Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2016-ի Միջազգային Ողիմպիական. Հայաստանի Ճատրակի Ֆետերասիոնը Ցարդ Չի Գիտեր, Թէ Հայրենի Հաւաքականը Պիտի Մեկնի՞ Պաքու, Թէ՞ Ոչ

September 26, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին համաձայն, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը ցարդ չի գիտեր, թէ հայրենի հաւաքականը պիտի մեկնի՞ Պաքու, թէ՞ ոչ` հոն մասնակցելու համար 2016-ի Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին:

Թէեւ այդ ողիմպիականին համար տակաւին չորս տարի կայ, սակայն հայկական խումբին անդամները յայտարարեցին, որ ներկայ պայմաններուն մէջ իրենք չեն կրնար Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին մասնակցիլ: Սակայն եթէ չորս տարի ետք կացութիւնը փոխուի, անոնք կրնան մասնակցիլ, կը յայտնէ հայկական աղբիւրը:

Նախորդ շաբաթավերջին Ազրպէյճանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Մայիր Մամետով extratime.az-ին յայտնած էր, որ ինք վստահ է, որ Հայաստանի հաւաքականը պիտի մասնակցի Պաքուի ողիմպիականին:

«Ուշադիր կը հետեւիմ տարբեր հարցազրոյցներուն, որոնք յաջորդեցին Պոլսոյ ողիմպիականին: Որոշ հարցազրոյցներու մէջ ափսոսանք կը յայտնուի, որ 2016-ին հայ ճատրակ խաղացողները պիտի չմասնակցին Պաքուի 2016-ի ողիմպիականին, այնպէս մը, որ անիկա կատարուած իրողութիւն մըն է: Կու գամ ըսելու, որ ատիկա իրականութիւն չէ: Մինչեւ այդ թուականը երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կրնան փոխուիլ», chess-news.ru կը մէջբերէ Մամետովի խօսքերը:

Ան կը զարմանայ այն բանին համար, որ մարդիկ ինչո՛ւ կ՛ափսոսան, որ Հայաստանի հաւաքականը պիտի չմեկնի Պաքու, անդին նոյն զգացումը չեն ցուցաբերեր Ազրպէյճանի հաւաքականին նկատմամբ, որ շատ հաւանաբար չմասնակցի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն:

«Միայն ա՞յն պատճառով, որ Հայաստան ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացաւ: Կրնայ պատահիլ, որ Ազրպէյճան եւս այդ իրագործումը կատարէ եւ կամ բարձր մակարդակի խմբային մրցաշարքի մը տիտղոսին տիրանայ: Սակայն ես վստահ եմ, Հայաստան պիտի մեկնի Պաքու», եզրափակած է Մամետով:

Նշենք, որ Ազրպէյճան երբեք չէ հանդիսացած ախոյեան Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին, որ տեղի կ՛ունենայ 1927-էն սկսեալ:

 

 

 

Նախորդը

Ճատրակ Կրան Շլեմի. «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ

Յաջորդը

Մասնակցութեամբ 8 Խումբերու 2-9 Հոկտեմբերին` Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 22-րդ Արաբական Մրցաշարքը

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.