Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհակալ Եւ Արդիւնաւէտ Ձեռնարկում

October 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը 2012-ի ամրան, ինչպէս նախորդ տարիներուն, կրկին անգամ կազմակերպեց եւ կեանքի կոչեց սփիւռքահայ ուսուցիչներու եւ մանկավարժներու վերապատրաստման աւանդական դարձած ծրագիրը:

Մէկամսեայ ծրագրի ծիրէն ներս ոչ միայն բազմազան դասընթացքներ, այլեւ ճանաչողական եւ ուսուցողական շրջապտոյտներ իրագործուեցան, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ` մշակութային տարբեր ձեռնարկներու, բոլորն ալ` տեղին  եւ բծախնդրօրէն մտածուած:

Ծրագրին կազմակերպման նպատակն է աջակցիլ սփիւռքի կրթական մշակներուն, որպէսզի անոնք տեղեակ ըլլան ու նաեւ քայլ պահեն հայրենի կրթական ոլորտի փոփոխութիւններուն եւ բարեփոխումներուն հետ:

Վերապատրաստման չորս շաբաթներու ընթացքին բազմաթիւ հարցեր շօշափուեցան, ընդհուպ` մինչեւ նոր ուսումնական գրականութեան ստեղծում, դպրոցական նիւթերու համացանցային ընդլայնուած ներկայութիւն, ինչպէս նաեւ` ընդհանուր կրթական որակի բարձրացում:

Դասընթացքները սկիզբ առին 2012-ի 10 յուլիսին եւ աւարտին հասան օգոստոս 6-ին: Ամբողջ ընթացքը լաւագոյնս կազմակերպուած էր, եւ մասնակիցները բոլորն ալ գոհ էին արդիւնքէն: Վերջին դասընթացքէն ետք հանդիսաւոր կերպով վկայագրեր բաշխուեցան մասնակից բոլոր կրթական մշակներուն` այդպիսով առաւել շեշտելով կարեւորութիւնը յիշարժան ամիսին:

Ուրախութեամբ պէտք է ընդգծել, որ ամենեւին փոքր չէր մասնակիցներուն թիւը` շուրջ եօթանասունհինգ հոգի, որոնք Հայաստան եկած էին հայկական հաւաքականութիւններ ունեցող Անգլիայէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Աբխազիայէն, Սուրիայէն եւ հեռաւոր Աւստրալիայէն: ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի վարժարաններէն մեր մասնակիցը եղաւ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի հայերէնի եւ կրօնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Յասմիկ Տեմիրճեանը:

Դասընթացքները առաւել նպատակաուղղուած եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով ստեղծուած էին վեց տարբեր բաժիններ, որոնց մէջ ներգրաւուած էին կրթական ոլորտի բոլոր հանգրուաններու ներկայացուցիչները` ուսուցիչներ, դասատուներ, կազմակերպչական աշխատանք տանողներ եւ տնօրէններ: Դասաւանդուող նիւթերը բազմաբնոյթ էին` Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայրենագիտութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, մանկական գրականութիւն… եւ դեռ շատ աւելին: Իւրաքանչիւր նիւթ մատուցուեցաւ մասնագէտ դասախօսի մը կողմէ:

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններուն անունով մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանին ու նախարարութեան աշխատակազմին` այս յոյժ կարեւոր ծրագրի կազմակերպման եւ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար: Սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցումը այժմէական պահելու համար մենք խիստ անհրաժեշտ կը նկատենք նմանատիպ ծրագիրները: Մասնակից կրթական մշակները արդէն իսկ վերադարձած են իրենց երկիրները` նորարարութիւններու իրենց պաշարը կիսելու իրենց պաշտօնակիցներուն հետ եւ ոգեւորութեամբ, վերանորո՛գ  աւիւնով շարունակելու իրենց ազգանուէր ու սրբազան գործը:

ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

ՀԵՀՈՄ-ի Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան Կազմակերպած «Այա Նափա 27» Համագումարին

Յաջորդը

Յուշատետր. «Մենք Ամէն Մարդ Չենք»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.