PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այսօր` չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ գտնուող Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Մրցաշարքը պիտի աւարտի 7 դեկտեմբերին:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Երեւանի հիւրընկալ դառնալը հետեւանք է 2009-ին աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան բարձր մակարդակով հիւրընկալումին:
«Անիկա սկզբունքով տեղի պիտի ունենար Թայլանտի մէջ: Սակայն նկատի ունենալով, որ վերջինս հրաժարեցաւ այս մրցաշարքը հիւրընկալելէ, մենք դիմեցինք Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին եւ ստացանք իրաւունքը` դառնալու հիւրընկալ երկիրը: Անիկա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ մեր երկրին համար` կռփամարտի զարգացման իմաստով: Հոս նշեմ, որ ախոյեանութեան ամբողջ տեւողութեան մուտքը պիտի ըլլայ ազատ», ըսաւ Գաբրիէլեան:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 68 երկիրներու 620 մարզիկներ, որոնց կարգին են ազրպէյճանցիները:
Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ Գաբրիէլեան ըսաւ. «Մենք բոլոր մարզիկներուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովենք: Սակայն Ազրպէյճանի պատուիրակութեան նկատմամբ աւելի ուշադիր պիտի ըլլանք: Նախապէս ազրպէյճանցիները եկած են Հայաստան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերած Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեանութեան, առանց որեւէ հարց կամ դժուարութիւն ունենալու այդ գծով»:


