Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան 122-ամեակ. Երիտասարդացումի Վայելք (Դ.)

December 13, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Անխուսափելի է ընդունիլ նաեւ այն իրականութիւնը, թէ կեանքի թաւալումին ընդառաջ հաւաքականութիւններ պարտին վերարժեւորման ենթարկել ամէն մտածում, վարքագիծ, կառուցային միջավայր թէ աշխատանքային ծիր, որ սերտօրէն կ՛առնչուին իրենց զարգացումին եւ արդիւնաւէտ կեանքի յանձանձումին:

Միանշանակ, Դաշնակցութեան պարագային երիտասարդացումի թէ վերաշխուժացման կռուաններ են հանդիսացած եւ կը մնան իբրեւ այդպիսին պատանեկանի, երիտասարդականի եւ ուսանողականի շարքերն ու միութիւնները, ուր եւ էապէս կ՛իմաստաւորուին սեփական պատմութեան մէն մի դրուագ, առանձնայատկութիւն եւ վերաբերում:

Այլ խօսքով, յեղափոխական այս կուսակցութեան համար եթէ մէկ կողմէ Հայ դատի, ազգային կեանքի թէ քաղաքական առաջադրանքներու կենսագործումն ու արդիւնաւէտութիւնը հրամայական պահանջներ են, միւս կողմէ` կազմակերպական կեանքի առաւել աշխուժացումն ու հզօրանքը անխուսափելի պարտադրանքներ:

Այս առումով, դաստիարակչական վայելք ապրող եւ հպարտութիւն առթող նման եզակի միջավայրեր, հակառակ իրենց երկարատեւ գոյութեան, նպաստին ու իւրայատկութեան, տակաւ կը գտնուին վերարժեւորման հարկադրանքին տակ` միութենական իրենց կեանքին, աշխատանքին, դաստիարակչական ձեւերուն եւ մատուցումին կենդանութիւն շնորհելու տեսակէտէ:

Ճիշդ է, որ մանկավարժական արդի ըմբռնումերու եւ մօտեցումներու լոյսին տակ նման կառոյցներ կը դիմագրաւեն որոշակի դժուարութիւններ ու կ՛ապրին վերաթարմացման անդոհանքը, այդու ամենայնիւ մտահան պէտք չէ ընել, որ, դաշնակցական դիմագիծի ու շունչի, աշխարհահայեացքի թէ կեցուածքի օրինակելիութիւնը պահպանելու լոյսին տակ, աւելի քան անհրաժեշտութիւն է շնչաւորել, կենսաւորել ու վկայակոչել նոյնինքն դաշնակցական արժեհամակարգի մէն մի պատուար` խորապէս ըմբռնելի դարձնելու համար դաշնակցական հիմնադիրներու, ֆետայիներու, ահաբեկիչներու եւ գործիչներու բացառիկ կազմաւորումն ու զոհողութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը:

Այլապէս ալ, ընդգծելին կը մնայ այն, թէ աւելի քան 120- ամեայ իր երթի ընթացքին դաշնակցական իրականութեան համար բացարձակ արժէքներն են եղած այնպիսի ստորոգելիներ (գաղտնապահութիւն, ընկերականութիւն, գաղափարական հասունութիւն, քննական միտք, մարտունակութիւն, քաղաքական առողջ մտածողութիւն եւ այլն), որոնք միանշանակ ապահով պատնէշներ են հանդիսացած դաշնակցական իրականութեան համար եւ նպաստած կազմակերպական կեանքի հզօրանքին:

Արդ, չվարանինք երբե՛ք բոցավառելու դաշնակցական տիպարին իւրայատկութիւնը բնորոշող եւ այլապէս միշտ երիտասարդ պահող արժեհամակարգին շունչ մատակարարելէ:

 

Նախորդը

Հանրային Ծառայութիւն, Կամաւոր Աշխատանք Եւ Նմանին Հանդէպ Սէր

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 122-ամեակ. ՀՅ Դաշնակցութեան Ուժը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.