Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ընտրութիւններուն Ամերիկահայերը Մեծ Յաջողութիւններու Հասած Են

November 19, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

Երկար ամիսներու բուռն ընտրապայքարէն, ելեկտրոնային նամակներու եւ յայտարարութիւններու անվերջանելի տարափէն, թեկնածուներուն եւ անոնց աջակիցներուն կողմէ միլիառաւոր տոլարներ ծախսուելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսի ընտրութիւնները անփոփոխ պահեցին ամերիկեան քաղաքական դաշտը: Միացեալ Նահանգները յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին պիտի ունենայ միեւնոյն նախագահը եւ Ներկայացուցիչներու պալատին ու ծերակոյտին մէջ` միեւնոյն մեծամասնութիւնները:

Ներկայացուցիչներու պալատը պիտի շարունակէ մնալ հանրապետականներուն, իսկ ծերակոյտը` դեմոկրատականներուն ձեռքը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ նախագահ Օպամայի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը որոշ չափով անփոփոխ պիտի մնայ, եւ Քոնկրեսը երկու կամ աւելի տարի պիտի շարունակէ անել կացութեան մէջ մնալ` բացասական ազդեցութիւն ունենալով տնտեսութեան մէջ արագ վերականգնումներ կատարելու հեռանկարներուն վրայ: Ներկայացուցիչներու պալատը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չաջակցի նախագահ Օպամայի ընկերային եւ տնտեսական օրակարգի յատկապէս առողջապահութեան եւ հարկային բնագաւառներուն:

Հակառակ անոր որ նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մէջ քաղաքական մեծ փոփոխութիւններ չարձանագրուեցան, բայց եւ այնպէս ամերիկահայերը կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցան Քոնկրեսի եւ տեղական ընտրութիւններուն ընդմէջէն: Հայ ընտրողներուն քուէները ազդեցութիւն չունեցան նախագահական ընտրապայքարի արդիւնքներուն վրայ, որովհետեւ նախագահ Օպաման հանրապետական իր մրցակիցէն երեք միլիոն աւելի քուէ ապահոված էր: Ուստի քաղաքական իմաստով աւելի իմաստալից էր հայ համայնքին միջոցներն ու քուէները կեդրոնացնել Քոնկրեսի եւ տեղական  ընտրութիւններուն վրայ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբին աջակցութիւնը վայելող Քոնկրեսի 145 թեկնածուներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` 90 տոկոսը յաղթութիւն խլեց ընտրութիւններուն ընթացքին: Ծերակուտականներու մրցապայքարին մէջ Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութեան արժանացած 15 թեկնածուներէն 12-ը յաղթեցին. անոնք են` Տայան Ֆայնսթայնը (Քալիֆորնիա), Քրիս Մըրֆին (Քոնեքթիքըթ), Մազի Հիրոնոն (Հաուայեան կղզիներ), Պեն Քարտինը (Մերիլենտ), Տեպի Սթեպընաուը (Միշիկըն), Էմի Քլոպուչըրը (Մինիսոթա), Պապ Մենենտեզը (Նիւ Ճըրզի), Մարթին Հէյնրիչը (Նիւ Մեքսիքօ), Շերոտ Պրաունը (Օհայօ), Շելտըն Ուայթհաուսը (Ռոտ Այլընտ), Պեռնարտ Սենտըրզը (Վըրմանթ) եւ Թամմի Պոլտուինը (Ուիսքանսըն):

Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ 130 թեկնածուներէն 118-ը, որոնք Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը կը վայելէին, ընտրուեցան, անոնց կարգին են` Լուիս Քեփսը (Քալիֆորնիա), Ճեֆ Տենհամը (Քալիֆորնիա), Ճանիս Հանը (Քալիֆորնիա), Էտ Ռոյսը (Քալիֆորնիա), Էտըմ Շիֆը (Քալիֆորնիա), Տէյվիտ Վալատաոն (Քալիֆորնիա), Քորի Կարտնըրը (Քոլորատօ), Տինա Թիթըսը (Նեւատա), Ֆրենք Փալոնը (Նիւ Ճըրզի), Մայքլ Կրիմը (Նիւ Եորք), Տէյվիտ Սիսիլինը (Ռոտ Այլընտ), Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քենթըրը (Վըրճինիա) եւ Ֆրենք Ուոլֆը (Վըրճինիա):

6 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն արդիւնքները ամերիկահայ համայնքին համար կրնան Քոնկրեսին մէջ անսպասելիօրէն բարենպաստ զարգացումներու առաջնորդել: Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ քոնկրեսական Էտ Ռոյսը բաւական լաւ առիթներ ունի իր գործընկերներուն կողմէ ընտրուելու Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի յաջորդ նախագահ: Հայկական հարցերու ջատագով քոնկրեսական Ռոյսը կրնայ փոխարինել նախկին նախագահը` թունդ թրքամէտ, Ներկայացուցիչներու  պալատի անդամ Իլիանա Ռոս-Լեհթինընը (հանրապետական, Ֆլորիտայէն):

Նոյնանման շատ բարենպաստ զարգացում կրնայ տեղի ունենալ նաեւ ծերակոյտին մէջ, երբ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շուտով հեռանայ իր պաշտօնէն` նախագահ Օպամայի առաջին պաշտօնավարութեան աւարտին:

Քաղաքական մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով, ծերակուտական Ճոն Քերին` ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ներկայ նախագահը եւ հայ համայնքի մտերիմ բարեկամը, կրնայ ստանձնել արտաքին գործոց կամ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը. եւ այդ պարագային ծերակուտական Մենենտեզ` հայկական խնդիրներու մեծ ջատագովը, հաւանաբար ըլլայ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի յաջորդ նախագահը:  Նման երկու հզօր կառոյցներու նախագահական դիրքերու վրայ քոնկրեսական Ռոյսի եւ ծերակուտական Մենենտեզի միեւնոյն ատեն ընտրուելու հաւանականութիւնը առիթ պիտի տայ ամերիկահայերուն` աննախադէպ գործակցութիւն ծաւալելու արտաքին քաղաքական որոշումներ կայացնողներուն հետ:

Հայ համայնքի բարեկամներու ընտրութիւններէն ալ աւելի կարեւոր էին յաջողութիւնները առնուազն 16 ամերիկահայերու, որոնք կա՛մ ընտրուեցան առաջին անգամ, կա՛մ վերընտրուեցան` շարունակելու համար ծառայութիւնը իրենց ընտրատարածքներու մէջ: Քոնկրեսի ամերիկահայ անդամներն են` Աննա Էշուն եւ Ճեքի Սփիրը, որոնք Քալիֆորնիայէն են եւ երկուքն ալ ճնշող մեծամասնութեամբ վերընտրուեցան: Նահանգային եւ տեղական ընտրապայքարին յաղթանակ ապահովող միւս անդամներն են` Լինտա Արզումանեան` Արիզոնայի Պիմա շրջանի դպրոցներու կառավարիչ, Խաչօ Աշաճեան` Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդ, Ատրին Նազարեան` Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդ, Թիմ Գափուչեան` Այոուա նահանգի ծերակուտական, Մերի Լուի Մարզեան` Քընթաքի նահանգի պալատ, Փիթըր Գութուճեան` Մասաչուսեցի Միտլսեքս շրջանի շերիֆ, Ճէյմս Միչելի` Նիւ Հեմփշիրի նահանգային խորհրդարան, Ճոն Ֆրեզոլօ` Մասաչուսեցի նահանգային խորհրդարան, Կերի Ազարեան` Նիւ Հեմփշիր նահանգի պալատ, Շարլին Թաքեսեան` Նիւ Հեմփշիր նահանգային խորհրդարան, Պրետ Աւագեան` Օրիկըն նահագի բանուորներու յանձնաժողովի ատենապետ, Սքաթ Աւետիսեան` Վարուիքի  քաղաքապետ, Ռոտ Այլընտ, Ճերըտ Նինըս` Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարան եւ Քեթրին Ղազարեան` Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարան:

Կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք կա՛մ առաջին անգամ ընտրուած են, կա՛մ` վերընտրուած:  Յատկապէս հաճելի է տեսնել ներկայութիւնը` քաղաքական պաշտօններուն համար պայքարող մրցանշային թիւով ամերիկահայերու, որոնցմէ շատեր յաղթած են իրենց համապատասխան ընտրապայքարին: Այս յաղթանակները լաւ ապագայ կը խոստանան ամերիկահայ քաղաքական աշխուժութեան առումով: Համայնքը պէտք է աջակցի եւ խրախուսէ այս պետական ծառայողները, որպէսզի յառաջիկայ քանի մը տարիներուն անոնք կարենան շատ աւելի բարձր պաշտօններու ձգտիլ` թեկնածութիւն առաջադրելով Քոնկրեսի մէջ եւ նոյնիսկ` նախագահի պաշտօնի համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի փոխադրեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Հայաստանի Բարդ Երկընտրանքը. Ճանաչե՞լ, Թէ՞ Ճանաչեցնել Տալ Արցախը

Յաջորդը

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Սամիր Սալիպա Հրապարակեց Իր Ցանկը` Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.