Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւնը Կը Նմանի Պատմութեան Այն Ժողովուրդին, Որ Կը Պայքարի Քրիստոսի Եւ Ս. Աւետարանի Հաւատքը Պահելու Համար» Կ՛ըսէ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքը

October 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կու տանք երեքշաբթի, 9 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ԺԳ. սիւնհոդոսական ժողովին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի արտասանած խօսքը:

«Սրբազան հայր,
Արհիապատիւ սիւնհոդոսական հայրեր,
Սիրելի՛ եղբայրներ ու քոյրեր ի Քրիստոս,

Հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, զոր այս սիւնհոդոսը կ՛ուզէ փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն:

Հայ ժողովուրդը մաս կը կազմէ այս հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն: Իրօք, Տէրը ղրկեց աւետարանիչ մը` Ս. Գրիգորը, որ Լուսաւորիչ անունը կրեց, որովհետեւ ան լուսաւորեց հայերը Ս. Աւետարանի լոյսով, ինչ որ մղեց զանոնք պաշտօնապէս ընդունելու քրիստոնեայ կրօնը 301-ին եւ ի հարկին զոհուելու անոր համար:

Աստուած հետեւեցաւ այս ժողովուրդին մինչեւ մեր օրերը, որպէսզի արմատացնէ անոր մէջ հաւատքի աստուածային գանձը դարերու ընթացքին:

406 թուականին` Մեսրոպ Մաշտոց անունով վանական մը հնարեց հայոց լեզուի այբուբենը` թարգմանելու համար Աստուածաշունչը ժողովուրդին լեզուով, զայն աւելի հասկնալի դարձնելու համար:

Ծանր փորձութիւն մը կը սպասէր հայ ժողովուրդին: Պարսից թագաւորը` Յազկերտ Բ., որ կը ցանկար Հայաստանը լարել քրիստոնեայ Բիւզանդիոնին դէմ, չկարենալով համոզել հայ իշխանները, անոնց դէմ պատերազմ մղեց 451-ին` անոնց պարտադրելու համար մազդէական կրօնը եւ զանոնք Բիւզանդիոնէն անջատելու դիտաւորութեամբ: Յազկերտ յաղթեց պատերազմը, սակայն նկատելով հայերու բուռն ընդդիմութիւնը, ստիպուած հրաժարեցաւ իր ծրագիրէն եւ անոնց ձգեց ազատութիւնը պահելու իրենց կրօնը: Հայերը կորսնցուցին պատերազմը, սակայն փրկեցին իրենց քրիստոնեայ հաւատքը: Այս դիւցազներգութիւնը, որ իրագործեցին Ս. Վարդան եւ իր նահատակ զինակիցները, կը հաստատէ քրիստոնէական հաւատքի վերջնական արմատացումը հայ ժողովուրդին մէջ:

11-րդ եւ 12-րդ դարերուն հայ եկեղեցին ունեցաւ մեծ աստուածաբաններ, ինչպէս` Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Ներսէս Լամբրոնացին եւ ուրիշներ, որոնք խորացուցին քրիստոնէական հաւատքը եւ մերժեցին հերետիկոսութիւնները, որոնք կը շրջէին եւ իրենց գրութիւններով կը լեցնէին հայ եկեղեցական գրականութիւնը:

Ալ աւելի ծանր փորձութիւն մը ապրեցաւ հայ ազգը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, երբ շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան 1915 թուականին: Այս նահատակներուն գլուխն էր Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը: Եկեղեցին ճանչցաւ այս եղելութիւնը իբրեւ «հաւատքի դէմ եւ ցեղային ատելութեան արարք», եւ Իգնատիոս Մալոյեան Երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ 2001-ին: Իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչցուած այս եղելութիւնը կրկին անգամ ցոյց կու տայ հայոց կառչումը, մինչեւ արեան զոհողութիւն, Քրիստոսի հաւատքին եւ Ս. Աւետարանին:

Այստեղէն կ՛եզրակացնենք, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը նմանի պատմութեան այն ժողովուրդին, որ կը պայքարի Քրիստոսի եւ Ս. Աւետարանի հաւատքը պահելու համար, նոյնիսկ իր արեան գնով` զայն սեպելով իր մեծագոյն գանձը:

Աստուած, որ երբեք չլքեց հայ ժողովուրդը, մանաւանդ կրօնական հալածանքներուն ընթացքին, այսօր եւս զինք չի լքեր: Աստուծոյ նկատմամբ այս վստահութիւնը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար է, որոնց համար Յիսուս եկաւ զոհելու իր կեանքը:

Եկեղեցւոյ կոչը կենդանի հաւատքը ապրելու եւ տարածելու պարտաւորութիւնը Վատիկանի Բ. Ժողովէն ի վեր, եւ որուն յաջորդեցին Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերը, նոր մղում մը ստացաւ Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին կողմէ` այս Սիւնհոդոսի գումարումով եւ «Հաւատքի տարուան» հռչակումով: Ասիկա նոր հանգրուան մըն է, որ կը խթանէ մեզ կրկնապատկելու կորովը` գտնելու համար նոր եւ համոզիչ միջոցներ, որոնք կը վերակենդանացնեն հաւատքը եւ կը ներգրաւեն ոչ մկրտեալները կեանքի օրինակին հետեւելով եւ Աստուծոյ խօսքը հռչակելով: Շնորհքի հատուցում է, ուր վախն ու երկիւղը տեղ չունին, որովհետեւ մենք չենք կասկածիր խօսքերուն Քրիստոսի, որ խոստացաւ մեզի հետ մնալ մինչեւ աշխարհին կատարածը (տես. Մատթ 28, 20):

Շնորհակալութիւն ձեր ունկնդրութեան համար»:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

 

Վատիկան, 9 հոկտեմբեր 2012

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.