Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչի՞ Կը Սպասեն Արցախ Երթալու

November 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ապահով ու խաղաղ է Արցախի երկինքը: Աշխարհի վրայ ի՞նչ պատճառ կնայ բռնել ինքզինք հայրենասէր նկատող ոեւէ հայ` բացատրելու համար իր մեծ մեղքը` ցարդ Արցախ այցելած չըլլալը, ազատագրուած մեր դրախտային երկիրը տեսած չըլլալը: Թերեւս նիւթական սղութի՞ւնը, առողջական լուրջ հարցե՞ր, կամ` բանտի ճաղերով արգելափակուած ըլլալը: Բոլոր այլ արդարացումները անհասկնալի են:

Յատկապէս անհասկնալի ու անընդունելի են հասարակական գործիչ նկատուող ոեւէ անձի արդարացումները, թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր, ազատագրութենէն աւելի քան քսան տարի ետք, տակաւին Արցախ չէ գացած, Շուշին, Գանձասարն ու Ամարասը չէ տեսած:

Եթէ վերի տողերուն հետ համաձայնողներուն թիւը մեծ ըլլար, ապա այսօր բոլորս ալ վրդովմունքով պիտի հակազդէինք այն լրատուութեան, թէ անցեալ տարի միայն 18 հազար զբօսաշրջիկ այցելած է Արցախ:

Արցախցի պաշտօնատարը, որ հրապարակած էր այս տեղեկութիւնը, կը ջանար դրական շեշտով ներկայացնել պատկերը` մատնանշելով, որ այս թիւը քառասուն տոկոսով աւելի բարձր է, քան` նախորդ տարուանը:

Ի՛նչ խօսք, պէտք է ուրախանալ, որ օրէ օր կը պակսին Արցախի հողին հետ չողջագուրուած հայերու շարքերը, բայց եւ այնպէս չենք կրնար չտխրիլ այն բանին համար, որ քսան տարիներու ընթացքին մեր աւելի քան եօթը միլիոն սփիւռքահայերէն, լաւագոյն պարագային, հազիւ երկու հարիւր հազարը գտնուած է հերոսներու շունչով տոգորուած այդ տարածքին վրայ:

Լա՛ւ, եկէք ու հետեւինք դրական շեշտը պահելու տրամաբանութեան եւ մաղթենք, որ գալ տարի քառասուն տոկոսը փոխուի, դառնայ հարիւր տոկոս, եւ այլեւս միշտ պահպանուի այդ համեմատութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

Յաջորդը

Տեսակէտ. Յարգա՛նք Եւ Զարմա՛նք Այդ Սերունդին

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։