Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայերուն Նուիրուած Երգահանդէս` Հայ Երգիչներու Մասնակցութեամբ

November 22, 2012
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մէկ սիրտ, մէկ հոգի, միանանք եւ օգնենք» կարգախօսով, նոյեմբեր 11-ին տեղի ունեցաւ «Հայ էյտ» խորագրեալ երգահանդէսը, զոր կազմակերպած էին Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը եւ «Արուեստագէտները երեխաներու համար» կազմակերպութիւնը: Սուրիոյ հայ համայնքին օգնելու նպատակը ունեցող սոյն ձեռնարկին մասնակցելու համար Փասատինայի «Սիվիք օտիթորիըմ» հաւաքուած էին հայ երգիչներ, երաժիշտներ` ոչ միայն Միացեալ Նահանգներէն, այլեւ` Հայաստանէն ու Ֆրանսայէն:

Ռուբէն Հախվերդեան, Սերժ եւ Խաչատուր Թանգեաններ, Արտօ Թունջպոյաճեան, Լիլիթ Պիպոյեան, Վիգէն Դարբինեան, Սեպուհ Սիմոնեան, «Էլեմընթ», «Վիզա», «Չարմինկ լայըրզ», «Տըրթի տայմընտ» խումբերը, «Հայ եմ» քառեակը, Արմէն Մովսիսեան ու Սուրէն Գահվեճեան  իրենց ջերմ կատարումներով զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մեր ազգակիցներուն:

«Երգահանդէս է այսօր, եւ այս սրահին մէջ նուագուած ամէն մէկ խազ, երգուած ամէն մէկ տող, թափուած ամէն քրտինք եւ սպառած ամէն մէկ շունչ, այսօր ծախսուած ամէն մէկ սենթ եւ նուիրուած իւրաքանչիւր լումայ սիրայօժար եւ ինքնաբուխ, զոհաբերուած նուիրական ընծայ է ձեր բարօրութեան ու ձօն` ձեր խաղաղութեան: Այս երեկոյ, այստեղ բարձրացող երգն ու երաժշտութիւնը կը հնչեն իբրեւ ղօղանջ զօրակցութեան, իբրեւ մաղթանք լոյսի-յոյսի, իբրեւ աղօթք խաղաղութեան», իր խօսքով սուրիահայերուն դիմեց ձեռնարկը վարող Զաւէն Խանճեան:

Սուրիոյ իրենց քոյր-եղբայրներուն նուէրներ յանձնեցին նաեւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Սրբոց Նահատակաց, Ֆերահեան, Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային հայկական երեք վարժարաններուն սաները: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը Սուրիոյ հայ համայնքին պիտի փոխանցէ 250 հազար տոլար գումար մը:

Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը ստեղծուած է սուրիահայերուն օժանդակելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող եկեղեցական, բարեսիրական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններու միասնական որոշումով, 2012-ի օգոստոս 14-ին:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Սուրիահայ Կեանք. Ի՛նչ Ընել` Հալէպը Փրկելու Համար (Խորհրդաժողովի Մը Հետքերով)

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։