Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գիրքի Փառաբանանքի Երեկոյին Ընթացքին «Հայ Գիրքը Մեր Ժողովուրդի Անմահութեան Ճամբան Է» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ` կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Տըպպայէի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փառաբանանքի երեկոյ «Հայ գիրքի տարուան» առիթով:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տաթեւիկ Արթինեանի:

Մէկ ժամուան տեւողութեամբ երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը երգեր, որոնց մէջ կը փառաբանէին հայ գիրքը եւ հայոց լեզուն, ինչպէս` «Հայոց տառեր», «Խօսք իմ որդուն», «Ով մեծասքանչ», նաեւ ժողովրդական երգեր, ինչպէս` «Կռունկ», «Այ իմ վարդին» եւ այլն: Յայտագիրի ընթացքին ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, որ մեկնաբանեց Զահրատի «Մեսրոպաբոյր», Վահան Թէքէեանի «Լեզուն որով գրեցի» եւ տոքթ. Մեզպուրեանի «Ով մեծասքանչ դու լեզու» քերթուածները: Ասմունքով հանդէս եկան նաեւ Համբարձում սրկ. Պալըքճեան` «Գիւտին փառքը» (Սիամանթօ) քերթուածով եւ Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան` «Մեր այբուբենը» (Գէորգ Էմին) քերթուածով: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յասմիկ Գասպարեան` դաշնակով, Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակով, իսկ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան ընթերցեց հատուածներ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին «Հայ գիրքի տարուան» հռչակագիրին:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց վեհափառ հայրապետը, որ նկատել տուաւ, թէ «Շնորհալի» երգչախումբը տարբեր հմայք ունէր սոյն երեկոյին ընթացքին, որովհետեւ անիկա սովորական համերգ մը չէր, այլ` հայ գիրքի փառաբանանքն էր, հայ գիրքի սրբազան պատարագն էր: «Հայ գիրքի փառաբանանքը կատարուած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին… հայ գիրքը մեր կեանքին մէջ եղած է կենդանի ու կենդանարար ներկայութիւն», հաստատեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ հայ գիրքը սովորական երեւոյթ մը չէ հայ կեանքին մէջ. հայ գիրքը տարբեր է իր ոգիով, խորհուրդով, պատգամով:

«Հայ գիրքին մէջ կայ հայու հոգին, հայու հաւատքը, հայու կամքը, հայու տեսիլքը… Անիկա հայութիւնը կը պաշտպանէ, հայութեան դիմագիծը կը պահէ», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Ան ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին հայ գիրքը վերածած է սրբազան արժէքի մը, որովհետեւ հայ գիրքը պահած ու պաշտպանած է հայ ժողովուրդը կեանքի փոթորիկներուն դիմաց:

«Առանց հայ գիրքին մեր կեանքը դատարկ է, մեր կեանքին ճամբան մութ է, անիմաստ եւ անդիմագիծ է մեր կեանքը», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս եւ նկատել տուաւ, որ սոյն համերգին ընդմէջէն Իրենք կ՛ուղղեն հետեւեալ պատգամը. «Հայ գիրք կարդացէ՛ք, հայ գիրք գրեցէ՛ք, որպէսզի հայ գիրքով մեր ժողովուրդը աւելի պայծառանայ, աւելի հայանայ, որովհետեւ հայ գիրքն է մեր ժողովուրդի անմահութեան ճամբան»: Եզրափակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ հայ գիրքը կենարար է մեր կեանքին մէջ քրիստոնէական եւ ազգային իմաստով:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

 

Նախորդը

Քրիս Պոհճալեանի Լիբանան Այցելութիւնը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.