեղինակութիւն ձեռք բերել:
Պ.- Այս բոլորը կարելի է ստուգել եւ կապ պահել խմբագրութեան հետ` այցելելով www.luxe-immo.com կայքէջքը:

Հ.- Որքան գիտեմ, «Լիւքս Իմմօ»ի մէջ հրատարակուած ձեր վերջին երկու յօդուածները Վահրամ Դաւթեանի եւ Սուրէն Ոսկանեանի մասին են, միայն հա՞յ կերպարուեստագէտներ կը ներկայացնէք:
Պ.- Առաւելաբար` հայ եւ ռուս արուեստագէտներ, սակայն բացառուած չէ, որ իմ գնահատած այլ արուեստագէտներու մասին եւս գրեմ: Արդէն իսկ պատուէր մը ունիմ Ճէյն Սէյմուրէն, որուն «ծաղիկներու դիմանկարներ»ը շարքը բարձր կը գնահատեմ:
Հ.- Այս բոլորը հասկնալի են, սակայն ինչպէ՞ս կրցած էք նմանօրինակ պայմանագիր կնքելու նաեւ «Ֆայն Արթ»ի հետ:
Պ.- 2002 թուականէն սկսեալ, գրեթէ ամէն տարի «Նոազ Արք»ը կը մասնակցի Նիւ Եորքի «Ժաքոպ Ժաւիթց» կեդրոնին մէջ «Արթ Էքսփօ»ներուն: Տրուած ըլլալով, որ մեր ցուցադրած արուեստը իր որակով եւ յատկապէս բնոյթով կը տարբերի միւսներէն, արուեստի հրատարակութիւններն ու առհասարակ «միտիան» կը հետաքրքրուին մեզմով: «Ֆայն Արթ»էն առաջ իմ եւ կնոջս` Էլոյին հետ տեղի ունեցած են կարգ մը հարցազրոյցներ «Արթ Ուըրլտ Նիուզ», «Արթ Պիզնըս Նիուզ» եւ նմանօրինակ այլ արուեստի հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլի կայաններու կողմէ: «Ֆայն Արթ»ի գլխաւոր խմբագիր Վիքթըր Ֆորպս եկաւ եւ ծանօթացաւ հետս` հարցազրոյցի համար. սակայն, երբ քիչ մը երկար զրուցեցինք արուեստի շուրջ, ան ըսաւ, որ կը նախընտրէ, որ հարցազրոյցի փոխարէն, առանձին յօդուած գրեմ: Այսպիսով, առաջին յօդուածիս հրատարակուելէն ետք, իբրեւ մնայուն աշխատակից, շահաւէտ եւ բաց պայմանագիր մը կնքեցինք «Ֆայն Արթ»ի հետ:
Հ.- Բացի յիշեալ արուեստի երկու միջազգային հրատարակութիւններէն, այլ օտար թերթերու աշխատակցա՞ծ էք:
Պ.- Շուրջ տարիէ մը ի վեր կ՛աշխատակցիմ «Մանտէյ Մորնինկ» լիբանանեան անգլիատառ շաբաթաթերթին. այդ յօդուածներս երբեմն կը թարգմանուին ֆրանսերէնի եւ նոյնութեամբ կ՛արտատպուին նաեւ «Լա Ռիվիու Տիւ Լիպան»ի մէջ:
Հ.- Ոեւէ կերպարուեստագէտ կամ գեղանկարիչ կրնա՞յ մասնակցիլ Մոնաքօ՛11-ի նման միջազգային տօնավաճառներու:
Պ.- Ո՛չ, նախ, Մոնաքօ՛11-ի նման մեծ հեղինակութիւն վայելող միջազգային ցուցահանդէսները կը կազմակերպուին միայն ցուցասրահներու համար: Իսկ տուեալ պարագային, Մոնաքօ՛11-ի ցուցահանդէսներուն կրնան մասնակցիլ միայն հրաւիրուած ցուցասրահները, որոնք կ՛ընտրուին մասնագէտներէ կազմուած յատուկ դատական կազմի մը կողմէ: Եթէ պատահի, որ ցուցասրահ մը ցանկութիւն յայտնէ մասնակցելու, ապա ան պէտք է որ մէկ տարի սպասէ, որպէսզի դատական կազմը որոշէ հրաւէր ուղարկել անոր, կամ ոչ:
Հ.- Իսկ հրաւիրուած ցուցասրահը իրաւունք ունի՞ ոեւէ կերպարուեստագէտ տանիլ իրեն հետ:
Պ.- Սկզբունքով` այո՛, սակայն իւրաքանչիւր միջազգային տօնավաճառ ունի իր վարկը, չափանիշներն ու սկզբունքները, որոնք առհասարակ հիմնուած կ՛ըլլան նորարարութեան, ուժեղ արտայայտչականութեան եւ գեղարուեստական բարձր ճաշակի վրայ:
Հ.- Կը նշանակէ, թէ արուեստագէտները կախեալ են ցուցասրահի տէրերէն…
Պ.- Ո՛չ ամբողջութեամբ, անոնք եւս ունին իրենց տեղը. կան միջազգային տօնավաճառներ, որոնք անհատ արուեստագէտներ կ՛ընդունին: Իսկ կան ուրիշներ ալ, որուն ոեւէ մէկը կրնայ մասնակցիլ, պայմանաւ որ պահանջուած վարձքը վճարուի: Այս վերջինները «պազար»ներու կը նմանին:
Հ.- Երեւանի «Վերնիսաժ»ի՞ն պէս..:
Պ.- Այո՛, նմանօրինակ բան մը:
Հ.- Լա՛ւ, անցնինք միւս հարցին: Իսկ ի՞նչ տրամադրութեամբ ու ակնկալիքներով կը մեկնիք Մոնաքօ:
Պ.- Անցնող տարուան Մոնաքոյի մէջ մեր ձեռք բերած նիւթաբարոյական նուաճումները աննախընթաց էին: Այնպէս որ, բարձր տրամադրութեամբ եւ մեծ յոյսերով կը մեկնինք նաեւ այս տարի:
Հ.- Նորէն նո՞յն արուեստագէտները պիտի ներկայացնէք:
Պ.- Լիբանանի կարգ մը շրջանակներու կողմէ «Նոազ Արք»ը կը մեղադրուի իբրեւ միայն հայ եւ ռուս արուեստագէտ ներկայացնող եւ քաջալերող ցուցասրահ, որ կը շրջանցէ լիբանանեան արուեստը: Երբ 2000 թուականին նոր սկսանք մասնակցիլ միջազգային ցուցահանդէսներու, մենք տարինք նաեւ լիբանանեան արուեստ. սակայն մեր տարած լիբանանեան արուեստը միջազգային շուկայի մէջ ինքզինք չարդարացուց: Այնուամենայնիւ, այս տարի երկու լիբանանցի գեղանկարիչներու (Նաթալի Լապաքի եւ Արա Ազատի) ստեղծագործութիւնները պիտի ցուցադրենք «Արթ Մոնաքօ»յի մէջ. անոնք անհրաժեշտ մակարդակը ունին եւ հաւանական է, որ լաւ ընդունելութեան արժանանան:

Հ.- Ձեր ներկայացուցած միւս արուեստագէտները ծանօթ են մեր ընթերցողներուն, լաւ կ՛ըլլար, որ հակիրճ կերպով խօսէիք Նաթալի Լապաքիի եւ Արա Ազատի արուեստներու բնոյթին մասին:
Պ.- Երկուքն ալ յանձնառու արուեստագէտներ են: Երկուքն ալ յատուկ կեցուածք ունին ընչաքաղցութենէ ծնած կեանքի խժդժութիւններուն դէմ եւ իրենց արուեստով կը պայքարին մարդկային տառապանքը մեղմացնելու եւ կեանքը չափով մը գեղեցկացնելու համար: Սակայն, եթէ չունենային այդ բոլորը արտայայտելու գեղարուեստական ուժն ու տաղանդը, ապա իրենց արուեստը պիտի մնար շուքի մէջ: Այս արուեստագէտներուն համար Լիբանանի, նոյնիսկ Միջին Արեւելքի սահմանները նեղ են, անոնք պէտք է որ բացուին աշխարհին: Նոյնիսկ եթէ հիմա չյաջողին, ապա ապագային պէտք է որ գնահատուին ու արժեւորուին:
Հ.- Ի՞նչն է առաւելաբար, որ կը գնահատուի միջազգայնօրէն, արուեստի տեսա՞կը, բնո՞յթը, որա՞կը, թէ՞ ուրիշ ազդակներ գոյութիւն ունին, զորս մենք չենք գիտեր:
Պ.- Տարբեր մշակոյթի տէր արուեստասէրներ արուեստի մէջ տարբեր արժէքներ կը փնտռեն, սակայն ի վերջոյ բոլորին հիմքը որակն է. էութեան մէջ որակի հասկացողութիւնն է, որ երբեմն կը փոխուի եւ անուղղակիօրէն չափանիշ կը ստեղծէ:
Հ.- Ինչպէ՞ս:
Պ.- Օրինակի համար, երկու տարի առաջ մասնակցեցանք Փեքինի 2009-ի միջազգային ցուցահանդէսին: Մեր տարած կարմիր գոյնով նկարները գնահատուեցան, իսկ կապոյտները ետ բերինք: Պարզուեցաւ, թէ կարմիրը չինացիներուն կեանքի գոյնն է, իսկ կապոյտը` մահուան: Հակառակ անոր որ անոնց հնատիպ ամանեղէնները, յատկապէս ծաղկամաններու մեծ մասը կապոյտ գոյնով են, սակայն անոնք կապոյտ գոյնը տգեղ կը համարեն: Ուրեմն հոս գոյնի իմաստը կ՛ազդէ ստեղծագործական ճաշակի վրայ, ուրիշ տեղ մը` ո՛չ:
Հ.- Այս միտքը հետաքրքրական է, սակայն կարծէք աւելի յստակացնելու կարիքը կը զգացուի:
Պ.- Տանք ուրիշ օրինակ մը. արտայայտչապաշտութիւնը, իբրեւ գերմանական ոգիի արտայայտութիւն, ծնաւ պատերազմի նախօրէին եւ ընթացքին: Գերմանացիները եւ առհասարակ Եւրոպան մինչեւ հիմա արտայայտչապաշտ դպրոցը կ՛արժեւորեն, կը գնահատեն ու կը մեծարեն: Լիբանանի եւ կամ առհասարակ Արեւելքի մէջ, հակառակ որ բազմաթիւ արտայայտչապաշտ ստեղծագործողներ կան, արտայայտչապաշտ դպրոցը ոչ միայն նոյն ընդունելութիւնը չունի, այլեւ շատեր զայն իրենց պատերէն չեն կախեր` պատճառաբանելով, որ իրենք պատերազմ տեսած ժողովուրդ են եւ չեն ախորժիր ժխտականութենէ, իրենց վրայ կը ճնշէ եւ տրամադրութիւն կը փճացնէ: Արեւելքը աւելի միսթիք է` խորհրդապաշտ եւ զգացական, իսկ Գերմանիան եւ առհասարակ Եւրոպան` իրատես ու տրամաբանող: Հոս գործօնը ժողովուրդներու խառնուածքն է, որ կ՛ազդէ անոնց ստեղծագործական ճաշակի վրայ: Սակայն, բոլոր պարագաներուն, իսկական եւ բարձրորակ արուեստը ազգային կրնայ ըլլալ, սակայն ազգութիւն չի ճանչնար. եւ բարձրորակ արուեստին առջեւ աշխարհի բոլոր տեսակի դուռերը կը բացուին եւ կ՛ընդունուին գրկաբաց:
Հ.- Դոկտ. Հերկելեան, այս անգամ բաւարարուինք այսքանով եւ մաղթենք, որ ձեր դիմաց բացուին աւելի լայն եւ աւելի բարձր դուռեր, որպէսզի մեր արուեստը տարածէք ամբողջ աշխարհի մէջ:
Պ.- Ես ալ, իմ կարգիս, ինչպէս միշտ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ բարձր կը գնահատեմ ձեր մշակութանուէր աշխատանքը:
ԹՂԹԱԿԻՑ



