Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՒԶԷ. ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՑՈՅՑԵՐՈՒ ՃՆՇՈՒՄԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ

April 29, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը

Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց` ժողովրդավարութեան ձգտող ցուցարարներուն պահանջները դրական կերպով ընկալելու: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յատուկ պատուիրակները, որոնց շարքին թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, երէկ Ասատին ներկայացուցին Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները, իսկ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ժողով մը գումարեց` լսելու համար Սուրիոյ տագնապին շուրջ զեկուցումը: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած էր, որ իր երկիրը չ՛ուզեր Սուրիոյ մէջ «բռնատիրական, ամբողջատիրական, ճնշիչ կառոյց մը» տեսնել:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ յայտնեց, որ Թել Աւիւ որեւէ այլ երկրի ներքին հարցերուն պիտի չմիջամտէ, սակայն Լիպիոյ քաղաքայինները պաշտպանելու համար միջազգային համայնքին օգտագործած «նոյն վարուելակերպն» ու «նոյն սկզբունքերը» պէտք է օգտագործուին նաեւ Սուրիոյմէջ: Ան նշեց, որ Սուրիան դատապարտելու ՄԱԿ-ի ձախող փորձը «հակառակ է այդ սկզբունքին»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չորեքշաբթի գիշեր նիստ մը յատկացուց Սուրիոյ զարգացումներուն, երբ Սուրիոյ ցուցարարներու սպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ջանքերը ձախողութեան մատնուեցան: Ռուսիա եւ Չինաստան մերժեցին Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Փորթուգալի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սիւզըն Ռայս նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Ասատ պէտք է «իր ընթացքը փոխէ, եւ ցուցարարներուն դէմ ուժ կիրարկելէ դադրի»: Ան ըսաւ, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ համաձայնութիւն գոյացնելու ջանքերուն ձախողութենէն ետք միջազգային համայնքը պէտք է միասնական կեցուածք որդեգրելով դատապարտէ Սուրիոյ մէջ ճնշումները:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը թիրախ դարձնող արշաւի մը ծիրին մէջ սուրիական ընդդիմադիր խմբակներ ֆինանսաւորելու յանցանքով:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Փանքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ ցուցարարներու ճնշումը «միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան վտանգ չի սպառնար», եւ աւելցուց. «Շրջանային ապահովութեան իսկական սպառնալիքը արտաքին միջամտութիւնն է»` զգուշացնելով, որ այդպիսի ընթացք մը կրնայ ստեղծել բռնարարքներու ոլորապտոյտ մը, որ կրնայ քաղաքացիական պատերազմ յառաջացնել:

Միւս կողմէ, ռուսական «Իթար Թասս» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիա սուրիական իշխանութիւններէն պահանջած է ցուցարարներու սպանութեան պատասխանատուները արդարադատութեան յանձնել: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսէյ Սազոնով ըսած է, թէ «կը սպասենք, որ Դամասկոս ազդու եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարէ զոհեր պատճառած բոլոր դէպքերուն շուրջ եւ յանցաւորները ներկայացնէ արդարադատութեան»:

Նախորդը

ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑԻԼ

Յաջորդը

ՄԱՐԱՔԵՇԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ 14 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։