Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Յարգա՛նք Եւ Զարմա՛նք Այդ Սերունդին

November 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալները բարեկամ մը կը խօսէր, թէ հեռաւոր Արժանթինի մէջ վաստակաւոր կրթական մշակ մը իր մահկանացուն կնքելէ առաջ խնդրած է անմիջական իր բարեկամներէն, որ Դաշնակցութեան դրօշով ծածկուի իր դագաղը…

Յիշենք, որ տասնութ տարիներ առաջ նոյն այս մտաւորականը  իր տասնեակ տարիներու ծառայութենէն ետք, կուսակցական պատիժ ստացած եւ հեռացուած էր շարքերէն: Սակայն հաւատարիմ իր կուսակցութեան, անցնող տասնամեակին միշտ ալ կարգապահ հայու իր ընթացքով եւ տարիներու իր փորձառութիւնը միշտ նորահաս սերունդին տրամադրութեան տակ դրած` ձեւով մը մղիչ ուժ մըն էր:

Այս դէպքը ալեկոծեց հոգիս եւ միտքս. սկսայ մտածել այն սերունդին մասին, որ ամբողջ տարիներ կուսակցութեան ճամբով ծառայութիւններ ըրած է ժողովուրդին, ազգին, Հայ դատին եւ բոլոր ժամանակներուն ալ տարբեր պատճառներով հեռացուած են կուսակցութենէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն դասալիք համարուեցան բոլոր արտագաղթողները եւ կուսակցական շարքերէն հեռացուեցան: Այդ տղոց մէջ կային կեդրոնական կոմիտէէն մինչեւ ամէնէն պարզ շարքայինը: Բոլորը անխտիր հեռացուեցան, շատ քիչեր հակադրուեցան կուսակցութեան, սակայն մեծամասնութիւնը յարգեց որոշումը եւ կարգապահ շարքայինի մը պէս մնաց լուռ: Աւելի՛ն. ութսունական եւ իննիսունական թուականներուն խումբ մը շարքայիններ հեռացուեցան կուսակցութենէն. այս բոլորը, սակայն, կուսակցութեան գաղափարախօսական, մարտական եւ ռազմավարական հզօրացումի նպաստեցին:

Յաճախ կը մտածեմ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը եթէ արտագաղթողները չպատժուէին եւ կազմակերպուած մարդուժի դասաւորում ըլլար գաղութներէն ներս, արդեօք մենք աւելի հզօր գաղութներ չէի՞նք ունենար թէ՛ Քանատայի, թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Աւստրալիոյ մէջ:

Այսօր Արժանթինէն հասած բօթը իսկապէս ցնցած է հոգիս, այն իմաստով, որ տակաւին սերունդի մը վերջին «մոհիկաններ»-ը մեծ հաւատքով եւ նուիրումով կը հաւատան կուսակցութեան դրօշով թաղուելու գաղափարին: Տակաւին սերունդ մը կայ շարքերէն ներս թէ դուրս, որոնց արիւնին մէջ է Դաշնակցութիւնը, անոնք ըլլան շարքային թէ ոչ:

Դժբախտաբար նոր սերունդին մէջ այս կապուածութիւնը չենք տեսներ ո՛չ թէ միայն կուսակցութեան, այլ` եկեղեցիին, դպրոցին, տունին, թաղին… Մեքենայացած եւ մակերեսային դարու «բարիք»-ներէն է, որ անպայման տեղ մը մենք ալ իբրեւ հայ ազդուած ենք:

Յարգա՛նք եւ զարմա՛նք այն սերունդին, որ հակառակ տարիներու իրենց նուիրումին եւ հաւատքին` կարգապահ նուիրուածութեամբ փափաքը ունին Դաշնակցութեան դրօշով թաղուելու…

 

 

Նախորդը

Ինչի՞ Կը Սպասեն Արցախ Երթալու

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ. Հիթ 30 Կէտի Տարբերութեամբ Յաղթեց Պրուքլինի

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։