Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Կը Մնայ Թուրքիա

October 13, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Դժուար օրերուն ղեկավարութիւն կը  ծնի: Դժուար օրերուն ժողովուրդը ինքզինք կը կերտէ:

Դժուար օրերուն հերոսներ կը ծնին:

Այսօր հալէպահայութիւնը այդ դժուար օրերը կ՛անցընէ եւ մեր ժողովուրդի համեստ դասակարգը կը մնայ հոն կապուած այդ թաղամասերուն եւ անզիջող կապուածութեամբ իր հաւատարմութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ հայրենիքին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերը յիշեցնող պատկերներու առջեւ կը գտնուինք: Մեծ թիւով գաղթողներ, սնանկացած հաստատութիւններ եւ մենք հայրենիքով եւ սփիւռքով ձեռք երկարած նեցուկ կը կանգնինք բոլորիս համար սիրելի եւ երազային Հալէպը կանգուն պահելու համար:

Արաբական գարունը միշտ ալ բարեբեր չեղաւ արաբական աշխարհի երկնակամարին տակ: Թունուզը, Լիպիան, Եմէնը, Եգիպտոսը լաւ իշխանափոխութեան օրինակներ չեն այդ երկիրներուն, փաստը այսօրուան իրավիճակն է:

Սուրիան վերոնշեալ երկիրներէն ոչ մէկուն  կը նմանի ո՛չ  իբրեւ ղեկավարութիւն եւ ո՛չ ալ իբրեւ համայնքային դրուածք: Սուրիան Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նեցուկով տակաւին երկար ճամբայ ունի իր առջեւ եւ օրէ օր աւելի կը բացայայտուի Արեւմուտքի գործակատար Թուրքիոյ, եւ արաբական կարգ մը երկիրներու բացայայտ ախորժակները:

Օսմանեան կայսրութեան ախորժակները սրած, Թուրքիան բոլոր ժամանակներէն աւելի իր ոչխարի տարազը հանելու եւ գորշ գայլի իր իսկական դիմագիծը ստանալու վրայ է:

2005-էն ի վեր բազմիցս յայտարարած ենք Թուրքիոյ նոր իսլամական ախորժակները հրեաներու հետ անոր սիրաբանութիւնը կեղծ արաբական յեղափոխութիւններու ղեկավարները սիրաշահելու ճիգը: 2006-ի հարաւի պատերազմէն ետք երբ ՄԱԿ-ի զինուորներու մէջ Թուրքիան ալ ներառուեցաւ,  նորէն յիշեցուցինք որ ուրիշ նպատակներ կը հետապնդուի, սակայն Լիբանանի օրուան կառավարութիւնը տեղի տուաւ այդ բոլորին:

Այսօր Թուրքիոյ կեցուածքը եւ իր սահմաններէն ծայրայեղ իսլամականներու արշաւը դէպի Սուրիա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թրքական կոպիտ միջամտութեան Սուրիոյ հարցերուն: Թուրքիա յստակ կեցուածք եւ պատկերացումներ ունի Սուրիոյ գալիք ղեկավարութեան մասին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը առանց ամչնալու յականէ անուանէ իր նախընտրութիւնը կ՛արտայայտէ:

Ո՞ւր մնաց ժողովրդավարութիւնը, ո՞ւր մնաց ազատամտութիւնը: Ո՞ւր է  Եւրոպան, որ բազմիցս մատնանշած է Թուրքիոյ ռազմատենչ եւ նախայարձակ ըլլալուն: Ո՞ւր է Ամերիկան մարդասիրական եւ ժողովրդավարական իր սկզբունքներով: Ժողովուրդներու կամքը այս ձեւով չ՛անտեսուիր: Մենք մեր մորթին վրայ զգացած ենք այս բոլորը: Արաբական աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներ ոտնակոխող, ժողովրդավարութիւն չկիրարկող երկիրներ իրաւունք չունին խօսելու այլ երկիրներու ժողովրդավարութեան մասին: Ամէն մարդ ինքզինքը լաւ թող դիտէ հայելիէն, վստահ որ տեղ մը կը զգաստանայ:

Յուսանք:

 

 

Նախորդը

Նոթեր Ու Նետեր. Զրոյց` Յոռետեսի Մը Հետ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Հատիս Պիտի Ամբողջանայ Արտասահմանէն Հրաւիրուած Մարզիկներով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.