«Ազդակ» երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ տեղեկացուց, թէ երէկ երեկոյեան Հալէպի Վիլլաներու շրջանին մէջ պատահական փամփուշտի զոհ գնաց շրջանի բնակիչներէն Վարդան Խաչատուրեան:
Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան Դամասկոսի մէջ` սուրիական բանակի սպայակոյտի կեդրոնին մօտ, աշխատաւորներու գլխաւոր արհեստակցական միութեան շէնքին կից տեղի ունեցաւ պայթում մը. ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, արձանագրուեցան տասնեակ մը վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Մարգարէի թոռներ զօրախումբը:
Միւս կողմէ, մայրաքաղաքի ծայրամասերուն ծանր բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիր զինեալներու եւ սուրիական բանակին միջեւ. մեծամասնութեամբ պաղեստինցիներով բնակուող Եարմուք գաղթակայանի եւ «Սըթ Զենապ» ուխտավայրի շրջանները ենթարկուեցան հրասանդի հրթիռներու հարուածներու` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:


