Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԱՊԵՐԸ ՏԺԳՈՅՆ ԿԸ ՄՆԱՆ

April 22, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալոն Պեն Մէյիր, Նիւ Եորքի մէջ Համաշխարհային հարցեր կեդրոնի դասախօս «Ճերուզալեմ փոսթ» թերթին տուած յօդուածի մը մէջ կը պնդէ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի դիմագրաւած նոյն բազմաթիւ մարտահրաւէրները կրնան ծառայել երկու երկիրներու մերձեցումին եւ յարաբերութեանց վերահաստատումին:

Այս յարաբերութիւնները ծայրայեղօրէն դառն եղան Տաւոսի ծանօթ դէպքէն ետք, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսը հրապարակաւ պախարակեց Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ անցեալ տարի կատարուած իսրայէլեան ուժերու տխրահռչակ յարձակումին համար, որուն պատճառով 9 թուրք գործիչներ սպաննուեցան:

Պեն-Մէյիր հետապնդած տրամաբանութիւնը անշուշտ հասկնալի է: Տրուած ըլլալով, որ երկու երկիրները միացնող գործօններ կան, ինչպէս միակ ժողովրդավարութիւնները` ընդհանրապէս միապետական մթնոլորտի  մէջ, անոնք պէտք է կարենան լուծել տարակարծութիւնները, որպէսզի ոչ միայն նպաստեն երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շահերու, այլեւ` կայունութեան շրջանի մը, որ հետզհետէ աւելի կը մխրճուի քաղաքական եւ ընկերային տագնապներու մէջ` առանց հորիզոնին վրայ երեւցող լուծումի մը:

«Շրջանային անհանդարտութեան, տակնուվրայութեան ծիրին մէջ եւ երկու կողմերու այն գիտակցութեան, թէ պէտք է առաջ նայիլ, ներկայ պահը կարելի է օգտագործել հաստատելու համար բարելաւուած յարաբերութիւններու հիմերը», կը յայտարարէ Պեն-Մէյր:

Դժուար է չբաժնել անոր այս զգացումները, նաեւ յստակ է, որ երկու երկիրներուն մէջն ալ այսօր կան դիւանագէտներ եւ այլ պաշտօնատարներ, որոնք կարելի եղածին չափ շուտ կ՛ուզեն տեսնել այս մերձեցումին նուաճումը: Նոյնիսկ Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխ նախարար Տանի Այալոն` յարաբերութիւններու վատթարացման նպաստած բանալի անձնաւորութիւններէն մէկը, իբր թէ Պրիւքսելի մէջ եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնին վերջերս ըսած է, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա պէտք է դադրին զիրար մեղադրելէ եւ, փոխարէնը, աշխատին յարաբերութիւնները վերահաստատելու:

Սակայն հարցումը նոյնը կը մնայ: Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է նուաճել, երբ զգայնութիւնները նոյնը կը մնան երկու երկիրներուն մէջ ալ, ուր փոխադարձ թշնամանքը հանրային մարզին հասած է:

Խնդիրին լուծումը աւելի կը դժուարացնէ այն պարագան, որ ներկայի հարցերու վիճակը արագօրէն սթաթիւսքոյի կը վերածուի` փոխանական կապերու սերտացումին նպաստելու: Այլ խօսքով, այս անել կացութիւնը, անշարժութիւնը յաղթահարելու համար քուլիսային դիւանագիտութենէն եւ քաղաքական բարի կամեցողութեան շարժուձեւերէն աւելի անհրաժեշտ է:

Մինչ հարցերը կը մնան, քուլիսային դիւանագիտութիւնը ատենէ մը ի վեր կ՛ընթանայ, սակայն` ապարդիւն:

Քարմել լերան հրդեհը մարելու նպատակով Իսրայէլի տրամադրուած թրքական օգնութիւնը, դեկտեմբերի սկիզբը, այլ գետնի վրայ, շօշափելի արդիւնք մը չտուաւ յարաբերութիւնները բարելաւելու առումով` հակառակ այս քայլը իբրեւ քաղաքական բարի կամեցողութիւն ներկայացնելու Էրտողանի կառավարութեան ձգտումին:

Նկատի առնելով այս մթնոլորտը, չի թուիր թէ մերձեցումը մօտիկ ապագային կը նուաճուի:

Առանց նկատի առնելու, թէ ոմանք այժմ ի՛նչ նիւթի շուրջը կը վիճաբանին, շրջանին մէջ վերջին զարգացումները եւս երկու երկիրները իրարու չեն մերձեցուցած: Ընդհակառակը, քիթը Եգիպտոսէն դուրս պահելու վերաբերեալ Իսրայէլի ուղղած Էրտողանի զգուշացումը վերստին ամրացուցած է անելը:

Խորքին մէջ եզրակացութիւնը այն է, որ Իսրայէլի հանդէպ Թուրքիոյ կեցուածքը ժայռի նման կարծր մնացած է: Անգարա կը շարունակէ պահանջել, որ Իսրայէլ ներում հայցէ եւ վնասուց հատուցում ընէ պաղեստինցիներու կողմնակից 9 գործիչներու սպանութեան համար, «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ:

Ասիկա թրքական կողմին համար վերածուեցաւ «Սինէ քուա նոն»ի, եթէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն մէջ բնականոնացումի նմանող որեւէ բան պիտի նուաճուի: Այլ կերպ, չկայ թուրք քաղաքական գործիչ մը, պաշտօնատար մը, որ տեսնուի, թէ կը մերձենայ Իսրայէլի, բացի եթէ վերջինս ներում հայցէ եւ սպաննուածներուն համար հատուցում ընէ, մանաւանդ` այնպիսի ատեն մը, երբ կարեւոր ընդհանուր ընտրութիւնները կը մօտենան:

Պեն-Մէյիր «Ճերուզալեմ փոսթ»ի իր յօդուածին մէջ ճշգրտօրէն կը նշէ, թէ «այն ակնկալութիւնը, որ Իսրայէլը քննադատելը կրնայ իբրեւ քաղաքական գործիք ծառայել ընտրական քարոզարշաւի ատեն ջրուած է, տրուած ըլլալով, որ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը թուի, թէ դիւրին յաղթանակ մը պիտի տանի: Թէեւ փաստը, զոր ինք կ՛անտեսէ այն է, որ եթէ Անգարա պիտի տայ այն տպաւորութիւնը, թէ Իսրայէլի կը զիջի` առանց փոխարէնը բան մը ստանալու, ասիկա կրնայ անմիջապէս վերակենդանացնել հակաիսրայէլեան հռետորականութիւնը Թուրքիոյ մէջ, ընտրական քարոզարշաւներ սկսած ըլլան կամ ոչ: Միաժամանակ կը թուի, թէ Իսրայէլի կեցուածքն ալ ժայռի նման կարծր է:

Նեթանիահուի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատալ, որ ներում հայցելը կամ «Մաւի Մարմարա»ի դէպքին համար Թուրքիոյ հատուցում ընելը պիտի նշանակէ յանցաւոր ըլլալը ընդունիլ: Իսկ ատիկա կրնայ նախընթաց մը ստեղծել Իսրայէլի եւ անոր պաշտպանական ուժերուն դէմ: Հետեւաբար քիչ թիւով դէտեր կ՛ակնկալեն Իսրայէլէն այդպիսի քայլ մը:

Այս հարցէն բացի, թէեւ, կայ այն փաստը, որ իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը հաստատօրէն կը հաւատայ, որ «Մաւի Մարմարա»յի դէմ կատարուած յարձակումը ամբողջովին արդարացուած է եւ, ուրեմն, այս հարցին գծով Թուրքիոյ առջեւ տեղի տալը իրենց երկրին համար նուաստացուցիչ պիտի ըլլայ: Ասիկա շատ յոյս չի ներշնչեր, որ երկու երկիրները «խելքի կու գան», Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ շարունակուող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ եւ «տրամաբանական կը գտնեն»:

Միաժամանակ աւելի քան ակներեւ է, որ շրջանին մէջ զարգացումները, իրադարձութիւնները ե՛ւ Թուրքիան, ե՛ւ Իսրայէլը անակնկալի մատնած են: Այլ խօսքով, հարցերը ծրագրուածին պէս չեն ընթացած ցարդ, այնպէս` ինչպէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի մեծ նախագիծն էր շրջանին համար:

Այսուհանդերձ, Թուրքիա ինքնավստահ է, որ շրջանին մէջ կարող դերակատար է, ոչ միայն իր իսլամական նկարագիրին համար, այլեւ` անցնող քանի մը տասնամեակներուն զարգանալով դէպի այն ուղղութիւնը, զոր Միջին Արեւելքի ժողովուրդները կ՛ուզեն, որ իրենց երկիրները ընթանան:

Մինչ Իսրայէլ կը մնայ անհպելի անձեռնմխելի, որուն մեկուսացումը կ՛աւելնայ վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ եւ ատոնց պատճառով:

Փոխանակ այս զարգացումներուն լոյսին տակ իր քաղաքականութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու, որպէսզի դիւրացնէ շրջանին մէջ յաւելեալ կայունութիւնը, Իսրայէլ, ըստ այդ երկրին մէջ ապրող արեւմտեան դէտերու, հակառակ ուղղութեամբ կ՛երթայ: Այլ խօսքով, հետզհետէ աւելի զինուորականացած երկրի մը կը վերածուի` բառին մտային եւ ֆիզիքական առումով:

Այս կը նշանակէ, որ Իսրայէլ իր դիմագիծով աւելի եւ աւելի ներամփոփ եւ աջակողմեան կը դառնայ, բան մը, որ նշմարելի է պաղեստինցիներէն գողցուած հողերուն վրայ հրէական բնակեցման վայրեր կառուցելու ծրագիրին հանդէպ իր արհամարհող, յանդուգն կեցուածքով: Իսկ այս մօտեցումը դժուար թէ նպաստէ, իսրայէլի շրջանային մեկուսացումի նուազեցումին, ինչ խօսք` նաեւ օգնելու Թուրքիոյ հետ մերձեցումի հոլովոյթին: Հետեւաբար մեկուսացուելու նոյն մտահոգութիւնը բան մըն է, զոր Թուրքիա չի բաժներ, նոյնիսկ եթէ շրջանային այլ հարցերու մէջ համակարծիք ըլլայ անոր:

Սառոյցը հալեցնելու միակ ձեւը, ուրեմն, Իսրայէլի համար «Մաւի Մարմարա»ի դէպքին առնչութեամբ «փամփուշտը խածնելն» է:

Թէեւ ասիկա շատ անհաւանական է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Պեն-Մէյիրի լաւ նպատակով ցանկութիւնը` տեսնելու Թուրքիան եւ Իսրայէլը հաշտուած, Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ցաւօք բաղձալի մտածողութենէ աւելի չէ այս հանգրուանին:

ՍԵՄԻՀ ԻՏԻԶ

«Զաման»

Նախորդը

ՄԻՋԻՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Յաջորդը

ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ ԿԸ ՍՐԲԱԳՐԷ ԵՒ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՑՆԷ. ՈՉ ԹԷ ՇՓՄԱՆ ԳԻԾ, ԱՅԼ ՍԱՀՄԱՆ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.