Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

73 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

December 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, 14 դեկտեմբերի երեկոյեան 73 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ-ի Լիբանանի կազմակերպութեան շարքերուն` ՀՅԴ ԶՈՄ-էն, ԼԵՄ-էն եւ շրջաններէն:

Օրուան կնքահայրն էր գրագէտ եւ մտաւորական Պօղոս Սնապեան, որ իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան կարեւորութիւնը հայութեան կեանքին մէջ` շեշտելով, որ Դաշնակցութեան շնորհիւ էր, որ ռայա նկատուող հայութիւնը դարձաւ ազգ, ունեցաւ իր գաղափարաբանութիւնը, գրականութիւնը, մշակոյթը, ազգային դիմագիծը, հերոսութիւններն ու հերոսները: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ թրծուեցան հերոսներ, անուղղաները ուղղութիւն եւ կազմաւորում ստացան, վրիժառու բազուկներ ծնան ու գործեցին, զգետնեցին ոճրագործները: Պ. Սնապեան դիտել տուաւ, որ իր գոյութեան 30 տարին հազիւ բոլորած Դաշնակցութիւնը կրցաւ Հայաստան ստեղծել, յաղթանակներ կերտել եւ հայութեան երազը իրականացնել` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը ինքնին ամբողջութիւն է ու  կը մնայ իբրեւ այդպիսին: Անոր համաձայն, նոյնիսկ դաշնակցական չեղողները Դաշնակցութեամբ ապրած են, ազդուած են անոր գաղափարաբանութենէն, անոր մթնոլորտէն եւ վճռակամութենէն:

Իր խօսքի աւարտին օրուան կնքահայրը դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն միշտ տուած է ուրիշներուն ու կը շարունակէ տալ, սակայն առնողները եւս պէտք է մտածեն, թէ  փոխադարձ ի՛նչ պէտք է տան: Այս միտքէն մեկնելով` ան խօսքը ուղղեց նորագիրներուն եւ յորդորեց, որ անոնք ստանալու կողքին միշտ ու միշտ մտածեն, թէ ի՛նչ կրնան տալ այս կուսակցութեան, որպէսզի իրենց ուխտը լիարժէք կերպով իրականացուցած ըլլան եւ իրենց խօսքը գործի վերածեն:

Աբօ Աշճեանի առեւանգման 30-ամեակին առիթով սերունդը կոչուեցաւ «Աբօ Աշճեան սերունդ»:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը 100.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ Սուրիահայութեան

Յաջորդը

«Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատի Շահերուն Հակառակ Կ՛ընթանայ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.