Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայերը Փարիզի Մէջ Ալիեւը Պէտք Է Դիմաւորեն Որպէս «Կացինաւորներու Պարագլուխ»

September 17, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Երբ Իլհամ Ալիեւ սեպտեմբեր 18-ին ժամանէ Փարիզ, հազարաւոր ֆրանսահայեր Ազրպէյճանի ղեկավարը պէտք է դիմաւորեն պաստառներով` պատկերելով զայն իբրեւ «Կացինաւորներու պարագլուխ» («Bash baltaji»)` արիւնոտ կացինը ձեռքին: Հետաքրքրական է այն, որ երեք լեզուներով ալ` ազրպէյճաներէն, հունգարերէն եւ թրքերէն, «balta» կը նշանակէ կացին:

Բողոքի ընթացքին ֆրանսահայերը պէտք չէ իրենց ուժերը վատնեն անիմաստ կարգախօսներ` «Ամօ՛թ Պաքուին» կամ «Ամօ՛թ Հունգարիոյ» գոռալով: Անոր փոխարէն` անոնք պէտք է հանդէս գան վճռական ուղերձով մը, թէ Արցախը պէտք է ճանչցուի որպէս անկախ պետութիւն, որովհետեւ արցախահայութիւնը չի կրնար գոյատեւել կացինահարող մարդասպաններ փառաբանող բռնատիրական վարչակարգի մը լուծին տակ:

Հունգարիան եւ Ազրպէյճանը ակամայ մեծ օգուտ տուած են հայերուն` արտայանձնելով եւ ներում շնորհելով «հերոս» Ռամիլ Սաֆարովին, որ 2004-ին Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի դասընթացքներու ընթացքին կացինահարելով սպաննեց քնացած իր հայ դասընկերը: Բազմաթիւ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ դատապարտած են Հունգարիան ու Ազրպէյճանը` իրենց նողկալի այս քայլերուն համար: Հայերը պէտք է օգտուին այս ստոր գործէն` հանրահաւաքներ կայացնելով աշխարհի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ, այդ հարցը բարձրացնելով բոլոր միջազգային հանդիպումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ դատական հայցեր ներկայացնելով եւրոպական դատարաններ` ընդդէմ Հունգարիոյ, Ազրպէյճանի եւ ՕԹԱՆ-ի: Այժմ, երբ կացինահարող ոճրագործին ազատ արձակումը յառաջացուցած է համաշխարհային կարեկցանք հայերու եւ ակնյայտ հակակրանք` ազրպէյճանցիներու նկատմամբ, Հայաստան պէ՛տք է օգտուի բացուած այս նեղ եւ կարճատեւ պատուհանին ընձեռած հնարաւորութենէն` ճանչնալու համար Արցախի անկախութիւնը եւ կոչ ընելու այլ երկիրներու` հետեւելու իր օրինակին: «Google»-ի որոնումը կը բացայայտէ, թէ վերջին տասը օրուան ընթացքին այս թեմային շուրջ գրուած են միլիոնէ աւելի յօդուածներ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը` յօգուտ Հայաստանի եւ ընդդէմ Ազրպէյճանի:

Հայերը պէտք է աշխարհին բացատրեն, թէ ապարդիւն է խաղաղ բանակցութիւններ վարելը Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, որոնք միջազգային պայմանագրերուն հետ կը վերաբերին այնպէս, որ կարծէք արտաքնոցի թուղթ ըլլային անոնք: Վերջին ամենաթարմ օրինակը Ազրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարարի օգոստոս 15-ի նամակն է` ուղղուած իր հունգարացի գործընկերոջ, ուր վերջինս հաւաստիացուած է, թէ Սաֆարովը Պաքուին արտայանձնելու պարագային` ան ազատ պիտի չարձակուի: Երկու շաբաթ անց կացինահարողը ոչ միայն ազատ արձակուեցաւ, այլեւ ստացաւ պաշտօնի բարձրացում եւ պարգեւատրուեցաւ «Պալթաճիներու պարագլուխ»-ին կողմէ, որ սորված է թուրք ղեկավարներու` ոճրագործները փառաբանելու եւ արձանագրութիւններուն հետ իբրեւ անպէտք թուղթի կտորի վերաբերելու փորձէն:

Սակայն թրքական իշխանութիւնները այնքան ալ բուռն ցանկութիւն չունին իրենց անունները կապելու Ալիեւ կրտսերի գարշելի կեցուածքին հետ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը` պնդելով, որ Թուրքիան ոչ մէկ կապ ունի Հունգարիայէն Սաֆարովի արտայանձնման հետ, թէեւ Պաքու ժամանելէն ետք մարդասպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած էր Թուրքիոյ աջակցութեան համար: Անկախ անոր ճշգրտութենէն` թրքական յայտարարութիւնը եւս կը հաստատէ, թէ Ազրպէյճան մեկուսացուած է աշխարհէն եւ լքուած մեծ պետութիւններուն` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ, որոնք բոլորը դատապարտեցին Սաֆարովի ազատ արձակումը:

Յուսահատաբար, Ազրպէյճանի անվտանգութեան ծառայութիւնները յօրինած էին ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ (Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակ) ազրպէյճանցի պաշտօնեաներուն սպառնացող կեղծ նամակ մը, որպէսզի Ալիեւ կարենայ ձեռք ձգել համաշխարհային հանրութեան կարեկցանքը: Կեղծուած նամակը այնպիսի՛ յայտարարութիւններ կը պարունակէր, որոնցմով ոեւէ հայ երբեք հանդէս պիտի չգար, ինչպէս, օրինակ, պնդումներ, որ իբր թէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ջարդուած է ընդամէնը 600 հազար հայ. կեղծ թիւեր, որոնք կը շրջանառուին ժխտողական քաղաքականութիւն վարող թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ: Ոեւէ հայ զոհերու ահռելի թիւը 1.5 միլիոնէն չի՛ նուազեցներ 600 հազարի: Ի պատասխան այս կեղծիքին, ԱՍԱԼԱ-ն յայտարարութիւն տարածեց` հերքելով նամակին իսկութիւնը: Ազրպէյճանցիներու այս խարդախ գործողութիւնները հաւաստի կը դարձնեն այն զրոյցները, թէ Ազրպէյճան կրնայ որոշել «վերացնել Սաֆարովը»` իր «ազգային հերոսը», անոր սպանութեան հարցով մեղադրելով հայերը:

Ճակատագիրի հեգնանքով, Հայաստան անցեալ կիրակի օր պարտութեան մատնեց Հունգարիան` դառնալով Պոլսոյ մէջ կայացած Ճատրակի համաշխարհային Ողիմպիականի ախոյեան: Ազրպէյճան գրաւեց 10-րդ, իսկ Թուրքիան` 48-րդ դիրքը: Հայերը իսկապէ՛ս պէտք է հպարտանան այս աներեւակայելի յաղթանակով (երրորդ անգամն ըլլալով), սակայն անոնք պէտք է ձեռնպահ մնան այլ երկիրներու ժողովուրդներուն մասին վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելէ: Բոլոր ազգերու մէջ ալ կան լաւ եւ վատ մարդիկ: Հունգարիոյ, Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն հանդէպ վատ զգացումներ տածելու փոխարէն` հայերը պէտք է ընդդիմանան անոնց, որոնք կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, կ՛արտայանձնեն քրէական յանցագործը կամ կը փառաբանեն կացինահարող մարդասպանը:

Ամերիկայի ազրպէյճանական ընկերութեան նախագահ եւ «Փեքս Թուրքիսա» հիմնարկի հիմնադիր Թոմրիզ Ազերի «Նիուզ» կայքին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցի մը մէջ խորհուրդ կու տայ ինծի, Թուրքիան քննադատելու փոխարէն, օգնել Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու: Ազերի յայտարարած է. «Ես անկեղծօրէն կը մաղթեմ, որ մինչեւ մէկ այլ թրքատեաց ներբող մը հեղինակելը, պարոն Սասունեան վերլուծէ, թէ ի՛նչ կարելի է ընել հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար»: Իմ խորհուրդն է Թոմրիզ Ազերիին` չժխտել անցեալի ոճիրները, չգործել նորերը` կացինով կամ առանց կացինի, ապա` հետամուտ ըլլալ խաղաղ լուծումներու, այլ ոչ թէ ցեղապաշտական հակահայկական զանգուածային «հիսթերիա» հրահրել «Bash Baltaji»-ին եւ անոր համախոհներուն կողմէ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Նախորդը

Առի-ի Ներդրումով Յակարիի Ափին Գիւղ Է Կառուցուելու. Լիբանանահայ Գործարարները` Արցախի Հիւսիսում

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ղազարեան Եւ Մխիթարեան Կոլ Նշանակեցին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.