Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` «Նոր Աւետարանացում Եւ Վատիկանի Յատուկ Սիւնհոդոսը» Նիւթով

November 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակին, երէկ` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ պատրիարքարանին մէջ:

Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակի պատասխանատու հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ յոտնկայս աղօթելէ ետք ողջունեց ներկաները` յիշեցնելով, որ անցնող 8 սեպտեմբերին հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք յայտարարած էր «Նոր աւետարանացում»-ի համար գրասենեակի մը հաստատման որոշումը, զուգահեռաբար` 2012-2013 տարեշրջանը «Հաւատքի տարի» հռչակելու Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապի որոշումին: Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին մէջ քրիստոնէական կազմաւորումը նպատակ ընտրած նշեալ գրասենեակին գործունէութեան ծիրին մէջ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կապի մէջ պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն հետ` շաբաթական հերթականութեամբ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ` հետեւեալ  լատինատառ հասցէով Nerses Bedros XIX: Ըստ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, միաժամանակ հայ կաթողիկէ երիտասարդներու համար կը հաստատուի յատուկ կայքէջ մը` youtharmeniancatholic.org, որուն նպատակն է հաւատքի հրաւիրել նոր սերունդը` մասնակցելով եկեղեցական կեանքին:

Ապա խօսք առաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ հակիրճ տողերու մէջ զեկուցեց եւ իր տպաւորութիւնները փոխանցեց անցնող 7-էն 28 հոկտեմբերի ընթացքին Հռոմի մէջ կայացած Վատիկանի Սիւնհոդոսին մասին, որուն բնաբանն էր «Նոր աւետարանացումը` քրիստոնեայ հաւատքը փոխանցելու համար»:

«Հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, որ այս սիւնհոդոսը կ՛ուզէ փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն: Հայ ժողովուրդը մաս կը կազմէ այս հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն», յայտնեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը` յատուկ ակնածանքով ու դրուատիքով նշելով 301 թուականին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ 451 թուականին Վարդանանց Աւարայրի ճակատամարտի անկիւնադարձային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի` քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալու իրողութեան մէջ: Ապա Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նշեց 406 թուականին Մեսրոպ Մաշտոցի ու աւելի ուշ` 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Ներսէս Լամբրոնացիի եւ այլ աստուածաբան սուրբերու ունեցած խիստ տարրական ներդրումը` հայոց լեզուի եւ կրօնի ամրապնդման երթին մէջ:

«Ալ աւելի ծանր փորձութիւն մը ապրեցաւ հայ ազգը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, երբ շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան 1915 թուականին: Այս նահատակներուն գլուխն էր Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը: Եկեղեցին ճանչցաւ այս եղելութիւնը իբրեւ «հաւատքի դէմ եւ ցեղային ատելութեան արարք», եւ Իգնատիոս Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ` 2001-ին: Իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչցուած այս եղելութիւնը կրկին անգամ ցոյց կու տայ հայոց կառչածութիւնը, մինչեւ արեան զոհողութիւն, Քրիստոսի հաւատքին եւ սուրբ Աւետարանին», ընդգծեց հոգեւոր տէրը:

«Վատիկանի «Նոր աւետարանացում»-ի Սիւնհոդոսը «Նոր հանգրուան մըն է, որ կը մղէ մեզ կրկնապատկելու կորովը` գտնելու համար նոր եւ համոզիչ միջոցներ, որոնք կը վերակենդանացնեն հաւատքը եւ կը ներգրաւեն ոչ մկրտեալները` կեանքի օրինակին հետեւելով եւ Աստուծոյ խօսքը հռչակելով», եզրափակեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը:

Ապա հոգեւոր տէրը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Այս առիթով պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ի՞նչ կեցուածք որդեգրուած է այս գծով տագնապահար օրեր ապրող սուրիահայ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ` 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարտահրաւէրներուն ընդառաջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Մեր կարելիութիւնները ի սպաս դրինք մեր սուրիահայ եղբայրներուն` անոնց առջեւ բանալով մեր վարժարանները եւ տեղ ու ապաւէն ապահովելով անոնց: Սակայն հիմնական մարտահրաւէրը, գաղթական սուրիահայ մեր հաւատացեալ եղբայրներուն գործ հայթայթելու դժուարութիւնն է»: Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթած մարտահրաւէրին գծով հոգեւոր տէրը յիշեցուց 2001-ին Իգնատիոս արք. Մալոյեանի Երանելի հռչակուիլը Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ` ընդգծելով, որ կարելի եղածին չափ «մեր միւս նահատակ հայրերն ալ Երանելի հռչակելու ճիգին լծուած ենք, որովհետեւ հայ ժողովուրդը պէտք ունի այդ նահատակներու բարեխօսութեան` Աստուծոյ մօտ»: Այս գծով իբրեւ գործնական միջոցառում հոգեւոր տէրը Պենետիկտոս ԺԶ. պապէն խնդրած է 2015-ի ապրիլ 24-ի ամենամօտ կիրակին հայերէն լեզուով պատարագ մատուցել Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ` պապին հովանաւորութեամբ: Նաեւ պապէն խնդրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով դրոշմաթուղթեր հրատարակել, ինչպէս նաեւ` այցելել Էջմիածին, ուր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը պատրաստուի ի մի համախմբել աշխարհի հոգեւոր պետերը: Պենետիկտոս ԺԶ. պապը սիրով խոստացած է ընդառաջել այս բոլորին:

Իսկ «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ տրուած ըլլալով, որ համացանցի հասարակաց լեզուն անգլերէնն է, «Թուիթըր» ընկերային ցանցին մէջ հայ երիտասարդներ ի՞նչ լեզուով պիտի հաղորդակցին` արեւմտահայերէնի վտանգաւոր իրավիճակի լոյսին տակ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի անգլերէնի կողքին նաեւ հայերէնով հաղորդակցելու երիտասարդ հաւատացեալներուն հետ` խօսքը փոխանցելով այս մարզի պատասխանատու հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին: Վերջինս իր կարգին յստակացուց, թէ ներկայիս «Թուիթըր»-ի մէջ հոգեւոր տիրոջ էջը անգլերէնով սկսած է, սակայն աշխատանք կը տարուի հետագային հայերէնը եւ ֆրանսերէնը եւս որդեգրելու իբրեւ հաղորդակցութեան լեզու:

Ամենապատիւ պատրիարք հօր հրաւէրով փակման խօսքը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մասիս վրդ. Զօպույեան, որ իր խոր հաճոյքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց նշեալ սիւնհոդոսին իր մասնակցութեան համար` նշելով, որ անիկա կը կրէր զուտ հոգեւոր բնոյթ, հեռու` քաղաքական կողմնորոշումներէ: Հայր Մասիս նաեւ յայտնեց, որ Վատիկանի նշեալ Սիւնհոդոսին քննարկումները յատուկ գրքոյկով պիտի հրատարակուին ու բաժնուին բոլոր եկեղեցիներուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Մորթի Եւ Եղունգի Հիւանդութիւններ Ու Կանխարգիլման Միջոցներ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Բանաստեղծութեան Միջազգային Փառատօնին Առիթով «Արցախահայ Բանաստեղծութիւններ Եւ Արցախեան Տպաւորութիւններ» Նիւթով Ձեռնարկ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.