Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՍԿՈՒՄԻ ԵՐԵԿՈՅ

April 26, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի (Ժեհթաուի) շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակին նուիրուած հսկումի երեկոյ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքը հայերէնով արտասանեց Լիւսի Տիւքմեճեան, իսկ արաբերէնով` Արամ Գարատաղլեան: Անոնք նշեցին, որ հայկական հարցը ապագային պիտի յաղթէ եւ պիտի իրականանայ հայութեան մեծ երազը: Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ արդարութիւնը կը հաստատուի, երբ իրաւունքը կը վերադարձուի: Տիւքմեճեան եւ Գարատաղլեան հաստատեցին, որ երիտասարդները Հայ դատին պահակներն են:

Օրուան առաջին պատգամը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ 96 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը պետականօրէն իրագործեց ծրագրուած ոճիր մը, որուն նախադէպը չկար համաշխարհային պատմութեան մէջ:

Քոչարեան հաստատեց, որ պէտք չէ թոյլ տալ նմանօրինակ ոճիրներ, եւ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի վերականգնի պատմական արդարութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ռիթա Աստիկեան, որ ջութակով նուագեց Կոմիտասի եւ Կլաքի ստեղծագործութիւններէն:

Երկրորդ պատգամաբերն էր Աւետիս Կիտանեան, որ արաբերէնով արտասանուած իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Ապրիլ 24-ը այլեւս արցունք թափելու օր չէ, այլ` պահանջատիրութեան: Կիտանեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը համամարդկային հարց մըն է, որ պէտք է միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան առարկան հանդիսանայ: Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ կարգ մը պետութիւններ պետական շահերէ մեկնած կը մերժեն ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչ որ անընդունելի է: Իր խօսքի աւարտին, Կիտանեան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է իր ներդրումը ունենայ Հայ դատի պայքարին մէջ, որպէսզի մօտիկ ապագային հայութիւնը յարութիւն առնէ:

Ապա Լիւսի Մազմանեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը: Ասմունքին ջութակով ընկերակցեցաւ Ռիթա Աստիկեան:

Երրորդ պատգամը հայերէնով տուաւ Ալեքսան Քէօշկերեան: Ան ըսաւ, որ ճշմարտութիւնը անպայման պիտի յաղթէ: Խօսելով երիտասարդութեան դերին մասին` Քէօշկերեան ըսաւ, որ հայ երիտասարդները պէտք է զինուին գիտութեամբ եւ հաղորդակցութեան արդիական միջոցներով հակադարձեն թրքական հակաքարոզչութեան ու ապատեղեկատուութեան: Ան ըսաւ, որ «մենք արդարութիւն չենք մուրար, քանի որ իրաւացի ենք»` աւելցնելով, որ մենք խնդրողի վիճակին մէջ պէտք չէ գտնուինք, այլ` հատուցում պահանջողի: Ալեքսան Քէօշկերեան շեշտեց, որ ազգային խնդիրներուն շուրջ միասնականութեան գաղափարը պէտք է դառնայ ազգային ռազմավարութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքաբար յաղթահարել դժուարութիւնները:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Սարգիս Հալլաճեանի (դաշնակ) եւ Մարինէ Հալլաճեանի (ջութակ) Մոցարթի եւ Շոփենի ստեղծագործութիւններու զուգանուագով, որմէ ետք Նայիրա Պաղտասարեան անգլերէնով երգեց նահատակներուն նուիրուած երգ մը:

Հսկումի երեկոյին վերջին խօսքը արտասանեց Լորա Նաանու, որ ըսաւ, թէ ամօթալի է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 96 տարի ետք տակաւին չէ ստացած իր ճանաչումը, եւ մենք լաւապէս չենք ճանչնար հայերը:

Նաանու յայտնեց, որ այս դարուն, անհատական եւ հաւաքական շահերէ մեկնելով արգիլուած է չներկայացնել իրականութիւնը, արգիլուած է լուռ մնալ, քանի որ համայն մարդկութիւնը պատասխանատու է այս բոլորին: Լորա Նաանու աւելցուց, որ հայութեան հարցը իւրաքանչիւր արդարամիտ մարդու խնդիրն է: Ապա Նաանու ներկայացուց քրիստոնէական «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանի  դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ Արեւմտահայաստան ուխտագնացութիւն-ժապաւէնը: Ան ըսաւ. «Հայութիւնը պատմութիւն մըն է, որ աւարտ չունի»: Լորա Նաանու շեշտեց, որ մամուլը իրականութիւնը հասցնող լոյս մըն է. ան կոչ ուղղեց ներկաներուն զօրակցելու «Թելէ Լիւմիեր»ին` հասարակութեան հասցնելու համար իրականութիւնը:

Նաանուի խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանի դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ Արեւմտահայաստան ուխտագնացութիւն-ժապաւէնէն հատուածներ:

Հսկումի երեկոն փակուեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի պահպանիչով:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։