PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան, Եւրոպայի վեցակի յաղթող եւ աշխարհի եռակի տիտղոսակիր Արմէն Նազարեան նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:
Ան չորս տարի պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, կը յայտնէ հայկական աղբիւրը:
Իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Նազարեան PanArmenian.Net-ի թղթակիցին ըսած է. «Նախապէս, Պուլկարիոյ ըմբշամարտի ֆետերասիոնը այդ պաշտօնը ինծի առաջարկեց բաւական առաջ: Սակայն, այդ մէկը որոշելու համար հինգ տարի ետք տուի իմ դրական պատասխանս: Յոյսով եմ, որ կ՛արդարացնեմ բոլորին ակնկալութիւնը»:
Նազարեանի գլխաւորութեամբ պուլկարացի ըմբիշները իրենց առաջին հաւաքին սկսան 26 նոյեմբերին: 21 օրուան այս հաւաքին պիտի մասնակցին 21 մարզիկներ եւ 3 մարզիչներ:
2013-ին տեղի ունենալիք Պուլկարիոյ ախոյեանութեան պատրաստուելու համար, հաւաքականը մարտին պիտի մասնակցի Վրաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Ըստ Նազարեանի, ախոյեանութենէն շաբաթ մը առաջ հաւաքականը պիտի ժամանէ Հայաստան, ուր պիտի կատարէ հաւաք մը:
Ան կը ծրագրէ խօսիլ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի հետ, որպէսզի միացեալ հաւաքներ կատարուին երկու երկիրներուն մէջ:


