«Մենք դէմ ենք Լիբանանի մէջ զէնքի գործածութեան, նմանապէս եւ դէմ ենք զէնքի գործածութեան մղող հրահրիչ արարքներու», յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` շաբաթավերջին «Պայրաք» թերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին:
Միաժամանակ «Մանտէյ Մոռնինկ»ի, «Լա Ռեվիւ Տիւ Լիպան»ի ու «Պայրաք»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցով երեսփոխան Բագրատունի կ՛անդրադառնայ Լիբանանի այժմու իրավիճակին` անհրաժեշտ նկատելով երկխօսութեան նստելու կողմերու պատրաստակամութիւնը:
«Ժամանակն է, որ լիբանանցիք իրենք յանձն առնեն որոշումներու տնօրինումը», ընդգծեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ Մարտ 14-ի ուժերու կողմը կրնայ չմասնակցիլ կառավարութեան, բայց չի կրնար խուսափիլ երկխօսութեան նստելէն:
Պատասխանելով թրքական շրջանային դերակատարութեան մասին հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ անիկա անմեղ չէ, այլ` ուրուագծուած է Արեւմուտքի մէջ եւ Էրտողան յանձն առած է անոր կիրարկումը` բարելաւելու համար Թուրքիոյ դիմագիծը յաչս շրջանի հանրային կարծիքին:
Անդրադառնալով Սուրիոյ դէպքերուն` Բագրատունի ընդգծեց, որ «նախագահ Ասատ քաջ ըմբռնած է սուրիացի ժողովուրդին ընկերային-քաղաքական պահանջներն ու երիտասարդութեան ակնկալութիւնները, եւ այդ ուղղութեամբ բարեկարգչական շինիչ ու գործնական քայլերու նախաձեռնած է»:


