Չինաստանի Նանքին քաղաքին մէջ 2014-ին տեղի պիտի ունենան պատանիներու ողիմպիականի 2-րդ խաղերը:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ողիմպիականի կոմիտէէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այդ խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ ժիւտոյի մարզաձեւը: Պատանիներու ողիմպիականին մասնակցելու համար 2013-ին տեղի պիտի ունենան աշխարհի պատանիներու զտումի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան իւրաքանչիւր երկրի մասնակցողները:
Լաւագոյնները ընտրելու նպատակով 30 նոյեմբերին Երեւանի Միքա մարզասրահին մէջ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ժիւտոյի պատանիներու զտումի ախոյեանութեան մրցումները (1996–1998-ի ծնունդ):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ միջազգային կարգի իրաւարար Արարատ Մարտիրոսեան:
Վերոյիշեալ մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի կազմուի Հայաստանի հաւաքականը, որ լաւապէս պիտի պատրաստուի օգոստոս 2013-ին տեղի ունենալիք աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութեան մրցումներուն:


