
Հայ եկեղեցւոյ տօնակարգին մէջ, Աւագ շաբթուան հարուստ ու հոգեթով արարողութիւնները, հոգեկան անփոխարինելի ապրումներու առիթ կը հանդիսանան հայ հաւատացեալին համար ամէն տարի:
Երէկ` հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա Կարգ ապաշխարողաց եւ Ս. պատարագ, զոր մատուցեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան ու հաղորդուեցան` տարուան ամէնէն խորհրդալից պատարագին մասնակցելով:
Նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառը ղենջակ կապած, Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող տասներկու դպրեվանեցիներու ոտքերը լուալէ ետք, տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Արամ Ա. կաթողիկոս օրուան Աւետարանէն առնելով իր բնաբանը, Յիսուսի կողմէ կատարուած խոնարհագոյն այս արարքին մէջ տեսաւ սիրոյ բացառիկ արտայայտութիւնը, որ Աստուածորդին ի գործ դրաւ` մարդկութեան նկատմամբ աստուածային սէրէն մղուած: Քրիստոսի տուած խոնարհութեան ու սիրոյ օրինակը մարդկութեան կեանքին մէջ տեսնելու յոյսով, վեհափառը քրիստոնէական կեանքի իսկութեան մասին խօսեցաւ, յատկապէս մարդկային փոխյարաբերական կեանքը կանոնաւորելու իբրեւ գործնական միջոց: Աշխարհի խաղաղութիւնը, մարդոց միջեւ փոխադարձ սէրն ու գործակցութիւնը վեհափառը նկատեց աղբիւր բարիքի ու համերաշխութեան: «Ճշմարիտ սէրը ամբողջական եւ կատարեալ կրնայ ըլլալ միայն», ըսաւ վեհափառը` առաքեալին բացատրութեամբ անխառն ու աստուածային սէրը իբրեւ օրինակ տալով քրիստոնեայ մարդուն:
Հաւատացեալ բազմութիւնը արարողութենէն ետք իրեն հետ առաւ օրհնուած իւղէն` իրեն տան իւղին խառնելու զայն, աստուածային բարիքները իր տան վրայ առատացնելու աղօթքով ու ջերմեռանդ հաւատքով:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր մայրավանքը խճողուած էր հաւատացեալ բազմութեամբ ու յատկապէս հայ երիտասարդներով, որոնք ներկայ գտնուեցան «Լացի գիշեր»ուան խորհրդաւոր արարողութեան: Խաչելութեան կարգի ընթացքին քարոզեց Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան` Աստուածորդիին կատարած անճառելի խոնարհութեան եւ զոհողութեան օրինակը ներկայացնելով հաւատացեալներուն:
Միաբան հայրերու կողմէ կարդացուեցան Աւետարանի եօթը հատուածները, որոնց ընթացքին հաւատացեալներ, հին աւանդութեան համաձայն, դերձանի մը վրայ եօթը հանգոյցներ կապեցին` մինչեւ Համբարձման տօնը իրենց դաստակներուն վրայ պահելու համար եկեղեցւոյ աղօթքներուն զօրութիւնը:
Վեհափառին «Պահպանեա՛» աղօթքով ու Կենաց փայտի օրհնութեամբ, ուշ գիշերին հաւատացեալները մեկնեցան մայրավանքէն` Աւագ հինգշաբթիի խորհուրդով հոգեւորապէս վերանորոգուած:


