Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Հայ Գիրքի 34-րդ Ցուցահանդէսի Բացում. «Հայ Գի՛րքը Հայ Մարդուն Փառքը, Պատիւն Ու Պարտքն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

November 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 11 նոյեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 34-րդ ցուցահանդէսի բացումը կատարելով` Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ բառերով. «Ահա դա՛րձեալ հայ գիրքին դիմաց կը գտնուինք. դա՛րձեալ հայ գիրքը կը դառնայ մեր մտածման սեւեռակէտը, մեր մտահոգութեան առանցքը: Մեր կեանքի առօրեան այնքա՜ն խճողուած է յաճախ լուսանցքային արժէք ունեցող հարցերով ու երեւոյթներով, որ հայ գիրքը փաստօրէն դուրս մնացած է մեր կեանքի մայր էջէն: Մեր մտածումներն ու մտահոգութիւնները հայ գրքին նկատմամբ սկսած են դառնալ պատահական ու մակերեսային: Ա՛յս է դժբախտ իրականութիւնը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:

«Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ահազանգը հնչեցնել… Հայ գիրքը այսօր տագնապի մէջ է, որովհետեւ հայ մարդը սկսած է հեռու մնալ հայ գիրքէն, անոր ոգեշնչող, հարստացնող ու հայացնող ներկայութենէն: Հայ գիրքը տագնապի մէջ է, որովհետեւ սկսած է նահանջ արձանագրել թէ՛ իր որակէն եւ թէ՛ քանակէն: Հայ գիրքը տագնապի մէջ է, որովհետեւ սկսած է որբանալ ու փոշիներու մէջ թաղուիլ: Հայ գիրքին տագնապը նաեւ մե՛ր տագնապն է, որովհետեւ`

Առանց հայ գիրքին աղքա՛տ է մեր կեանքը.
Առանց հայ գիրքին անգոյն է մեր կեանքը…»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով պատմութեան ընթացքին հայ գիրքին ունեցած առանցքային ներկայութեան ու դերակատարութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւնն է այս ճշմարտութեան: Արդարեւ, Ոսկեդարէն մինչեւ Արծաթէ դար, միջնադարէն մինչեւ վերազարթօնք, ցեղասպանութենէն մինչեւ սփիւռք ու Հայաստանի վերանկախացումը – յիշելու համար կարեւոր հանգրուանները միայն մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան – մեր կեանքին մէջ հայ գիրքը մնաց տիրական ներկայութիւն իր առանցքային դերով: Հայ գիրքը ո՛չ միայն  մեր կեանքը հոգեմտաւոր արժէքներով աւշաւորեց, այլ եղաւ մեր ինքնութեան ամուր վահաններէն մէկը պատմութեան մահասփիւռ ալիքներուն դիմաց»:

Վեհափառը յիշելով, թէ այս տարի նաեւ Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ, եւ միաժամանակ 500-ամեակն է հայ գիրքի տպագրութեան, ըսաւ. «Ներկայ տարուան ընթացքին համազգային տարողութեամբ ՓԱՌՔԸ հիւսեցինք հայ գիրքին` հանդէսներ ծրագրելով, հրատարակութիւններ կատարելով, կոթողներ բարձրացնելով, համագումարներ կազմակերպելով: Այլ խօսքով` բարձրագոյն աստիճանի վրայ արժանի յարգանքը ընծայեցինք հայ գիրքին, անգամ մը եւս յիշեցնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն թէ` հայ գիրքը հայութեամբ կը շնչէ ու հայու հարազատ արժէքներով հայ մարդը կը շնչաւորէ: Հայ գիրքը հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները իրար կը միացնէ` նո՛յն հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն շուրջ: Հայ գիրքը ոսկեկամուրջ մը կը նետէ մեր ներկային ու անցեալին միջեւ եւ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի լուսեղէն ապագայ:

«Արդ, մեր կեանքին մէջ սովորական ներկայութիւն մը չէ հայ գիրքը` մեր սեղաններն ու գրադարանները զարդարող: Հայ գիրքին ճամբով մեր պատմութեան մեծերը մեզի հետ կը խօսին ու ցոյց կու տան հայութեան ճշմարիտ ճամբան: Հայ գիրքին ճամբով մեր պատմութեան կարեւոր դէպքերը կեանք կ՛առնեն  ու մեզ կը զինեն հոգեւոր, մշակութային ու  ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն կառչած մնալու եւ նո՛յնիսկ անոնց յաւերժութեան համար պայքարելու հաւատքով ու կամքով»:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գիրքի ետին գտնուող հայ գրողին ու ըսաւ. «Հայ գիրքը ինքնագոյ ու ինքնանպատակ իրականութիւն մը չէ: Ան ծնունդ է հաւատքի, երկունքի, թռիչքի ու նուիրումի: Այլ խօսքով, հայ գիրքին ետին կը գտնուին հաւատք, տագնապ ու տեսիլք ունեցող մարդեր: Նայեցէ՛ք մեր պատմութեան: Միթէ նոյն հաւատքէն ու տեսիլքէն մղում չառա՞ւ Մեսրոպ Մաշտոցի Ա.Բ.Գ.-ի գիւտը: Միթէ նոյն հաւատքէն ու տեսիլքէն չառաջնորդուեցա՞ն բոլոր ժամանակներու մեր մատենագիրները, մտաւորականներն ու գրողները: Անոնք հաւատքո՛վ ու յանձնառութեամբ իրենց մտածումներն ու տեսակէտները, մտահոգութիւններն ու սպասումները փոխանցեցին գալիք սերունդներուն` ի խնդիր մեր «փոքր ածու»-ի զօրեղ պահպանման` ժամանակին ու միջոցին մէջ: Հայ գիրքը մեր պատմահօր բառերով` մեր ժողովուրդի «արութեան գործերուն» մաս կը կազմէ. հաւատքով ու տեսիլքով զսպանակուած այն «արութեան գործերուն», որոնք մեր ժողովուրդի անմահութեան ճամբան հունաւորեցին: Հետեւաբար, այսօր, երբ հայ ժողովուրդի անմահութեան ճանապարհին փարոսներէն մին դարձած հայ գիրքին փառքը կը հիւսենք, միաժամանակ պէտք է ըսենք` ՊԱՏԻ՜Ւ բոլոր անոնց, որոնք հայ գիրք գրեցին, հայ գիրք տպեցին ու տարածեցին նոյնիսկ մեր կեանքի ամէնէն դժխեմ պայմաններուն մէջ»:

Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի մեկենասներուն, հրատարակիչներուն եւ հիմնադրամներուն` ընդգծելով միաժամանակ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան կատարած հրատարակչական դերը: Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ.  «Ի՜նչ կ՛արժէ միայն գիրք գրել ու տպել` առանց զայն սեփականութիւնը դարձնելու ժողովուրդին: Հայ գիրքին փառքը հիւսել եւ հայ գիրք գրողին ու տպողին պատիւ ընծայել, կը նշանակէ միաժամանակ յիշեցնել, թէ հայ գիրք կարդալը եւ տարածելը իւրաքանչիւր հայու նուիրական ՊԱ՛ՐՏՔՆ է: Հայ գիրքին մասին խօսելով` յաճախ յիշեցուցած ենք, թէ հայ գիրքը կը գրուի ու կը տպուի, որպէսզի անոր ճամբով մեր հգեմտաւոր արժէքները, մեր ազգին անցեալի ու ներկայի կեանքին առնչուած տագնապներն ու մարտահրաւէրները եւ մեր ապագայի յոյսերն ու երազները փոխանցուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Արդ, հայ գիրքը տպել, երբ ան պէտք է բացուի հայ մարդուն առջեւ: Հայ մարդը պէտք է իր աչքերը միշտ յառած պահէ հայ գրքին` զայն դարձնելով իր հայօրէն կազմաւորման դարբնոցը, իր ինքնութեան բիւրեղացման աղբիւրը, իր տագնապներուն բալասանը, իր փնտռտուքներուն շտեմարանը: Հայ գիրքը է՛ եւ մի՛շտ պիտի մնայ բոլոր ժամանակներու բոլոր  սերունդներուն համար մարդակերտումի ու հայակերտումի դպրոց: Ներկայ տեղեկատուութեան արհեստագիտութիւնը իր հրապուրիչ գիւտերով որքան ալ փորձէ մեզ հեռու պահել հայ գիրքէն, հայ մարդը իր գերագոյն ճիգը պէտք է կատարէ հաւատարիմ մնալու հայ գրքին, իր կեանքի մտերիմ ընկերոջ», իր պատգամը եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

Նշենք, որ հայ գիրքի ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին միաբան հայրեր, դպրեվանքի ուսանողները եւ հոծ թիւով գրասէր հասարակութիւն մը: Այս առիթով դպրեվանքի սաները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը`  յաւուր պատշաճի երգերով: Վեհափառ հայրապետի պատգամէն ետք ներկաները հետաքրքրութեամբ մօտեցան սեղաններուն եւ վայելեցին գիրքերու մտերմութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Օ. Թի. Վի.» Կայանի «Լաունա Ալ Սեհա» Յայտագիրի Ծիրին Մէջ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Նշեց «Աւանդութեան Օր»-ը` Հիւրընկալելով Ռըմէյշի Կամաւորները

Յաջորդը

Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին Եւ Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը Վնասուած` Բախումներու Պատճառով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.