Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԿՀՄ. «Պրայթ 2013»` Համալսարանական Արեւելումին Նպաստող Քաջալերական Եւ Օգտաշատ Նախաձեռնութիւն Մը

December 11, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), երէկ` երկուշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պրայթ 2013» համալսարանական արեւելումին նուիրուած հանդիպումներու բացման հանդիսութիւնը:

Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով խօսք առաւ Արամ Գարատաղլեան, որ ներկայացուց անցնող տարեշրջանի պատկերը: Ան յայտնեց, որ 2011-2012 տարեշրջանին լիբանանահայ 12 վարժարաններու մէջ կային աւարտական դասարանի 255 աշակերտներ, որոնցմէ յաջողեցան 227 աշակերտներ, եւ որոնցմէ 170-ը այժմ համալսարան կը յաճախէ: Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին «Պրայթ 2013» համալսարանական արեւելումին նուիրուած նախաձեռնութեան:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Այս առիթով խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ բարձրագոյն ուսման ճիւղի ընտրութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ առարկայական փաստերու, կարողականութեան, կապուածութեան, պայմաններու եւ բազմաթիւ այլ յատկանիշներու վրայ, որպէսզի ուսումը դառնայ երաշխիք` ասպարէզի եւ ապագայի ապահովման: Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ արեւելումի ճիշդ ձեւը սկսիլն է իտէալներով` գտնելու քարտէսը, ապա` սկսիլ յուսահատութեամբ եւ ծրագրել ծախողութեան կարելիութիւնը:

Զոյգ խօսքերէն ետք, լիբանանահայ 10 վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտները հերթական դրութեամբ ժամանեցին սրահ, ուր տեղադրուած էին լիբանանեան 14 համալսարաններու ու լիբանանեան բանակին տաղաւարները: Աշակերտները իւրաքանչիւր տաղաւարէ ստացան տեղեկութիւններ եւ համապատասխան գրքոյկներ: Կողքին գտնուող սրահին մէջ դպրոցներուն աշակերտները` խումբ առ խումբ կը լսէին «Կոկիկեան» հիմնարկին զեկուցումները` նուիրուած լիբանանեան պետական կառոյցներուն մէջ աշխատելու կարելիութիւններուն: Այս գծով զեկուցաբերները կը փոխանցէին իրենց անձնական փորձառութիւններն ու վկայութիւնները:

6-րդ տարին ըլլալով, «Պրայթ»-ը իր բնոյթով եւ այլազանութիւններով, լիբանանահայ աշակերտներու համալսարանական ճիւղի կողմնորոշման նպաստող քաջալերական նախաձեռնութիւն մըն է, որ արժանի է գնահատանքի:

Յայտնենք, որ ՀԿՀՄ-ը պատրաստած էր համալսարանական արեւելումին նպաստող` լիբանանեան համալսարաններու մասին յատուկ եւ շահեկան գրքոյկ մը, որ բաժնուեցաւ աշակերտներուն:

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Գոռ Մինասեան Տիրացաւ Արծաթ Մետալին

Յաջորդը

Թրքական Կառավարութիւնը ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարելու Համար Ամերիկեան Լրտեսական Յաւելեալ Օդանաւեր Կը Վարձէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.