Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛չ Օպաման, Ո՛չ Ալ Ռոմնին Արժանի Են Ամերիկահայերու Քուէներուն

October 26, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստան կատարած վերջին այցելութեանս ընթացքին լրագրողները յաճախ ինծի կը հարցնէին, թէ 6 նոյեմբերին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ո՞ր թեկնածուին կը զօրակցէի: Պատասխանս յստակ էր եւ` բացայայտ. «Ես քուէս կու տամ ո՛չ նախագահ Օպամային եւ ո՛չ ալ նահանգապետ Ռոմնիին»: Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ` ուրախութեամբ տեղեկացայ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միեւնոյն որոշումը կայացուցած էր` հաւանութիւն չտալով թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն:

Դժուար չէր նման որոշում կայացնել, որովհետեւ երկու թեկնածուներն ալ հայերը յուսախաբ ըրած էին. նախագահը հաւատարիմ չէր մնացած իր խոստումներուն` հայկական եւ ոչ հայկական շատ մը հարցերու վերաբերեալ, իսկ անոր մրցակիցը որեւէ հետաքրքրութիւն չէր ցուցաբերած ամերիկահայ համայնքին եւ անոր հարցերուն նկատմամբ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հայկական հարցերուն վերաբերեալ նախագահ Օպամայի դրժած խոստումներուն երկար ցանկը.

1.- 2008 թուականի նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին ան բազմիցս խոստացած էր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ ընտրութիւններէն ետք խախտեց իր խոստումը:

2.-  Օպամայի վարչակազմը ընդդիմացաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւի ընդունման:

3.- Նախագահ Օպամա զգալիօրէն կրճատեց Հայաստանի եւ Արցախի համար նախատեսուած արտաքին օգնութեան գումարը: Աւելի՛ն. անոր վարչակազմը չծախսեց Քոնկրեսին կողմէ Արցախին յատկացուած օգնութեան ամբողջական գումարը:

4.- Ան ճնշում բանեցուց Հայաստանի վրայ` 2009 թուականին Թուրքիոյ հետ տխրահռչակ արձանագրութիւնները ստորագրելու համար:

5.- Նախագահ Օպաման չստիպեց Թուրքիոյ` վերացնելու վերջինին կողմէ Հայաստանի շրջափակումը:

6.- Ան լուռ մնաց Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ պատերազմի բազում սպառնալիքներուն նկատմամբ եւ անտեսեց Արցախի ինքնորոշման սատարելու իր նախընտրական խոստումը:

7.- 2010 թուականի դեկտեմբերի աւարտին, շրջանցելով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներուն կողմէ դրուած «կասեցումը», նախագահ Օպաման միակողմանի որոշումով Մեթիու Պրայզան Ազրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակեց: Ամերիկահայ համայնքի ճնշող մեծամասնութիւնը դէմ էր Պրայզայի թեկնածութեան:

8.- Նախագահ Օպամա խախտելով այլ խոստում մը` չյաջողցուց Հայաստանի հետ առեւտուրի խթանումը:

9.- Ան եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը չարձագանգեցին ամերիկահայ ղեկավարներուն հետ հանդիպելու անոնց բազմաթիւ խնդրանքներուն, որոնք կը միտէին առկայ մտահոգութիւնները ներկայացնել:

Ամերիկահայերը կարիք չունին աղաչելու, որ նախագահ Օպամա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն նման յայտարարութիւն ըրած էր 1981 թուականի ապրիլ 22-ին` իր նախագահական հռչակագիրին մէջ:

Չճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը` նախագահ Օպամա պարզապէս կորսնցուց իր իսկ վստահելիութիւնը: 2008 թուականին ամերիկահայերուն մեծ մասը կը հաւատար անոր. 2012-ին այլեւս անոր չեն հաւատար: Ինչպէս յայտնի ասացուածքը կ’ըսէ. «Մէկ անգամ զիս խաբես` ամօթ քեզ, երկրորդ անգամ զիս խաբես` ամօթ ինծի»:

Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այսպիսի գնահատականը չափազանց սուր է եւ խիստ, կեդրոնացած է զուտ հայկական հարցերու վրայ, պէտք է տեղեակ ըլլան, որ, համաձայն politifact.com կայքէջին,  նախագահ Օպամա չէ կատարած նաեւ իր միւս 86 խոստումները` ազգային եւ միջազգային հարցերուն վերաբերեալ:

Նահանգապետ Ռոմնիի կապերը ամերիկահայերու հետ աւելի լաւ վիճակի մէջ չեն: Ան խուսափած է համայնքին հետ որեւէ շփումէ` չփորձելով նոյնիսկ ստանալ անոնց աջակցութիւնն ու քուէները: Խնդիրը այն է, որ եթէ հիմա, երբ իւրաքանչիւր ձայն խիստ անհրաժեշտ է անոր ընտրուելու համար, ան այսպիսի անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ, ապա ընտրութիւններէն ետք անկասկած ան ուշադրութիւն  պիտի  չդարձնէ հայերուն եւ անոնց խնդիրներուն:

Ակնյայտօրէն անխոհեմ է, որ նախագահական երկու թեկնածուներն ալ չեն ձգտած ամերիկահայ ընտրողներու աջակցութիւնը ստանալու կարեւորագոյն նահանգներու մէջ, այն ժամանակ, երբ մրցավազքը այնքան թէժ է, որ նոյնիսկ փոքր թիւով քուէները կրնան ճակատագրական ըլլալ: Սակայն երկու թեկնածուներու համար ալ դեռ ուշ չէ բանակցելու ամերիկահայ համայնքի ղեկավարութեան հետ եւ անդրադառնալու անոնց խնդիրներուն: Ասիկա չի կրնար դիւրին խօսակցութիւն ըլլալ, քանի որ գործնականօրէն անկարելի է վստահիլ նախագահ Օպամայի նոր խոստումներուն. անոր միակ արժանահաւատ գործունէութիւնը կրնայ ըլլալ մինչեւ նոյեմբեր 6 հայկական կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ դրական քայլ կատարելը: Միւս կողմէ, նահանգապետ Ռոմնին աւելի ծանր կացութեան մէջ է, քանի որ թեկնածու ըլլալով` ան կրնայ միայն խոստումներ տալ, որոնք լրջօրէն չեն ընդունուիր այս ուշացած պահուն:

Ամերիկահայ համայնքը պէտք է ընտրական նոր ռազմավարութիւն որդեգրէ, որպէսզի խուսափի կրկին կեղծ խոստումներէ խաբուելէն: Միայն այն թեկնածուները, որոնք կատարած են իրենց նախընտրական խոստումները առաջին պաշտօնավարման ընթացքին, պէտք է աջակցութիւն ստանան վերընտրուելու համար: Հայանպաստ կարեւոր ձեռքբերումներ չունեցող կամ նոր թեկնածուներու խոստումները պէտք է պարզապէս անտեսել:

Ի վերջոյ, նախագահի քուէարկութեան չմասնակցիլը չի նշանակեր խաղէն դուրս մնալ ընտրութիւններու ժամանակ: Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի 100 անդամներուն մէկ երրորդը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատի բոլոր 435 անդամները վերընտրութեան թեկնածու են: Ամերիկահայ ընտրողները պէտք է սատարեն իրենց հարցերուն թիկունք կանգնած թեկնածուներուն` զանոնք վերընտրելով, եւ պէտք է պատժեն իրենց հակառակորդները` զանոնք պաշտօնէ հեռացնելով: Կը խնդրեմ նկատի առնել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վարկանիշները Քոնկրեսի բոլոր թեկնածուներուն համար www.anca.org կայքէջին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Վիգի Մարաշլեան. Աւելի Քան Մէկ Դար` Ժողովրդի Հետ, Ժողովրդի Համար

Յաջորդը

«Անհեթեթութիւն Է Այն, Որ Մեր Մասին Կը Խօսուէր Մրցաշարքի Սկսելէն Առաջ» Ըսաւ Քլոփ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.