Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միշտ Կը Մնայ Զօրավիգ Սուրիոյ Հայութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

October 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Անթիլիասի մայրավանք ժամանեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան: Առաջնորդ սրբազանը Անթիլիաս իր կարճ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան հետ ու լայնօրէն զեկուցեց Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութեան եւ յատկապէս հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին: Առաջնորդ սրբազանը յանուն Ազգային իշխանութեան, յարակից մարմիններուն եւ ժողովուրդին, իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ու Ս. աթոռին միաբանութեան` Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ նախանձախնդրութեան համար: Ապա ան յստակ իրողութիւններու ու թիւերու հիման վրայ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ հայկական շրջաններու կրած նիւթական վնասներուն եւ հայ զոհերուն մասին: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ գաղութին կարիքներուն, շեշտեց նիւթական օգնութեան ընթացքը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը եւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջական ու ճշգրիտ պատկերը ունենալէ ետք Սուրիոյ հայութեան ներկայ կացութեան, հետեւեալը փոխանցեցին առաջնորդ սրբազանին.

ա) Սուրիոյ մէջ տակաւ շարունակուող տագնապը պէտք է դիմագրաւել հաւաքական հաւատքով, կամքով ու միասնակամ ոգիով` հեռու մնալով ամէն տեսակ յուսահատական ու բացասական մօտեցումներէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ զօրավիգ Սուրիոյ հայութեան:

բ) Ազգային խորհուրդը եւ յարակից մարմինները մօտէն պէտք է հետեւին կացութեան հոլովոյթին` մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը ապահովելու իմաստով: Երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները եւ մեր կեանքին մէջ գործող կառոյցներու ղեկավարները պէտք է մնայուն խորհրդակցութեան մէջ ըլլան:

գ) Հայ դպրոցը մեր ժողովուրդին համար կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն: Գոհունակութեամբ իմացանք, որ յարաբերաբար ապահով շրջաններու մէջ դպրոցները, ներառեալ` հայ դպրոցները, սկսած են գործել: Այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլալ շատ ուշադիր. մեր երեխաներու ապահովութիւնը պէտք է միշտ մնայ առաջնահերթ:

դ) Մեր կազմակերպութիւններէն ու գաղութներէն ցարդ եկած ու գալիք նիւթական նպաստը պէտք է հասցնել ամբո՛ղջ սուրիահայութեան կարիքներուն, առանց խտրութեան: Հայ դպրոցը, ուսուցիչ թէ աշակերտութիւն, եւ կարիքաւոր ընտանիքները պէտք է դառնան առաջնահերթ:

Նախորդը

Օսկանեան Զրկուեցաւ Խորհրդարանական Անձեռնմխելիութենէն

Յաջորդը

«Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ Համեմատական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ» «Ազդակ»-ի Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.