«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Սքոր» մարզական յայտագիրին, այսօրուան հիւրը պիտի ըլլայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, որ պիտի խօսի յառաջիկայ 23 նոյեմբերին տեղի ունենալիք պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն մասին:
Նշենք, որ յայտագիրը կը վարէ մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի:


