Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերարդիական Արտադրութեան Տէր «Եապանճօ» Իսրայէլ Տումանեան

December 17, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Այնճարի ակի ճամբուն` ճաշարաններուն չհասած, մայրուղիէն քիչ մը ներս քաշուած, բլուրին ստորոտը մեն մինակ հանգչած է կղմինտրէ տանիքով երկար միայարկ շէնք մը: Թէեւ միշտ այդտեղէն, կ՛անցնէի, բայց բնաւ չէի համարձակած օր մը գլխուս շէնքէն ներս մտցնել: Շէնքին շուրջ մարդ մարդասանք չի տեսնուիր, ոչ մէկ շարժում նկատելի է: Կ՛ըսեն, թէ պահածոներու եւ խմիչքի արտադրութեան գործարան մըն է, որ կը պատկանի մի ոմն Տումանեանի:

Քանի որ սկսած էի Այնճարի գործարարներուն մասին յօդուած պատրաստել, ուզեցի անպայման այդ խորհրդաւոր շէնքին տիրոջն ալ հանդիպիլ:

Կիրակի օր մըն էր, կէսօրէ առաջ տեղացի ընկերուհիի մը հետ ժամադրութեամբ ներկայացանք անոր:

Շէնքին մուտքին ան մեզ ընդունեց, համբուրուեցանք, կարծես հին ծանօթներ ըլլայինք: Մեզ հրաւիրեց իր գրասենեակը, որ ճաշակաւոր կերպով կահաւորուած էր կաշեպատ բազկաթոռներով: Իրեն բացատրեցինք մեր այցելութեան նպատակը, մարդը ինքզինք ներկայացուց` Իսրայէլ Տումանեան, հաճընցի, տէրը «ՏՕՄԱՆՔՕ» արտադրութեանց գործարանին: Առաջին հարցումս եղաւ.

Հ.- Պրն. Տումանեան դուք, որ կ՛ըսէք հաճընցի էք, ինչպէ՞ս եղաւ, որ ամբողջ Պէյրութը եւ շրջակայքը ձգելով` եկաք եւ Այնճարի մէջ հաստատեցիք ձեր գործարանը, որուն բնակիչները որոշ վերապահութիւն ունին ոչ ճեպելմուսացիներուն` այսինքն եապանճօներու հանդէպ.

Պ.- Պատմութիւնը երկար է, բայց քանի մը բառով պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս Այնճար հաստատուեցայ:

1983 թուականին Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի թաղերը ծանրօրէն կը ռմբակոծուէին, բոլոր աշխատանքներս դադրեցնելով եկայ քանի մը ամիս Այնճար մնալու: Տեսայ, որ Այնճարը հանդարտ ու ապահով վայր մըն է, հակառակ անոր որ քեռայրս  կը պնդէր, որ գործարանի մը համար Ղազիրի մէջ կար յարմար անկիւն մը, որ նաեւ աւելի մօտ է Պէյրութին: Ես նախընտրեցի Այնճարը` հետեւեալ պատճառներով.

ա.- Այնճարը մեր հում նիւթի, այսինքն երկրագործական արտադրութեանց մօտիկ է:

բ.- Գիւղը ջրառատ է, մեր գործին համար ջուրը կենսական է:

գ.- Հողաշերտի ընդարձակութիւնը` 6200 քառ. մեթր ու տակաւին` աւելի ընդարձակուելու կարելիութիւն.

դ.- Այնճարը շրջապատուած է արաբ գիւղերով, որոնք աժան ձեռավարձով աշխատող ձեռքեր կը հայթայթեն:

ե.- Վերջապէս, Այնճարը հայկական գիւղ մըն է, նոյն ատեն` ապահով վայր մը:

Հ.- Կրնա՞ք քիչ մը տեղեկութիւն տալ այն մասին, թէ ի՞նչ է ձեր արտադրածը եւ ինչպէ՞ս այս գործին սկսաք:

Պ.- Արդէն քիչ առաջ յայտնեցի, թէ ես հաճընցի հօր զաւակ եմ, հայրս` Ալեքսան Տումանեան, իսկ մայրս` Թագուհի Գալընճեան սիսեցի է, չորս քոյրեր ու երկու եղբայր ենք: 1915-ի ջարդերէն ետք, ինչպէս բազմաթիւ հայեր, որոնք ճողոպրած էին, եկան բնակելու Լիբանանի մէջ, հայրս 1929-ին կը հաստատուի Պէյրութի Սէյֆի թաղամասին մէջ ու հոս կը սկսի արտադրել նարինջի, կիտրոնի, վարդի օշարակներ, խաղողի քացախ, ինչպէս նաեւ` լոխում ու հարսանեկան շաքար: Հօրս գործը յաջողութիւն կը գտնէ, հետագային  Նահրի կամուրջին մօտ` Հաճըն թաղի մէջ հայրս հողաշերտ մը կը գնէ ու կը կառուցէ չորս յարկանի շէնք մը, որուն վերի յարկերը կ՛օգտագործէ որպէս բնակարան, իսկ վարի յարկերը` արտադրութեան կեդրոն ու շտեմարան: Տարուէ տարի գործը կը բարգաւաճի, վերոյիշեալ նիւթերու կողքին նաեւ կը սկսինք արտադրել ոգելից խմիչքներ, ինչպէս` օղի, վիսքի, քոնեաք եւ լիքէօր: Կը դադրեցնենք լոխումի եւ հարսանեկան շաքարի արտադրութիւնը:

Ես ծնած եմ Հաճըն թաղը 1941-ին, նախնական ուսումս Սահակեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած եմ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարան` հասնելով մինչեւ միջնակարգի վերջին դասարանը, որմէ ետք սկսած եմ աշխատիլ հօրս հետ: Ամուսնացած եմ եոզկաթցի զաւակ Անահիտ Քէշիշեանին հետ: Ունիմ մանչ զաւակ մը` Ալեքս եւ երկու դուստրեր` Միրնա եւ Լենա: Ալեքսը պաքալորէան առնելէ ետք մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ուսանած է  «Ֆուտ թեքնոլոճի»: Հիմա հայր ու տղայ ամբողջ գործը միասին կը կառավարենք:  Հայրս 1967-ին դադրեցաւ աշխատանքէ ու մահացաւ 1980-ին:

Գործարանին ճարտարապետն է այնճարցի Կարօ Անտոնեանը, իսկ ներքին կահաւորումը ամբողջութեամբ տղուս եւ իմ յղացումն է:

1998-էն ի վեր դադրած ենք ոգելից խմիչքներ արտադրելէ, որովհետեւ երբ արտաքին աշխարհին հետ կը գործակցիս, այդ արտադրութեան պայմանները բոլորովին տարբեր են:

Մեր արտադրութիւնները այսօր աշխարհի չորս կողմ կը հասնին Գերմանիա, Ֆրանսա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, արաբական երկիրներ.

երբեմն ԱՅՆՃԱՐ պիտակին տակ, երբեմն ալ` մեզի հետ գործակցող ընկերութիւններու անունին տակ:

Մեր արտադրութիւնները հիմա զանազան տեսակի են` զովացուցիչներ, քացախներ, ռուպեր, թթուաշներ, հոմմոս, մըթապպալ, բակլա եւ այլ արտադրութիւններ: Գաղափար մը տալու համար մեր արտադրութեան քանակին մասին` տանք քանի մը թուանշան` տարեկան արտադրութեան:

Ա.- Ռուպի տեսակներ`           250   թոն
—–խաղող, լոլիկ, քաչափ, խաղող, խարրուպ

Բ.- Թթուաշներ                 250   թոն
—-վարունգ, շողգամ, շինգղ, մաքտուս

Գ.- Պահածոներ           250   թոն
—–հոմմոս, բակլայ, մութապպալ…

Դ.- Խտացուած հիւթեր`          15   թոն
—-վարդ, ծաղիկ, նուռ

Ե.- Օշարակներ`                200   թոն
—-Նարինջ, կիտրոն, թութ, անանաս, մանկա

Զ.- Քացախի տեսակներ`   100   թոն
—-խաղող, խնձոր

Մեզի հրամցուց համեղ թութի օշարակները, Ի. Տումանեանը մեզ պտտցուց գործարանին բոլոր կողմերը, ուր շատ քիչ գործեր կան ձեռային աշխատանքի, ամէն ինչ մեքենայուած է, ամէն կողմ մաքրութիւնն է, որ կ՛իշխէ, գերարդիական գործարան մը:

 

 

Նախորդը

Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Կ՛արժանանայ «Պիաֆ»-ի Մրցանակին

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մարիամ Անարատ Յղացեալը` Սէրէն Ընտրուած Եւ Շնորհքով Օժտուած Անձը…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.