Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եոլանտը

November 17, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տ. Թ.

40 օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուէր Եոլանտ Քերոբեան Ճոմպալաքեան հայուհին,  որ իր պարզ, լուռ եւ համեստ կենցաղով մեծ դրոշմ մը ձգեց զինք ճանչցող շրջապատին մէջ:

Ամբողջ կեանքին ընթացքին ան կը պարծենար երեք արժանիքներով` հայութեամբ, Ճեմարականութեամբ եւ ԼՕԽ-ի անդամակցութեամբ: Իրեն համար հայ ըլլալը իրեն պարգեւուած բնածին պատիւ մըն էր, հայութիւնը` իր քրիստոնէական հաւատքով, սիրով ու ընտանիքի հասկացողութեամբ, Հայաստանով,  անգնահատելի արժէք մըն էր: Ճեմարանը` Շանթի ու Աղբալեանի եւ անոնց յաջորդներուն շունչով մեծնալու,  աճելու, զարգանալու,  ապրելու, Ճեմարանի ազատ բայց պարտադրող պարզութեամբ ու ընկերասիրութեամբ  դաստիարակուելու օրրան մըն էր, եւ ինքը այդ արժանիքներով հարուստ ճեմարանականն էր: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ու անոր անդամակցիլը` իր հաւատացած այդ արժէքները մարդուն հետ բաժնելու եւ օգնելու բաց ասպարէզն էր: Մինչեւ իր վերջին շունչը, իր գիտակցութեան տէր,  ան կը դաւանէր ու կը պաշտպանէր իր երրեակ հաւատամքը եւ իր երեսին վրայ երեւցող յոգնած ու տկար ժպիտով  իր կեանքին ողջ ընթացքին իրեն ընկերացող պարծանքն էր, որ կ՛արտայայտէր:

Հետզհետէ կորսնցուցած էր իր ընտանիքի անդամները եւ հեռու էր իր միակ ապրող եղբօրմէն ու ընտանիքէն,  քիչ էին իր բարեկամները, որովհետեւ իր ազնիւ եւ համեստ նկարագիրին  կ՛ընկերակցէր ուղամիտ, ճշդապահ, ճշմարտութիւնը սիրող, թափանցիկ,  անսակարկ հայութեամբ լի, անկեղծ եւ բծախնդիր անձերու, ինչպէս ինքն էր: Եոլանտը վերոյիշեալ արժէքներէ զիջում չունէր, պէտք էր այդպիսին ըլլալ նաեւ այն անձը, որուն պիտի բարեկամանար: Իր այս նկարագրային գիծերը պատճառ հանդիսացած էին, որ ան երբեմն ցաւցնէր իր մօտիկները, ատոր համար ալ մեծ ցաւ կը զգար, բայց «ես այդպէս եմ» կ՛ըսէր:

Լիբանանահայ  օգնութեան խաչի  գործօն անդամ էր, տարած էր վարչական պարտականութիւններ եւ իբրեւ ատենապետուհի` վարած Պէյրութի մասնաճիւղի գործունէութիւնը: Իր այդ օրերու գործակիցներու մտքին մէջ, տակաւին կը յամենան իր բծախնդիր եւ պահանջկոտ պարտադրանքները, յանուն իր հաւատացած կազմակերպութեան վարկին ու վերելքին. անվարան կարելի է ըսել, որ այդ բոլորը իրենց հետքը թողած են իրեն հետ գործած անդամներու միութենական վարքագծին ու հոգիին մէջ:

Խոր ապրումներու տէր, միշտ մտածող, վերլուծող եւ աւելի լաւին ձգտող, իր հայրենակիցներուն դժուարութիւնները հասկցող  եւ  անոնց բարելաւման համար տառապող հոգին էր ան, տառապանք մը, զոր կը բաժնէր իր մտերիմներուն հետ եւ  որու  արդիւնքը եղաւ իր յետ մահու  կտակը ԼՕԽ-ին`   իր պաշտած եւ հաւատացած կազմակերպութեան, ԼՕԽ-ի ճամբով ` «Թող ոչ մէկ հայ անօթի մնայ»-ի իր թելադրանքով: Որքան լուռ եւ հզօր է իր թելադրանքը, որքան խոր եւ խօսուն իր ցանկութիւնը, մեծ էր Եոլանտը` առանց  պարծենալու իր մեծութեամբ, որքան խելամիտ էր Եոլանտը, առանց արհամարհելու ուրիշները, որքան բարի էր Եոլանտը բարութեան մղելով նաեւ իր շուրջինները….. Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ գործակից եւ բարեկամուհի, ինչպէս որ կ՛ըսէիր:

Նախորդը

Մրցանիշներու Անձրեւ Փաքիստանի Մէջ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Բարերարուհի Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.