Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

27 Սուրիահայ Վարժարաններ Կը Ստանան ՀՕՄ-Ի Յատկացումները

November 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

Սուրիահայութեան Ծառայութեան Համար ՀՕՄ-ի Այլազան Նախաձեռնութիւնները Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութենէն կը յայտնեն, որ ՀՕՄ-ի «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ի ծիրին մէջ հանգանակուած 100 հազար ամերիկեան տոլարի բաշխումը սկսած է արդէն սուրիահայ բոլոր վարժարաններուն:

ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Յակոբեանի համաձայն, 100 հազար ամերիկեան տոլարէն յատկացումներ ստացած են Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ այլ շրջաններու մէջ գործող հայկական 27 վարժարաններ (դպրոցներու ցանկը տեսնել ստորեւ): «Հալէպէն դուրս գործող բոլոր վարժարանները ամիսներէ ի վեր արդէն կը գործեն, իսկ Հալէպի դպրոցներու բարձրագոյն դասարանները հայկական կեդրոններու եւ ապահով շրջաններ գտնուող վարժարաններու մէջ կը գործեն: Յոյսով ենք, որ պայմանները շուտով կը դառնան ձեռնտու` նախակրթարանները եւս վերաբանալու համար», յայտնեց ան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Ռէյիսեանը աւելցուց, որ «ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, ՀՕՄ-ի հայկական վարժարաններուն տրամադրուած այս օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու ամբողջացման` թէ՛ հայկական վարժարանի գոյատեւման նպաստող անհրաժեշտ գումար հասցնելով, թէ՛ ծնողքին նիւթական բեռը թեթեւցնելով»:

Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ ՀՕՄ-ի «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին, կողքին, սուրիահայութեան ի նպաստ այլ հանգանակութիւններու եւս ձեռնարկած են ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները անխտիր: «ՍՕԽ-ը Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ կը շարունակէ գործել: Ժամանակ մը պարտադիր դադարէ ետք, վերսկսած է գործել ՍՕԽ-ի դարմանատունը եւ տարրալուծարանը. բաւարարելու համար ստեղծուած կարիքները` հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ եւս ստեղծած ենք բժշկական ծառայութեան կարելիութիւն: Յաղթահարելով դժուար պայմանները` բազմապատկուած տարողութեամբ կը շարունակենք ծառայել կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ուսանողներուն ու ճիգ չենք խնայեր նաեւ բաւարարելու կարիքները Պատսպարանի մեր երեխաներուն: Այս պայմաններուն մէջ, բնականաբար սերտ գործակցութեան մէջ ենք Շտապ օգնութեան միացեալ մարմինին, Ազգային իշխանութեանց եւ յատկապէս Առաջնորդ սրբազան հօր հետ», յայտնեց ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին:

Սուրիահայութեան պայմաններու մեղմացման գծով անմիջական աշխատանք կը տանին նաեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի եւ Լիբանանի միաւորները` նկատի ունենալով, որ որոշ թիւով սուրիահայեր ապաստանած են Հայաստան ու Լիբանան:

Հայաստանի պարագային ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը արդէն կազմած է Սուրիահայութեան հարցերով զբաղող իր յանձնախումբը, որ շաբաթական կանոնաւորութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպէ Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ: Այդ հանդիպումներուն ընթացքին փորձ կը կատարուի բացատրութիւն եւ ուղղութիւն տալու Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու դիմագրաւած խնդիրներուն, յատկապէս կրթական, առողջապահական ու օրինական մարզերուն մէջ: «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան հետ գործակցաբար ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄ-էն ստացած ու իր միջոցներով ապահոված դեղորայքի որոշ քանակ մը ուղարկած էր Հալէպ: Իսկ նկատի ունենալով ձմեռնամուտը, Հայաստանի միաւորը սննդամթերք, տաք հագուստ եւ ծածկոցներ յատկացուցած էր կարիք ունեցող ընտանիքներու: ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեան մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմուած սուրիահայութեան հարցերով զբաղող յանձնախումբին:

Լիբանանի պարագային,  նկատի առած, որ ազգային համապատասխան մարմիններ կրթական կամ այլ կարիքներու բաւարարման գծով աշխատանք կը տանին, ԼՕԽ-ը առաւելաբար կեդրոնացած է ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւններու վրայ եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը իր բոլոր ծառայութիւնները կը տրամադրէ իրեն դիմող բոլոր սուրիահայերուն անխտիր: Միջին հաշուով, օրական 25 սուրիահայ պարագաներ կը ներկայանան ԼՕԽ-ի զանազան բաժանմունքներուն` տարբեր-տարբեր կարիքներով. բոլորին կը տրուին համապատասխան անհրաժեշտ լուծումները:

ՀՕՄ-ը սերտած էր նաեւ Սուրիոյ ներկայ պայմաններուն բերմամբ Հայաստան կամ Լիբանան մեկնած համալսարանական ուսանողներու պարագաներն ու կարիքները, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն որոշած են սուրիահայ ուսանողներու վճարումները ջնջել: Միութիւնը կը շարունակէ հետեւիլ այլ երկիրներու պարագաներուն:

Հարցումի մը պատասխանելով` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան յայտնեց.- «ՀՕՄ-ի 27 երկիրներու մէջ գործող միաւորները առաջինները եղան, որ հայ հասարակութեան մէջ սուրիահայութեան օժանդակութեան հանգանակային աշխատանքի շարժում ստեղծեցին: Այդ աշխատանքի արդիւնքը այսօր արդէն հասած է Սուրիա եւ յատկացուած սուրիահայ վարժարաններուն: Մեր միաւորներն ու ընկերուհիները թէ՛ հանգանակային աշխատանքը կը շարունակեն համահայկական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, թէ՛ գետնի վրայ սուրիահայութեան կարիքներուն կը ծառայեն: Այստեղ կ՛ուզեմ իմ գնահատանքը արձանագրել պատնէշի վրայ մնացած ՍՕԽ-ի անդամ մեր ընկերուհիներուն, որոնք հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն, կը շարունակեն իրենց կարելին ընել` ծառայելու համար իրենց ժողովուրդին: Այս առիթով յայտնեմ, որ ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի ներդրումով ՍՕԽ-ը շուտով կը սկսի կարիքաւոր ընտանիքներու շաբաթական գէթ երկու անգամ տաք ճաշի մատակարարման ծրագիրի մը գործադրութեան: Սկզբնական անհրաժեշտ գումար մը փոխանցուած է արդէն ՍՕԽ-ի մեր ընկերուհիներուն` միշտ յուսալով, որ այդ կարիքը շուտով կը դադրի գոյութիւն ունենալէ: ՀՕՄ-ը իր լուռ աշխատանքը պիտի շարունակէ սուրիահայութեան կարիքներուն ծառայելու, կացութեան լրջութեան համազօր պատասխանատուութեան զգացումով` կեդրոնանալով իսկական կարիքին վրայ, նպատակային ու հետեւողական աշխատանքով տալով մեր առաւելագոյնը»:

ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները կը շարունակեն սուրիահայութեան օժանդակութեան համար նուիրատուութիւններ ընդունիլ: Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը առօրեայ կապի մէջ է Հալէպի հետ եւ օրը օրին ծագող կարիքներուն ծանօթանալով, միութիւնը կը փորձէ զանոնք բաւարարել` հանգանակային համահայկական նախաձեռնութեան հետ գործակցաբար:

ՀԱԼԷՊ.- Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան, Ազգային Հայկազեան վարժարան, Ազգային Սահակեան վարժարան, Ազգային Կիւլպենկեան վարժարան, Ազգային Զաւարեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Զուարթնոց վարժարան, Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարան, Լ. Նաճարեան – Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարան, Կրթասիրաց – Չեմպերճեան երկրորդական վարժարան, Կիլիկեան վարժարան:

ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Ազգային միացեալ վարժարան, Թարգմանչաց վարժարան, Սահակեան դպրոց, Հայ Կաթողիկէ Լոյս վարժարան, Հայ կաթողիկէ Փարոս վարժարան, Հայ կաթողիկէ միացեալ վարժարան, Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարան:

ՔԵՍԱՊ.- Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Յոյս վարժարան, Հայ աւետարանական Նահատակաց վարժարան

ԱՅԼ.- Գամիշլի` Ազգային Եփրատ վարժարան, Լաթաքիա` Ազգային Նահատակաց վարժարան, Եագուպիէ` Ազգային Վերածնունդ վարժարան, Ռաքքա` Ազգային Նուպարեան վարժարան, Հասաքէ` Ազգային Մեսրոպեան վարժարան, Տերիք` Ազգային Ազատութիւն վարժարան, Ռաս Ուլ Այն` Ազգային Նահատակաց վարժարան:

 

 

Նախորդը

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Մրցանքներու Մրցանակակիրներու Անուանացանկ 2011-2012 Գ. Տարեշրջան

Յաջորդը

«Պիպլոս» Դրամատան Կեդրոնական Համալիրին Մէջ Նորիկեանի «Ժամանակին Հետ» Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.