Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Բոլոր Դպրոցներու 1-4-րդ Դասարաններու Աշակերտներու Խանդավառ Ամանոր

December 19, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին «Միշել Մըր» համալիրին մէջ Պուրճ Համուտի բոլոր վարժարանները յաճախող 1-4-րդ դասարաններու աշակերտները ապրեցան խանդավառ, ուրախ եւ արկածախնդրական պահեր:

Արդարեւ, երկու անջատ ելոյթներով «Ֆենթեսթիք շօ» խումբը աշակերտներու երկու տարբեր խումբերու ներկայացուց կախարդական խաղեր, չինական ճկունութեան ցուցադրութիւններ, պարեր, մկանային խաղարկութիւններ եւ այլ հետաքրքրական պատկերներով ներկայացումներ, որոնցմով հմայեց աշակերտները ամբողջ 1.5 ժամ:

Աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց յայտագիրի կազմակերպիչ Իտ Ֆրանսիս, որ շնորհաւորեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը` իր այս նախաձեռնութեան համար:

Ճորճ Գրիգորեան

Ապա խօսք առաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ անդրադարձաւ Ամանորի խորհուրդին ու իմաստին` հաստատելով, որ տօնը յաւելեալ առիթ է, որպէսզի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, փոքրիկներուն նկատմամբ իր ունեցած յատուկ ուշադրութիւնը դրսեւորէ` անոնց առիթ տալով ուրախ ժամեր անցընելու: Ան շեշտեց, որ նոր սերունդը մեծ կարեւորութիւն ունի քաղաքապետութեան համար, որովհետեւ անիկա կը ներկայացնէ ապագան եւ շարունակութիւնը: Ապա Ճ. Գրիգորեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ Նոր տարուան առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն:

Իր խօսքի աւարտին փոխքաղաքապետը բարեբեր, ուրախ եւ խաղաղութեամբ ու յաջողութեամբ լի տարի մը մաղթեց աշակերտներուն:

Ապա դաշտը յանձնուեցաւ «Ֆենթեսթիք շօ» խումբի տղոց եւ աղջիկներուն, որոնք հետաքրքրութիւն, խանդավառութիւն եւ անակնկալներով լի մթնոլորտ ստեղծեցին` աշակերտներուն անմոռանալի ժամեր ապրեցնելով:

 

 

Նախորդը

Շուշան Արթինեան, Լորի Այնթապլեան Եւ Էլիոնոր Շուլց Եռեակի Միացեալ Համերգ

Յաջորդը

Ըստ Հարցախոյզի Մը Պաղեստինցիներուն 39 Առ Հարիւրը Այսրյորդանանի Եւ Կազայի Վերամիաւորման Առնչութեամբ Լաւատես Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.