Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պենետիքթոս 16-րդ Պապին Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միջեւ Նամակներու Փոխանակում

November 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս. Պենետիքթոս 16-րդ Պապը նամակ մը յղած էր Վեհափառ Հայրապետին, ուր ան իր գոհունակութիւնը յայտնելէ յետոյ Լիբանան կատարած իր այցելութեան գծով, ցաւ կը յայտնէր, որ «իր կամքէն անկախ պատճառներով չկրցաւ հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ` խօսելու միջ-եկեղեցական շարժումի ապագային մասին»: Ապա Սրբազան Քահանայապետը իր յարգանքն ու սէրը կը յայտնէր Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, վստահեցնելով Վեհափառ Հայրապետին` թէ «մօտ ապագային վստահաբար դարձեալ հանդիպելու առիթ պիտի ունենայ»:

Պատասխանելով Սրբազան Պապին յիշեալ նամակին, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յիշեցնէ պատմական կապերը Հայ Եկեղեցւոյ ու Վատիկանի միջեւ, յատկապէս Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ եւ այսօր եւս շարունակուող միջ-եկեղեցական գործակցութեան ու աստուածաբանական երկխօսութեան ճամբով: Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն կ՛անդրադառնար հետեւեալ երկու հարցերուն:

Առաջին` Վեհափառը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէր Միջին Արեւելքէն  ներս քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով: Ընդգծելէ յետոյ Պապին Լիբանան կատարած այցելութեան եւ այդ առիթով հրապարակած Հովուապետական Թուղթին յատուկ կարեւորութիւնը, Վեհափառը կը շեշտէ, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը պէտք է դառնայ Վատիկանի մնայուն առաջնահերթութիւններէն մէկը եւ միւս կողմէ քրիստոնեայ եկեղեցիներ Միջին Արեւելքէն ներս միասնաբար պէտք է շարունակեն որոնել այնպիսի ազդու միջոցներ, որով կարելի ըլլայ թէ՛ քրիստոնէական վկայութեան նոր մղում տալ եւ թէ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները ապահովել շրջանէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն լոյսին տակ:

Իր երկրորդ կէտով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունելէ յետոյ Պապին նախաձեռնութիւնը Աւետարանչութեան նուիրուած վերջին եպիսկոպոսաց Սինոտին գումարումով, կը յայտնէ, թէ աւելի քան երբեք համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ քրիստոնէական հաւատքը, արժէքներն ու աւանդութիւնները ենթակայ են վտանգի, մանաւանդ արեւմտեան ընկերութեան մէջ: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս երեւոյթին դիմաց: 1961-1962-ին գումարուած Վատիկանի Երկրորդ Ժողովը պատասխան մըն էր այդ օրերու ընկերութեան կեանքէն ներս յառաջացած մարտահրաւէրներուն: Յիսուն տարիներ ետք եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները բազմազան ու այլազան են: Հետեւաբար Վեհափառ Հայրապետը կ՛առաջարկէր Պապին, որ նախաձեռնէր Վատիկան Երրորդ Ժողովի պատրաստութեան: «Նման քայլ մը նաեւ իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ ուղղափառ եւ բողոքական եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան», իր նամակը կ՛եզրակացնէ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Կը Յայտարարէ. Թուրքիա Հայկական Հարցին Վերաբերեալ Ժապաւէններ Պիտի Նկարահանէ

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (15 Նոյեմբեր 1962)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.