Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ 329

December 20, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Անոնք, որոնք կարդացին թիւ 328 նամակս, ուր հայրենասիրութեան մասին խօսած էինք, պիտի նշմարեն, թէ` այն օրերուն ինչպիսի հասկացողութիւն մը կար հայրենասիրութեան մասին: Այսօր հայրենասիրութիւնը միայն դրամ տալու մէջ կը կայանայ, ինչ որ երբեք ալ «առողջապահական» չէ:

Ոսկրաբեկումի մը պատճառով մօտ երկու ամիս վայելեցինք տան հանգիստը եւ առիթէն օգտուելով` դասաւորեցի կարգ մը թուղթեր: Զարմանալիօրէն իմ անցեալի «հայրենասիրական» մէկ գործս յայտնաբերեցի. թուականը` 28/11/1994, եւ ցուցակէն յայտնի կ՛ըլլայ, որ այնթապցի մեր հայրենակից եւ հայրենաբնակ Վահագն Տեմիրճեանին ղրկած են 1006 կտոր գիշերանոց, 912 կտոր մանուկի գոգնոց, 72 կտոր խաղալիք, 18 կտոր քրեմ եւ մեր հայրենակցականին օրացոյցներէն: Նամակ մըն ալ գրած եմ 1/12/94 թուակիր (քիչ անդին)` յանձնարարելով, որ պէտք եղած տեղերը բաժնեն:

Այդ նամակին վերջաւորութեան ասեղներու հարց մը կայ. հոս` քիչ մը պատմութիւն: Ինչպէս գիտէք, սփիւռքի համայն այնթապցիութիւնը 1970-ական թուականներուն ձեռնարկեց հանգանակութեան մը, եւ Նոր Այնթապ գիւղը օժտուեցաւ ժանեակի առաջնակարգ գործարանով մը: Անկախութեան օրերուն այս հոյակապ գործարանը (երկրորդը Խորհրդային  Միութեան մէջ) սեփականաշնորհուեցաւ` շատ անշնորհք որոշումով մը: Արդեօք կարելի՞ է դատի տալ այսօր այդ անշնորհք աւազակները: Այդ բացառիկ գործարանը այսօր գոյութիւն չունի…

Տարիներ ետք կարիքը զգացուեցաւ մանկական գուլպաներու գործարանի մը, եւ մեր աննման հայրենակիցը` Գէորգ Պագըրճեան, ինծի զանգեց` աւետելով, որ արդէն հինգ մեքենայ ապահոված է  կարգ մը բարերարներու կողմէ, եւ շուտով պիտի առաքուին Նոր Այնթապ, 125 հազար տոլար արժէքով:

Մեր այցելութիւններուն մէկուն ընթացքին մեզմէ խնդրեցին, որ գուլպայի մեքենաներուն ասեղներէն հայթայթէինք: Իրենցմէ այդ ասեղներուն նմուշներէն խնդրեցինք: Հոգ չէ, թէ` կոտրուած, որ Պելճիքայէն ապսպրենք: Տեղւոյն վրայ կարելի չեղաւ ստանալ, խոստանալով պանդոկ ղրկել: Տակաւին պիտի ղրկեն…

Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ նման կարծիք մը յայտնած եմ օրուան տնօրէնին մասին: Բայց կ՛երեւի, թէ արժանի էր. փաստ` ասեղներու մասին իր անհոգութիւնը: Ցաւ ի սիրտ, այսօր ալ նման տնօրէններ կան:

Այս հինգ գուլպայի մեքենաներն ալ արժանացան ժանեակի հսկայ մեքենաներուն ճակատագրին…

Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ:

                           ***

Արօտավայրի մը մէջ երկու կովեր իրարու կը հանդիպին:

– Գիտե՞ս որ,- կը յարէ մէկը,- վերջին ամսուան ընթացքին իմ արտադրողականութիւնս աճած է օրական եօթը լիթրով:

– Զարմանալի է,- կ՛ըսէ միւսը,- բայց ինչպէ՞ս կ՛ընես:

– Ես չեմ ըներ, այլ տէրս կ՛ընէ:

Սփիւռքեան բոլոր կովեր, միացէք…

  ***

Վահագն Տեմիրճեան, Երեւան, Հայաստան

Սիրելի՛ հայրենակից,

Յուսամ ամէն ինչ կարգին է, ինչպէս խօսած էինք: Ձեզի ուղարկեցի 11 քարթոն մանուկներու գիշերանոց, 1006 կտոր, որոնց մէջ կան 20 հատ կանացի գիշերանոց, թիւ 2 քարթոնին մէջ: Կան նաեւ 312 հատ մանուկներու գոգնոցներ (bavette):

Թիւ 9-ի մէջ դրի 18 կտոր ձեռքի քրեմ, զոր կրնաք կա՛մ ծախել` հասոյթը հայրենակցականին, եւ կամ ալ ձեր յարմար տեսածը ընել:

Իսկ 72 կտոր խաղալիքները եթէ կարելիութիւն կայ, կը յանձնէք առաջնորդարանի բարեգործականին, Պ. Ծուլիկեանին, որ մեր ՀԲԸՄ-ի որդեգրուած որբերուն բաժնէ:

Տակաւին կը սպասենք ասեղներու նմուշներուն, զորս խոստացած էր Նոր Այնթապի գործարանին տնօրէնը, որ շատ ալ յարմար չտեսայ այդ գործին:

Այս 11 քարթոնները արդէն հասած ըլլալու են երէկ` 30/11/94-ին:

Կը սպասենք ձեր նոր եւ լաւ լուրերուն:

Ողջոյններով`
Ա. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Նախորդը

Ստեփանակերտում ՀՅԴ 122-ամեակի Տօնակատարութեան Ժամանակ Արտասանուած Ելոյթ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը Բացման Խօսքով Հանդէս Եկաւ ՀՅԴ 122-ամեակի Տօնակատարութեան Ժամանակ

Յաջորդը

Հայրենասիրութիւնը, Որ Դրօշակ Են Դարձրել, Գաղափար Չէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.