Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՀԱՄԱԶԱՍՊ» ԿՈՐԻԶ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

April 22, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ձեռնարկին ներկաները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» կորիզին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի ՀՅԴ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, նախկին երեսփոխաններ Սելիմ Աուն եւ Քամիլ Մաալուֆ, Ժողովրդային պլոք հոսանքի նախագահ Էլի Սքաֆի ներկայացուցիչը, Զահլէի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, թաղապետեր, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Նաթալի Գոլանճեան, որ նշեց, թէ հակառակ անոր որ կարմիր սուլթաններ ծրագրեցին բնաջնջել հայ ժողովուրդը, սակայն վերջինս փիւնիկի մը նման դարձեալ վերապրեցաւ, կազմեց ազգ ու պետականութիւն: Ան ըսաւ, որ երիտասարդները` իբրեւ ժառանգորդները հայ ժողովուրդին, միջազգային ատեաններէն կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտել զայն, իսկ թուրք երիտասարդներէն ու մտաւորականներէն` իրապաշտօրէն սերտել եւ ճանչնալ դաժան անցեալը:

Իր խօսքի աւարտին Ն. Գոլանճեան հաստատեց, որ հայ երիտասարդութիւնը անվարան ջահակիրն է այս աշխատանքին, որովհետեւ կը հաւատայ հայութեան յաղթանակին եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի դարաւոր երազի իրականացման:

Խաժակ Բալուլեան

Ապա խօսք առաւ Խաժակ Բալուլեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ առաւ թուրքերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան պատմականը` հաստատելով, որ այդ դատը արդար լուծում կը ստանայ, երբ առանց պայմանի Հայոց ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի, բարոյապէս եւ նիւթապէս հատուցում կը տրուի հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ իրաւունքը իրաւատէրին կը վերադարձուի, մանաւանդ որ հայկական հողերը սրբազան են, որովհետեւ անոնք ոռոգուած են մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեամբ:

Խ. Բալուլեան դիտել տուաւ, որ թէեւ Թուրքիա այսօր կը փորձէ այլ դիմակով ներկայանալ համայն աշխարհին, սակայն կը մնայ նոյն ցեղասպանը, Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ անարդար վերաբերմունք կը ցուցաբերէ: Ան աւելցուց, որ թէեւ ամէն տարի Թուրքիա տարբեր ձեւերով կը փորձէ ճնշում բանեցնել իր դեսպանատուներուն միջոցով, կը շարունակէ ուրացման քաղաքականութիւնը, բայց եւ այնպէս հայութիւնը կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն, կը մնայ պահանջատէր եւ իր ձայնը լսելի կը դարձնէ ամէնուրեք:

Լիբանանի մէջ թրքական ներկայութեան անդրադառնալով` Խ. Բալուլեան յայտնեց, որ պէտք չէ խաբուիլ թրքական բարեսիրական արարքներով, որոնց տակ թաքնուած դաւեր կան, որոնց միջոցով Թուրքիա կը փորձէ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ մտնել եւ խանգարել կացութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրենց պատմութենէն դասեր քաղելու, չմոռնալու Օսմանեան կայսրութեան անարդար քաղաքականութիւնը, զոր ան վարեց Լիբանանի մէջ` անդրադառնալով յատկապէս Էրտողանի Լիբանան տուած վերջին այցելութեան, լիբանանցիներուն կողմէ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ լիբանանահայութեան ընդվզումին ու բողոքի ցոյցին:

Աւարտին ան ըսաւ, որ Թուրքիա նախ ինքնիրեն հետ պէտք է հաշտ ըլլայ, իր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւն հաստատելու մասին պէտք է մտածէ, նախքան միջնորդութիւններ կատարելը: Խ. Բալուլեան նաեւ դիտել տուաւ, որ միջազգային ընտանիքը եւս պարտք ունի այս գծով, որպէսզի կարելի ըլլայ նահատակներուն յիշատակը յարգել եւ արդարութիւն տնօրինել:

Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վաւերագրական տեսաերիզ մը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան անդամներ ներկայացուցին ազգային-յեղափոխական երգեր:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերթով:

Նախորդը

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ. «ՃՇՄԱՐԻՏ ՍԷՐԸ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ՄԻԱՅՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

«ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵԼՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.