Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտի Խոհեր. « …Երբեք Պիտի Չգոցուի Այս Դուռը…» Ա.

September 27, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Վարժարանական վերամուտի առաջին օրը, առաջին զանգի օրհնէքի արարողութեան, համախմբուած աշակերտներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու ներկայութեան  ամէնէն տատամսոտ հայն իսկ  ոգեւորող շեշտով առաջնորդ սրբազանը յայտարարեց.

«…Վարժարանին դռները յիսուներորդ տարին ըլլալով կրկին բացինք: Վստահ եղէք, որ երբեք պիտի չգոցուին այս դռները…»:

Այս հաւաստիացումին շարժառիթը  տնտեսական ահաւոր ճգնաժամն է անշուշտ, որուն մատնուած` կը տուայտի Յունաստանը, բնականաբար նաեւ` յունահայ գաղութը:

Կասկած չկայ, որ սրբազանը ինք հաւատքի մարդ ըլլալուն`  խորապէս կը հաւատար իր ըսածին եւ յայտնօրէն անխախտ էր իր համոզումը: Ատոր համար ալ վարակիչ էր խօսքը: Իբրեւ նուիրեալ եկեղեցական` բնական է, որ ղեկավարուի  «հաւատք քո կեցուսցէ զքեզ» ղեկավարող պատգամէն:

Կասկած չկայ նաեւ, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ, նկատի ունենալով մէկ կողմէ նիւթական ճակատի վրայ ազգային սնտուկին անզօրութիւնը եւ միւս կողմէ` տեղական կեանքին ամէն կերպ յարմարուելու հայ մարդուն կենսաձեւը, իսկապէս  որ հայկական դպրոցներ պահելու մարտահրաւէրը կ՛ենթադրէ պայքար: Եւ գիտենք, որ պայքարէն յաղթական ելլելու առաջնահերթ նախապայմանը հաւատքն է:

Կը տեսնենք ու կը լսենք, թէ ինչպէս անցեալին, նաեւ  ներկայիս, հաւատքով զինուած մարտիկներ չեն ընկճուիր զինուորական հսկայ հնարաւորութիւններ ունեցող պետութիւններու դէմ իրենց ըմբոստացումին մէջ:  Չեն ընկճուիր, որովհետեւ հաւատքի ուժին հետ ունին նաեւ հակառակորդին դիմադրելու չափ զինական որոշ ՄԻՋՈՑՆԵՐ:

Պայքարի մէջ կարելի չէ անտեսել պահին ու ժամանակին պահանջը, առարկայական տուեալները, մարդկային կենսական կարիքները: Կարճ կեանքի չոր իրականութիւնը եւ անոր պարտադրած հրամայականները, որոնք անխուսափելի կը դարձնեն գործնականութիւնն ու շրջահայեցութիւնը:

Մեր օրերուն վարժարան պահելը ձեւով մը պայմաններուն դէմ ըմբոստացում է, որուն համար հաւատքի նախապայմանէն ետք, առաջնային նոյնքան կարեւոր պէտք մըն է եւ ամբողջ գաղութին  պարտքը  համընդհանուր ուժերու կեդրոնացումով  համապատասխան  ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ստեղծումը:

Երէկ հաւատքը կար, որուն շնորհիւ յիսուն եւ շատ աւելի տարիներէ ի վեր ոչ միայն «դռները կը բացուին», այլ նաեւ քսան տարի առաջ աթենահայերը ոստում մըն ալ  կատարեցին` նախակրթարանի մակարդակը միջնակարգի բարձրացնելով:

Հաւատքը կայ նաեւ այսօր, քանի հայ ծնողներ իրենց զաւակները կը վստահին մեր վարժարաններուն:

Եւ քանի որ կը վստահին` որոշ զոհողութիւններ յանձն առնելով, կը նշանակէ, թէ տարբեր սպասումներ ունին հայկական դպրոցէն:

Տնտեսական ճգնաժամէն անդին ու անկէ անկախ` պէտք է արդարացուին այդ սպասումները, որոնք, ըստ էութեան, գոյութեան իմաստը կը կազմեն հայկական դպրոցին եւ անոր պահպանման համար ի գործ դրուած բազմաբնոյթ ջանքերուն:

«Երբեք պիտի չգոցուին այս դռները»:

Առաջնորդին այս վճռակամութիւնը լսեցին ու անով  լեցուեցան անոնք, որոնք դռնէն ներս են արդէն, դուռը չգոցելու պայքարին մէջ առաջին գծի վրայ գտնուող ծնողներ` իրենց զաւակներով հանդերձ: Չլսեցին ու անկէ զրկուեցան բացակաները, մանաւանդ` անտարբեր ազգայինները եւ  անոնք, որոնք անտարբեր ըլլալ չեն թուիր թէեւ, բայց իրենք զիրենք կը համարեն վերի արտի բնակիչ:

Անշուշտ եւ վստահաբար  «դռները պիտի չգոցուին», քանի որ անոնք  դռներն են  ամբողջ գաղութին:

Վարժարանները կը սնանին գաղութով եւ գաղութը` վարժարաններով:

Այսօրուան օրահրամանը եւ անյետաձգելի գերակայ խնդիրը օրէ օր սաստկացող նահանջն է հայախօսութեան եւ ընդհանուր առումով հայակրթութեան, որուն համար իսկ են այդ դռները:

Նահանջը կասեցնելու թուլակամութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ եւ քիչ մը ամէն տեղ բացայայտ է ու անպատճառաբանելի: Հոս` մեղքի բաժին ունինք բոլորս, բայց մանաւանդ ունին անոնք, որոնք կոչուած են հայակրթութեան պատասխանատուութեան:

Հայախօսութեան զարկ տալու եւ հայակրթութիւնը ամրացնելու պահանջին մէջ եւս ըլլանք նոյնքան անխախտ ու անզիջող, որքան` «Երբեք պիտի չգոցուին այս դռները» վճռակամութեան մէջն ենք:

Այսօր  այսքան: Վերամուտի մեր խոհերը չաւարտեցինք տակաւին…

Աթէնք
16 սեպտեմբեր, 2012

Նախորդը

Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կը Տեղեկացնէ Իր Խորհուրդները Վերադասաւորելու Մասին

Յաջորդը

Մաշտոցի Զինուորագրեալներու Շարքերը Ինչո՞ւ Տակաւ Կը Նօսրանան (Կրթական Խորհրդածութիւններ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.