Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Տնօրէն Սերոբ Օհանեանը

October 1, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը: Շուրջ տարիէ մը ի վեր Սերոբ Օհանեան կը գործէ իբրեւ տնօրէն «Գարակէօզեան» հաստատութեան` յաջորդելով վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին:

Օհանեան նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց վերջերս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած «Գարակէօզեան» հաստատութեան Կեդրոնական վարչութեան ժողովին եւ հոն տրուած որոշումներուն մասին: Ապա ան լայն զեկուցում ներկայացուց «Գարակէօզեան» հաստատութեան վերջին ամիսներու գործունէութեան մասին, յայտնելով, որ հաստատութեան ընկերային-մարդասիրական ծառայութեան ծիրին մէջ յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի ժամանակաւորապէս Լիբանան կայք հաստատած սուրիահայերուն:

Վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան Կեդրոնական վարչութեան որոշումը` առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելու սուրիահայութեան կարիքներուն: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ հաստատութիւնը թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւն պէտք է տայ կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն` իր առաւելագոյնը կատարելով մասնաւորաբար բժշկական խնամքի եւ կրթաթոշակներ հայթայթելու իմաստով:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մեր բարեսիրական միութիւնները Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ իրենց կարելին կ՛ընեն օգտակար ըլլալու Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Նախորդը

Ֆութպոլի Բարեկամական Փորձ-Մրցումի Մը Ընթացքին ՀՄԸՄ Յաղթեց Շարքի` 2-0 Արդիւնքով

Յաջորդը

«Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Իսլամներուն Համար Բնորդի Վերածուած Է» Ըսաւ Էրտողան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.