Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

April 26, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները ներկայացնող վարչութիւններէ բաղկացած շուրջ 50 պատանիներ մեկնեցան Պիքֆայայի վանք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին դիմաց:

Պատանիները նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, ապա Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմնին անունով խօսք առաւ Հրայր Պարսումեան: Ան նախ անդրադարձաւ Պիքֆայայի վանքին կից դէպի երկինք խոյացող յուշարձանին կարեւորութեան ու արժէքին: Ան ըսաւ, որ այդտեղ յուշարձանին կանգնեցումը ինքնին փաստ է ցեղասպանութեան ձախողութեան: Իր խօսքը պատանիներուն ուղղելով` ան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին յուշարձանին դիմաց նման հաւաք կազմակերպելու աւանդութիւնը առիթ է դաշնակցական պատանիներուն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Հ. Պարսումեան շեշտեց, որ յուշարձանին դիմաց դաշնակցական պատանիները պէտք է վերանորոգեն իրենց ուխտը եւ աւելի մեծ եռանդով ու կորովով վերադառնան իրենց ակումբները` իրենց ներդրումը ունենալու Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ:

Իր խօսքը եզրափակելով` Հրայր Պարսումեան յայտնեց, որ դաշնակցական պատանիները միշտ պէտք է վերյիշեն, որ իրենք հպարտ ազգի մը զաւակներն են. ազգ մը, որ ցեղասպանութիւն ապրելէ ետք կերտեց ազատ, անկախ Հայաստան, կազմակերպեց հզօր սփիւռք եւ տարաւ Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթանակը:

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքէն ետք Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով պատանիները ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ: Ոգեկոչման ձեռնարկը փակուեցաւ «Հայ կամաւորական գունդեր» երգով:

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ԶՈՄ. ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՍԿՈՒՄԻ ԵՐԵԿՈՅ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։