Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք Խնդակցութեան. Անկախ Հայաստանին (21 Սեպտեմբեր 1991)

September 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համայն հայութեան երազն էր ունենալ ազատ ու անկախ հայրենիք մը: Ինչո՞ւ ուրիշ ազգեր ունենան հայրենիք անկախ, իսկ հայը չունենայ: Դարեր ու դարեր բզքտուած հայաշխարհ մը, թշնամի վայրագ ցեղերու արշաւանքներէն ճզմուած մեր Հայաստանը: 20-րդ դարուն գործադրուած ցեղասպանութեան զոհը: Վերջապէս իր ուժերը հաւաքած եւ իր անկախութիւնը կերտած հայ ժողովուրդ մը, մշտնջենական Արարատի փէշերուն: 1918 մայիս 28: Յետո՞յ: Շարունակութիւնը բռնակալութեան տենչին: Կը լսուի ձայն մը` խորթ ու խռպոտ: Կը ճզմուի մանուկ Հայաստանը, անկախութեան քաղցրութիւնը նոր ճաշակած մեր հայրենիքը, որ դարձեալ եղած էր «թշուառ, անտէր, մեր թշնամեաց ոտնակոխ»:

Փա՛ռք Աստուծոյ: Երկար երգեցինք «Զի Աստուած ընդ մեզ է»: Հաւատանք թէ ոչ, Աստուած մեզի հետ էր…

70 տարիներ շարունակ ազգային ու ցեղային ժառանգութեան կորուստ: Քանդուած տաճարներ, պղծուած սրբութիւններ, եւ` «Պրոլետարներ ամբողջ աշխարհի, միացէ՛ք»: Սովետն է տէրը աշխարհի: 15 ազատ երկիրներուն տիրապետած համայնական իշխանութիւն: Հայաստան, երկիր դրախտավայր, ո՞ւր մնացիր դուն: Այդ դժբախտութիւնն ալ անցաւ: Անցա՞ւ… Այո՛ գոչենք ազգովին ու երգենք.

«Յառաջ, նահատակ ցեղի անմահներ»:

Սփիւռքացած հայը, օտար երկինքներու տակ իր մնացորդացը պատսպարած հայը, աչքերը յառած դէպի երկիր վերադառնալու ճամբաներուն, կարօտի երգը կ՛երգէր` դիմելով հայոց-աշխարհի կռունկին.

«Կռունկ, մեր աշխարհէն, խապրիկ մը չունի՞ս…
… Թողնել եկել եմ, միրգերս ու այգիս, կռունկ…»:

Երգով երազեցինք մեր հայրենիքը: Հայրենիքի մեր եղբայրները գուցէ զարմանան մեր հայրենասիրութեան, մեր կարօտին: Կը զարմանան, որ հայրենասիրական երգեր սորված ենք մեր մանուկ հասակէն: Եռագոյնը բարձր պահած ենք: Հոգեկան ու ոգեկան հայրենիք շնչած ենք միայն: Սովետը արգիլած էր լսել արտասահմանցի հայուն ձայնը, տենչը, ազգային ժառանգութիւն պահպանելու հաւատքը: Միջին Արեւելքն էր մեզ պահողը, մեզի ազատութիւն շնորհած այս աշխարհը, ուր սորվեցանք մեր լեզուն, երգեցինք մեր երգերը, անոնցմով կարողացանք ներշնչել սերունդները: Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, հայոց պատմութիւնը մեր դասացուցակներուն պանծալի պահերը եղան: Պէ՞տք է յիշել արդեօք այն երգերը, կոմիտասեան թէ գուսանական, ժողովրդային թէ յեղափոխական երգերը, որոնցմով սնանեցանք վերջին հարիւր տարիներուն:

Յիշենք երգ մը, որուն հեղինակը անծանօթ է մեզի, եւ որ Եղեռնէն մազապուրծ սերունդին շուրթերէն լսեցինք, մենք ալ երգեցինք.

«Տիգրանակերտ, Մուշ, Պայազիտ, դէպի Վան,
Ուղարկէին հայոց զօրքեր պահապան:
Մէկ տեսնէի Կարին նստած հայ իշխան,
Հայ տառերով գրէր հայուն հրաման»:

Շարունակելի է երգը` բաղձանքի, ափսոսանքի եւ յոյսի տողերով:

Վերջապէս: Ունեցանք մեր երկիրը` անկախ, հեռու բռնաբարումէ:

«Մենք ենք, մեր սարերը»…

Անցած են արդէն 20 եւ աւելի տարիներ: Ունեցանք հանրապետութիւն եւ խորհրդարան: Սփիւռք-հայրենիք կապը սերտացաւ: Հայաստան ամէն բանէ վեր նշանաբանը մեր առօրեայ հաւատամքը դարձաւ: Չի բաւեր սփիւռքի սրտակցութիւնը, աջակցութիւնը, դէպի հայրենիք իր այցելութիւնները ոչ միայն զբօսաշրջային ծրագիրով, այլեւ` հայրենիքը կառուցելու կամքով: Այսօր սփիւռքահայը պահանջելու պէս կը խնդրէ հայրենի ժողովուրդէն. մի՛ լքէք Հայաստանը, օտար ափերը հանգստաւէտ չեն: Պէտք է դիմանալ եւ հզօրանալ: Պէտք է սրբագրել թերիները: Պէտք է վերադարձնել հայուն բարոյական արժանիքները, հեռու` կաշառքէ, փտածութենէ, մոռնալ խորհրդային կարգերուն սերմանուած բարքերը: Հայը աշխատասէր է, կրնայ «քարէն հաց հանել»: Կը բաւէ փախուստը: Թուրքը կ՛ուրախանայ մեր թիւին նուազումէն: Հայե՛ր, խելքի եկէք: Չէ՞ք տեսներ մեր տառապանքը: Երէկ Լիբանանն էր, որ տակաւին ամբողջովին չէ բուժած իր վէրքերը: Այսօր Սուրիան է: Ո՞վ պիտի բուժէ մեր ցաւերը: Հայրենիքը կրնա՞յ պատսպարել, ապահովել մեր աղէտահար հայրենակիցները: Ո՞ւր մնացին Իրաքի` այդ բարգաւաճ եւ հինաւուրց գաղութին զաւակները: Եգիպտոս… գիտէք անոր երէկը եւ այսօրը: Հզօրացի՛ր Հայաստան: Հայ մարդ, աչքերդ նային քու սեփական հողիդ: Մշակէ՛ արտդ ու այգիդ: Հայոց լեռները կարօտ են բազուկիդ ուժին: Անկախութիւնը միասնականութեամբ կը զօրանայ: Հայրենիքը կարօտը ունի համերաշխութեան:

Ողջունելի է մեր անկախութիւնը: Մաղթանքներ ունինք մեր սրտին: Կեցցե՛ս Հայաստան, դուն կա՛ս ու կը մնաս յաւերժական երթով: Տկարութիւնը հեռու մեզմէ: Կը մաղթենք, որ մեր հայրենիքին ղեկավարները ըլլան իմաստուն, զգան ցաւը ժողովուրդին: Ապրին գիւղացիին եւ շինականին հոգերով, այն գիւղացին, որ երբ տեսաւ յարձակող թշնամին, «Դաշտը թողուց, սուր, հրացան բահի տեղ առաւ», իր կեանքը զոհեց յանուն ազատութեան:

Հայաստանը միայն Երեւան, մեր լոյսի քաղաքը չէ: Հայաստանը են նաեւ գիւղերը: Ջուր տանք մշակին, որ ցանէ ու հնձէ առատ ու զուարթ:

Երիտասարդ է Հայաստանի անկախութիւնը: Ուժ տանք անոր, որ առաւել զօրանայ, հզօրանայ, Արցախին հետ կողք-կողքի յառաջանայ դէպի լուսաւոր ապագայ: Երթը շարունակենք` ծաղկեցնելով Սիսիանը, Կապանը, Գորիսը, Աշոցքը, Խնձորեսկը, Ապարանը եւ…. որպէսզի առաւել ոգեւորութեամբ եւ հաւատքով երգենք.

«Մշակ բանուոր, ռենչպեր աղբերք,
Արիք միանանք, յառաջ գնանք…»:
Թող յաւերժանայ եւ զօրանայ անկախութիւնը Հայաստանի:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնումին Առիթով. Որպէսզի Հայ Պետականութեան Առագաստը Տատանումի Հակամէտ Չըլլայ (21 Սեպտեմբեր 1991)

Յաջորդը

Անկախութեան Ուղին. 1991 Թուականի Սեպտեմբերի 21-ը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։