Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի 122-ամեակի Համաժողովրդային Եւ Արժանավայել Տօնախմբութիւն.

December 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինասեան. «Դաշնակցութեան Ընդդիմադիր Կեցուածքը
Ինքնանպատակ Չէ, Այլ Կը Միտի Պահպանել Եւ Ամրապնդել
Պետականութիւնը, Հետապնդել Հայութեան Շահերը»

 Մխիթարեան. «Դաշնակցութիւնը Լիբանանի Մէջ Իր Բոլոր
Ճիգերը Ի Գործ Կը Դնէ Զօրակցելու Երկրին Գերիշխանութեան
Եւ Հողային Ամբողջականութեան»

Երէկ ուխտի վերանորոգման օրն էր: Երէկ աւելի քան մէկ դար պատմութիւն ունեցող կուսակցութեան հաշուետուութեան պահն էր: Երէկ հաւաքական կամքով պայքարը շարունակելու վճռականութեան արտայայտութեան առիթն էր: Երէկ ՀՅԴ-ի 122-ամեակի համաժողովրդային տօնակատարութիւնն էր:

Երէկ բոլորը եկած էին զօրակցելու եւ իրենց վստահութիւնը փոխանցելու հայութեան իրաւունքներուն պաշտպան կուսակցութեան: Պատանիները, երիտասարդները, ուսանողները, տարեցները, բանուորները, ուսուցիչները, արուեստագէտները, արհեստաւորները, տնօրէնները, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, քաղաքապետները, հոգեւոր առաջնորդներն ու քաղաքական եւ պետական գործիչները միատեղուած էին եւ բոլորը միացնողը անգամ մը եւս ինչպէս միշտ Դաշնակցութիւնն էր:

Բոլորը եկած էին միասնաբար շարունակելու արեան ճամբով կերտուած պատմութեան դժուար, բայց պանծալի եւ յուսատու էջերը:

Երէկ` ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը  սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր ՀՅԴ Մանիֆեստը:

ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հանդիսութեան, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Դաշնակցութեան նահատակներուն յիշատակը: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբէն խումբ մը տղաք` խմբավարութեամբ Գօգօ Ալլոզեանի: Խումբի դաշնակահարն էր Յասմիկ Գասպարեան, իսկ տուտուկահարը` Յակոբ Գելուկեան: «Գուսան» երգեց «Կարկուտ տեղաց», «Խնուսից գալով», «Գելէ լաօ» եւ «Առաքել Մուշեղ» երգերը: Երրորդ երգին ասմունքով ընկերակցեցաւ Նազարէթ Գէորգեան:

Արծուիկ Մինասեան

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, որ նշեց, թէ Դաշնակցութեան ամբողջական նպատակը` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ը տակաւին չէ իրականացած, եւ այս գծով Դաշնակցութիւնն ու համայն հայութիւնը մեծ աշխատանք ունին կատարելիք: Մինասեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր նպատակին իրականացման համար պատրաստ է կռուի դաշտին զոհեր մատուցելու, պահանջատէր ըլլալու, պայքարելու եւ մերժելու պարտուողական դիրքորոշումներն ու վիճակները: Ան աւելցուց, որ միայն պայքարող ազգը կրնայ եւ իրաւունք ունի գոյատեւելու եւ առաջ երթալու:

Խօսելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին` Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ այսօր ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւն է, բայց այս կեցուածքը ինքնանպատակ չէ, իշխանութիւն դառնալու համար չէ, այլ` կը միտի պահպանել ու ամրապնդել պետականութիւնը եւ հետապնդել հայութեան շահերը: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կան քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ ժողովրդավարական խնդիրներ, եւ այս իրադրութեան մէջ դժբախտաբար չկայ իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւն: Մինասեան հաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ նախագահը փոփոխութիւններ կատարելու կամքը եւ վճռակամութիւնը պէտք է ունենայ:

Մինասեան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները մերժելի են եւ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց ստորագրութիւնը պէտք է յետս կոչեն այդ արձանագրութիւններէն, որովհետեւ այս քայլը ամօթալի է եւ ազգային առումով անընդունելի: Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի ստորագրութեամբ:

Իր խօսքի աւարտին, Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»-ը երազ չէ, այլ` իրականանալի նպատակ մը, որուն մէջ հայութեան բոլոր հատուածները ունին իրենց պարտականութիւնները:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով ելոյթ ունեցաւ «Կարապալա» խումբը, որ երգեց «Պատանիներու պար»-ը, «Զինուորի երգ»-ը, «Կարմիր կակաչները»:

Յովիկ Մխիթարեան

Օրուան երկրորդ պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան հարցերն ու սկզբունքային մօտեցումներուն վրայ հիմնուած առաջադրանքներն ու աշխատանքները: Մխիթարեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ իր բոլոր ճիգերը ի գործ կը դնէ զօրակցելու Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան, ազատութեան, պաշտպանութեան եւ հողային  ամբողջականութեան: Երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութեան անդրադառնալէ ետք, Մխիթարեան հաստատեց, որ ներկայիս երիտասարդութիւնը պատրաստելու եւ անոր աշխատանքի ծիրը ընդարձակելու անհրաժեշտութեան առջեւ է կուսակցութիւնը :

Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, որ ներկայացուց «Շիրակի պար»-ը: Պարախումբի պարուսոյցն է Յովիկ Խաչիկեան: Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը` խմբավարութեամբ Պօղոս Քենտիրճեանի: Խումբը նուագեց «Քայլ առ առաջ»ը, «Գարահիսար»-ը, «Սասուն»-ը, «Հայաստան աշխարհ»-ը, «Մենք պէտք է կռուենք»-ը: Դաշնակցութեան 122-ամեակի արժանավայել հանդիսութիւնը փակուեցաւ շեփորախումբին կատարողութեամբ «Արիւնոտ դրօշ»-ով:

«Քնար» պարախումբ
«Գուսան» երգչախումբ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«Կարապալա» խումբ
ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբ
Նախորդը

Լեհաստանի, Շուէտի Եւ Պուլկարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները` Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.